Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՇԻՐԱԹՈՒԹԻՒՆ ԻԲՐ ՓՈՔՐԻԿ ԿԻՍԱ-ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՁԵՒ

Աշիրաթութիւնը դաշնակցած Էլեաթներու կառավարութիւն մ՚է Քիւրդերու մէջ. էլեաթը փոքր փոքր շրջաններով, ու իր սահմաններուն մէջ կ՚ապրի իր նահապետական կեանքով, իր առանձին սովորութիւններով, Էլ-աղասիի անմիջական կառավարութեան տակ։

Տնտեսութիւնը, հողային մշակութիւնը, անասնաբուծութեան համար արօտավայրերու բաժանումը, ծագած վէճերու առթիւ դատավարութիւնը, ուրիշ կենսական խնդիրներն եւս, ինչպէս ամուսնութիւնը, ազգակցական, բարեկամական եւ թշնամական յարաբերութիւնները, ի գործ կը դրուին Էլաղասիի հաճութեամբ Էլեաթի շրջանային կենցաղին մէջ. իսկ Աշիրաթական համայնական կառավարութեան համար՝ ունին իրենց առանձին պարտականութիւններն ու իրաւունքները Էլ-Աղասիի միջոցաւ Աշիրաթապետի հետ։

Աշիրաթապետը Աշիրաթական Համայնական կառավարութեան գլուխը կ՚անցնի Էլ-աղասիներու ընտրութեամբ, այսինքն անոնց համախորհրդակցութեամբ ու համագործակցութեամբ։ Արդէն այս աստիճանի վրայ է որ կը դադրի իրենց ցեղականութեան ու ցեղական կառավարութեան սահմանը, եւ չի թեւակոխեր Ազգութեան շրջանը, որովհետեւ կայ ցեղային աւանդական հակառակութիւն ու թշնամութիւն. ազգութիւն կազմելու քայլը կը լինի Աշիրաթութեանց դաշնակցութիւնը, որուն փորձերը միայն եղան քրդական լիգա անունով, որ մնաց լոկ անուն ու գաղափար միայն։