Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է.

Կը հասնիմ խօսելու վերջապէս գրքին ոճին ու յօրինուածին մէկ կարեւոր յատկութեան վրայ, զոր գնահատեց սրատես Քննադատը («Բիւզանդիոն», 3050), եւ որու սակայն արժէքը կրնար լաւ եւս ի յայտ բերուիլ յօգուտ այլոց: Եւ ատիկա՝ գրքին վերագրեալ ճապաղութեան բոլորովին հակոտնեայ բան մ’է, ճիշտ ինչպէս որ գրքին յստակութիւնն ու բնականութիւնն ալ զոր ցուցուցինք՝ ներհակն էին մթութեան ու կեղծիքին զոր անոր ընծայեցին: Կ’ուզեմ խօսիլ այն Միութեան վրայ, որ կը տիրէ ինչպէս իւրաքանչիւր հատուածի մէջ իբր գլխաւոր գաղափար մը, իւրաքանչիւր գլուխի մէջ իբրեւ ընդհանուր գաղափար մը՝ նոյնպէս եւ գրքին մէջ՝ իբրեւ համասեռ (homogène) էութիւն մը: Բայց դժբախտաբար այս գեղեցիկ հանգամանքը խառն է տեսակ մը թերութեամբ զոր պէտք է նոյնպէս ցոյց տամ: Միութիւն եւ կապ նոյն բաները չեն. կապն անպատճառ չի միացներ եւ միութիւնն անպատճառ չի կապեր: Միութիւնն հեղինակին անկեղծութենէն, ճշմարտութենէն, անոր հոգիէն բղխած առաւելութիւն մ’է ուր կամքը կրնայ դեր ունեցած չըլլալ. իսկ կապն արուեստ մ’է, որ կամք ու գիտակցութիւն կը պահանջէ: Ուստի երկի մը համար աւելի կենսական է միութիւնը, որ ի հարկին կրնայ կապի պէտք չունենալ. մինչ կապն ինքնին անբաւական է, եւ առանց միութեան՝ կապն անշուշտ անբնական, բռնի բան մ’է, արուեստակում մ’է, երբ կ’ուզուի անով միութիւն յառաջ բերել. կամ դիւրին, դիպուածական, ինքնեկ բան մը՝ երբ մտապատկերներու աննպատակ, ձգտումնազուրկ, անիմաստ շարք մը կը թողուի գոյանալ, ինչպէս սովորական երազանքները կ’ըլլան: Բայց «Ներաշխարհ»ի պէս գրքի մը մէջ, ուր խիստ այլազան նիւթեր կան, միութեան չափ անհրաժեշտ է կապն ալ, զայն աւելի սերտ եւ դիւրըմբռնելի ընծայելու, զայն իրականացնելու եւ անոր քայքայական երեւոյթը բառնալու համար: Այսպիսի գրքի մը մէջ է որ հեղինակի մը տաղանդն ասպարէզ ունի շարադրական ճարտարութեանց: Պէտք է որ իր այլազան նիւթերն իրարու կապէ անզգալի փոխանցումներով, որք ըլլան նոյնքան նիւթեր՝ որքան են միւսները. նո՛յնքան հարազատ, նոյնքան իրական: Այս կարգադրութիւնն ա՛յնքան դժնդակ է՝ որքան աւելի տաղանդի գործ է քան հանճարի: Ամենաբարձր արուեստագէտին արժանի ճարտարութիւն մ’է: Ասոր համար է որ մինչ միութիւնը կը տիրէ «Ներաշխարհ»ին մէջ՝ կապը սակայն, կատարեալ կապը կը տեսնուի գրեթէ միշտ պարբերութեանց միջեւ, նուազ յաճախ՝ հատուածներուն միջեւ, եւ երբեմն՝ գլուխներուն միջեւ: Այն միջոցներուն մէջ ուր կապը կատարեալ չէ՝ այսինքն շատ խորին այլ բացայայտ, եւ շատ ճակատագրական չէ՝ կազմուած է արտաքին նմանութեամբ մը, կապուող նիւթերուն հասարակաց դիպուածական իրով մը: Այսպէս՝ Ա. գլուխը Բ. ին կատարելապէս կապուած է. Ա. ը Գ. ին՝ գոհացուցիչ կերպով մը, բայց ոչ կատարելապէս. Գ. գլուխը Դ. ին կապուած է կատարելապէս. Դ. ն Ե. ին՝ տկար կերպով. կամ մանաւանդ շատ ներքին կապով մը որ անզգալի մնացած է բաղդատմամբ դիպուածական ու երեւութական կապի մը (զանգակները, եկեղեցին): Ե. գլուխը Զ. ին՝ կատարելապէս. Զ. ն Է. ին կապուած է շատ քիչ արուեստով. զի եթէ Բուրգերը կեանքի փառաբանութիւն մը համարուած ըլլային՝ կատարեալ կապ մը գտնուած պիտի ըլլար. նիւթերուն եգիպտականութիւնն անբաւական է զանոնք իրապէս կապելւ: Է. գլուխը Ը. ին կապուած է խորապէս, բայց ոչ կատարելապէս: Այս գլուխները պիտի լաւ եւս իրարու զօդուած ըլլային եթէ իրենց նիւթերը լաւ եւս իրարմէ բղխէին կամ իրարու յանգէին, եւ մանաւանդ եթէ Ինտրայի Եսին իւրաքանչիւր գլխաւոր ձգտումը ներկայացուած ըլլար իւրաքանչիւր գլուխով, եւ մէն մի գլխու ընդհ. գաղափարն առանձին մնացած ըլլար գրքին մէջ, եւ ոմանք իրարու մէջ ձուլելի չըլլային: Արդ, Ա. գլուխին ընդհ. գաղափարն է՝ Անհունին զգայութեան համար Առանձնութիւն: Բ. ինն է՝ Երկնից խաւարմամբ մահուան բաղձանք, Երկնից պարզումով՝ կեանքի եւ յաւերժութեան: Գ. ինն է՝ Լոյսը, ժպիտ Անհունութեան: Դ. ն ցոյց կուտայ Մասնաւոր Արտաշխարհն իւրացնել չկրցող Ընդհանրական հոգւոյն բաղձանքն անկէ իւրացուելու, եւ տխուր ներբողը կ’ընէ Յիմարութեան որ կ’իւրացնէ ու կ’իւրակերտէ անկաշկանդ, եւ խորապէս կը ձգտի դէպ ի Միութիւն, դէպ յԸնդհանրութիւն. մէկ խօսքով՝ Ընդհանրականութեան երանութիւնն ու Մասնաւորութեան ցաւը: Ե. գլուխին ընդհ. գաղափարն է Անհունին զգայութեամբ Քաւութեան բաղձանք: Զ. ինն է Անէութիւնն ու Ամենայնը: Է. ինը՝ Տիեզերապաշտ կեանքն է: Ը. ինն է Սէր եւ անով պաշտամունք Յաւերժութեան: Խորին միութիւն մը ներկայացնող այս գաղափարք կրնային աւելի բազմաթիւ ըլլալ, այնքան որքան սակաւաթիւ. այս վերացեալ գաղափարներուն մէջ որո՞նք են այն point culminantները զո՛ր միայն առնելով բոլոր միւսներն ալ առած ըլլար հեղինակն՝ իբրեւ ընդհանրագոյն ամփոփիչներն իր ձգտումներուն: Ինտրա այդ ընտրութիւնը չընելու թերութիւնը գործած է: Երկ մը կրնայ գաղափարաց թիւ մը ներկայացնել, պայմանաւ որ անոնք ըլլան զոր օր. երկրորդութիւն մը, երրորդութիւն մը, եւն. այսինքն ըլլան անփոխանակելի եւ անփոքրելի (irréductibilité) տեսքերը կամ պարագայացումները միակ մեծ գաղափարի մը: Այսպէս, եթէ Սէրն ըլլար ընդհանրագոյն գաղափարն երկի մը՝ Տռփանքը, Ամուսնական Սէրն եւ Միսդիք սէրը կրնային դրուիլ իբր անոր պարագայացումները, որոց ո՛չ մին պիտի կրնար միւսին հետ փոխանակուիլ կամ եւս աւելի փոքրիլ. եւ որոց թիւը պիտի ըլլար ի Սէր ամբողջացած երրորդութիւն մը: «Ներաշխարհ»ի գլուխք այսպէս չեն բոլորովին. կրնայ մին միւսին տեղը բռնել. ոմանք կրնան այլոց հետ ձուլուիլ, եւ այլք կրնան ստորաբաժնուիլ. ոմանք կրնան վտարուիլ: Ինտրա պարտէր, զոր օր. իբր բնութենապաշտ որ է՝ մէկ գլխու մէջ ամփոփել ինչ որ կը պատմէ Բնութենէն: Իբր ընկերային մարդ որ է՝ (անընկերական կամ ոչ) պարտէր զատ գլուխ մը նուիրել իր բարւոքչական հայեացքներուն, իր մենասիրութեան, եւ առանձնութեան ներբողին կամ իմաստասիրութեան: Իբր միսդիք՝ պարտէր իր կրօնակերպ յոյզերը դնել ուրիշ գլուխի մը մէջ: Եւ վերջապէս պարտէր իր Սէրն ալ զատ պատմել իբրեւ տարփաւոր: Այսինքն հարկ էր որ Ինտրա ինքզինքը ցոյց տար մեզ հանդէպ Իռենային. հանդէպ Ընկերութեան. հանդէպ Բնութեան, հանդէպ Յաւիտենականին: Եւ թո՛ղ դարձեալ գլուխներն իրարմէ տարբեր պարունակէին, բնականաբար. եւ ո՛չ մէկուն գլխ. գաղափարը խստիւ առանձնացուէր իրեն յատկացուած բաժնին մէջ, ամբողջութեան երազանքն ու կեանքը պահպանելու համար: «Ներաշխարհ»ին մէջ յարգուած չէ այսպիսի յօրինուած մը, այս կերպ բաշխում մը: Ինտրայի գիրքն առ առաւելն հարազատ է, բայց անաւարտ. մի է բայց ոչ ամբողջ. կրնայ ամբողջէն աւելի ըլլալ. ինչ որ կը նշանակէ թէ դարձեալ ամբողջ չէ: Շատ բան կայ հոն. բայց ո՛չ լոկ ամենը: Ինտրայի գիրքն անկեղծապէս ինքնաբերուած է, եւ բաւական զննուած չէ. մեծապէս բնական է, բայց բաւական արուեստական չէ: Այս լեռնակոյտը բուրգ մը չարժեր: