Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԻՒՐԴԵՐԸ Ի ԲՆԷ ԵՒ ԱՅԺՄ ՆԻՒԹԱՊԱՇՏ (Matérialiste)

«Աշխարհիս մէջ հազիւ թէ կարելի լինի քրդականին պէս, աշխարհէ օտարացած երկրորդ ցեղ մը գտնել»։

«Տէր Քրիստլիխէ Օրիէնդ»

Քիւրդը բնաւ հայեցողական կեանք չունի, որքան ալ եւ ի՞նչ պարագաներու մէջ աշխատութիւն թափուած է գրգռել զայն կրօնական մոլեռանդութեամբ, յաջողութեան մը չէ հասած։

Հայկական կոտորածներու ժամանակ՝ Քիւրդերու մաս մը նայած պարագային կը թալանէր եւ կ՚սպաննէր. ուրիշ մաս մը առանց ի նկատի ունենալու դէպքերու քաղաքական բնոյթը, դրամ կ՚ստանար եւ մարդ կը փոխադրէր սահմանագլխէն անդին, ասոնցմէ ամեն մէկը ի նկատի ունէր առանձնապէս շահու լայն ասպարէզ մը։

Բացի այս աշխարհածանօթ իրողութենէն՝ այնու ամենայնիւ մենք տանք քանի մը ապացոյցներ։

Առեւտրականները երկար ժամանակ գործ ունենալով քիւրդերու հետ, ուսումնասիրեր են եւ շարունակ կուսումնասիրեն քիւրդի հոգեբանութիւնը՝ վաճառման գործի մէջ զանոնք համոզելու եւ հաւատ ներշնչելու համար. քանի որ քիւրդը հաշիւ եւ հասկացողութիւն չունենալով, այս պարագային հաւատալու ստիպողականութեան տակ պիտի մնայ առանց այլ եւ այլի։ Եւ ահա պատճառը որ ստեղծած են, եւ շարունակ կ՚ըստեղծեն նոր հաւատք, նոր դաւանանքներ. որովհետեւ հիները թէ նախաքրիստոնէական, թէ քրիստոնէական, եւ թէ մահմետական՝ այլեւս չեն ազդեր ադոնց վրայ։

Ամենայաջողը այն առեւտրականն է որ աւելի հնարամիտ է. Դաւանանքի եւ հաւատքի ստեղծագործութիւնը կը կատարուի երդումով ։

Առեւտրականը իր վաճառքի բոլոր յատկութիւններն, օգտակարութիւնն ու աժանութիւնն բացատրելէ յետոյ, ապացոյցներ գտնել կը պարտաւորուի. եւ այդ վճռական րոպէին հանդիսաւորապէս կ՚արտասանէ նոր դաւանանքը. «Խէրէվէ սիւկե», «Խէրէվէ նանէ» (շուկայի շահը, հացի շահը վկայ)։ Այս նոր դաւանանքը լսած ժամանակ, Քիւրդը կը զարմանայ ու ականջը լաւ մը կը բանայ այդ նոր զօրութեան ու հաւատալիքի մասին՝ որ լսած չունի, եւ որոյ մէջ իրականութիւն կը փնտռէ։ Ու ահա ժամը ուր առեւտրականը կը դիմէ իր նորաստեղծ կրօնի ու հաւատալիքի մեկնաբանութեանը՝ կը բացատրէ Քիւրդին որ շուկայի ու հացի շահը այնպիսի աներեւոյթ եւ միանգամայն իրական զօրութիւն մը է, որուն եթէ երկուքն ալ չը հաւատան, պիտի չըկրնան ապրիլ, եւ մինչեւ անգամ անօթութենէ մեռնին. քիւրդը կը հաւատայ կեանքի կորուստին, հացէ զրկուելու կարելիութեանը. շահի անհրաժեշտութիւնը ու անոր պաշտամունքը կը գտնէ անխուսափելի՝ ու հետեւաբար հաւատալի եւ համոզողական՝ քան բոլոր կրօնների, բարձրագոյն զօրութեանց վերացական ու հայեցողական համոզումները։

Անոնք աչքի առաջ ունենալով ներկային պարզաբանուած ու իրական շահը, այդ կը համարեն հիմնաքար իրենց կրօնական եւ ազգայնական նոր կապերու ու բարեկամութեանը։ Քաշեցիր հիմնաքարը, բոլոր կառուցուած ուրիշ շէնքերը կը փլին։

Քիւրդերը այժմ մահմետական լինելով մէկտեղ, քրիստոնեայ հին ժամանակներէ եւ ազգային կապակցութիւններէ մնացած իբր աւանդական սովորութիւն՝ կ՚երթան հայկական վանքերը ուխտի, բայց առիթը ներկայանալուն պէս կը կողոպտեն այդ վանքերը. որովհետեւ եկեղեցական սպասները անոնց աչքին խորհրդաւորութիւն մը չեն ներկայացներ, այլ հարստութիւն։ Մոկսի մէջ Առնոս սարի գլխին մի շէնքի պատեր կան, որ աւանդական ուխտավայր մը է հայերու ու քիւրդերու համար։ Բայց լեռը ամառներն անգամ ձիւնապատ՝ զարմանալի կը թուի թէ դա ինչ եկեղեցւոյ տեղ է, որու համար հայերը կը պատմեն։      

Մոկսի Մէհտուլլահ պէյը որ լաւ գիտէ հայ լեզուն ու գրականութիւնը, հետեւեր է հայ ազգի ու կրօնի ուսումնասիրութեանը, այս առթիւ կ՚ըսէր։

Այդ բերդը կամ եկեղեցին ոչ այժմեայ հայերունն է, եւ ոչ այժմեայ քրդերունը, այլ այն ժամանակուայ հայերուն՝ որ քիւրդը քիւրդ մնալով, Հայ էր։ Երկուքի ուխտատեղի լինելու պատճառը, երկուքի պատերազմական ապաստանարանի վայրը լինելն է։

Նորէն Մոկսի մէջ՝ Եղերով սարի սրտին կայ այժմ հռչակաւոր Փութկի վանքը՝ Ս. Գէորգ անունով. այդ վանքի մէջ կայ եւ պարզ սենեակ մը որ քիւրդերու ուխտատեղին է, չը նայելով հայերու եկեղեցական փառաւոր շինութեանը, կալուածական սեփականութեանը, հայկական ուխտատեղւոյն խառնուած է եւ քրդականը, պատճա՞ռը. Որովհետեւ ոչ միայն ազգագրական մէկ ճիւղի պատկանելուն համար է միայն այդ միութիւնը, այլ եւ անոր համար՝ որ Փութկին իրական ծառայութիւն մը կը մատուցանէ Հայ եւ Քիւրդ ժողովրդին՝ վտանգաւոր եւ անանցանելի լեռնային ճանապարհներու համար իբր ապաստանի վայր։

Ֆրանսացի «Էրնէստ Շատր» որ գիտական առաքելութեամբ պաշտօնապէս Արեւմտեան Ասիա ճանապարհորդած է, իր «Recherches anthropologiques dans le Caucase» գրքին մէջ հրատարակուած 1882ին՝ կ՚ըսէ։

«Հայաստանի մէջ անոնք աւելի դիւրութեամբ կը խառնուին ժողովուրդներուն՝ որոնց մէջ անոնք կ՚ապրին, որը չեն ըներ վերին Միջագետքի եւ հիւսիսային Սիրիայի մէջ, որոնց ես ուսումնասիրեցի մի քանի ամիսներու ընթացքին»։

Նոր բացատրութիւններ աւելորդ կը դառնան, որովհետեւ պիտի համարուին կրկնութիւններ։