Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՄԱՌՕՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆՔ

Գլխուս վրայ Ես քուկին սպասաւորդ չեմ ։

Ո՞ւր տեսնուինք վաղը Կ ' ուզե՞ս հեռանալ եւ գլուխս չցաւցնել ։

Կբողոքեմ Ա՛հ եթէ կարողանայի չարիք մ ' ընել քեզ ։

Սուրճ մը կ'առնէ՞ք Գործ ունիմ, բաներնիդ գացէք ։

Չէք երեւար կոր Պարտքդ ե՞րբ պիտի վճարես, աղա ։

Կխոստանամ Բան մ ' ալ չեմ կրնար ընել ։

Կրնանք քիչ մը տեսնուիլ Կրնա՞ք ինձի չորս հարիւր ոսկի տալ ։

Ի՞նչ է մեր հաշիւը Այս օրերս չեմ կրնար քեզի ստակ տալ, քիչ մ ' ալ համբերէ ։

Աղան դուրս չելներ կոր Հիւր ընդունելու ժամանակ չունինք ։

ՕԳՈՍՏՈՍ

1 ֊ 9 Օգոստոս

Ջերմութիւնն քիչ մը նուազեցաւ ։

Բոլոր աշխարհ ինք ն զինքը կերուխումի տուած է ։

Առեւտուրները անզգալի կերպով կբացուին ։

Կխնդրեմ սա սեխերը ծով նետեցէք։ Կուրծքի տկարութիւն ունեցողները ծով չը մտնեն ։

10 ֊ 17 Օգոստոս

Զովութիւնը կսկսի, ինչպէս նաեւ հարբուխը ։

Ծովէն ելնելէ վերջը նայեցէք, որ գլուխնիդ չորնայ ։

Առաւօտները անօթի փորանց խաղող կերէք՝ որքան որ կներէ ձեր քսակը ։

Երաժիշտներուն ձայնը աշխարհ բռներ է ։

Խեղճ ձայնաւորներուն ձայնը չելներ։ Եկեղեցի գացող չկայ ։

Մեծ քանակութեամբ պուտրա կսպառի։

18 ֊ 25 Օգոստոս

Սնանկութիւններ ։

Թաղական մը պզտիկ գումար մը կ ' առնէ թաղին սնդուկէն եւ իւր աղջիկը կկարգէ ։

Պատրիարքարան մը քանի մը պաշտօնեաներ կճանբէ, խնայողութեան պատճառաւ ։

Կօշկակար մը քաղաքական յօդուած մը կհրատարակէ ։

Ամպամած, պիտի անձրեւէ ։

25 ֊ 31 Օգոստոս

Զովութիւն. գիշերները մի՛ նստիք ծովեզերքը։ Մժղուկներէն հանգիստ չկայ։ Յիսուն ը հինգ տարու կին մը հինգ հարիւր ոսկի կխոստանայ հետը կարգուողին ։

Այս ամսոյս մէջ ծնող մանչերն ալ աղջիկներն ալ բախտաւոր կ ' ըլլան. ազգը պէտք ունի անանկ մանչերու եւ աղջիկներու ։