3.
Շաբաթ
գիշեր
[7/20
Դեկտ.,
1913]
Հիւանդ
տունս
եմ
երկու
օրէն
ի
վեր։
Խալիլ
պէյ
եկաւ։
Conseiller
[1]
ը
պետութեանց
միջամտութեամբ
ընտրելու
պահանջումնիս
հրաժարիլ
կը
խնդրէ։
Ես
կը
համոզեմ
զինքը։
Թէ՛
այս
միջամտութիւնը
եւ
թէ՛
conseiller
inspecteur
[2]
ի
փոխել
տալու
կը
համոզեմ։
Միւս
կէտերուն
վրայ
դիւրաւ
պիտի
համաձայնուի,
պզտիկ
[դժուար]ութիւններով
համաձայնութիւնը
պիտի
փոխանակուի
Դրան
եւ
թէ
դեսպանատան
մէջը։
Նա՝
իրեններուն,
ես՝
մերիններուն
կարծիքը
կը
վերապահենք։
Խօսակցութիւնը
անհատական
է
եւ
մտերմական
է։
Յետոյ
հայոց
եւ
թուրքաց
մէջ
լարուած
յարաբերութեանց
բարձման
վրայ
կը
մտածենք,
միջոցներ
կը
խորհինք,
ձեռք
ձեռքի
բարենորոգումներ
իրագործելու
միջոցներուն
վրայ
կը
խորհինք։
Հողային
հարցի
մասին
ամէն
գոհացում
տալու
պատրաստակամութիւն
կը
յայտնէ,
ընդունուած
օրենքը
իր
կարծիքներու
համաձայն
խմբագրելու
յօժարութիւն
կը
ցուցնէ։
Հայկ[ական]
բարենորոգմանց
հարցին
մէջ
կարեւոր
թուական
մըն
է
այս
գիշերը։
Ռուս
դեսպանի
մտքէն
իսկ
չանցնէր,
թէ
conseillerն
inspecteurի
վերածել
կարելի
է։
Ինչե՜ր
ըրի
Խալիլ
պէյը
համոզելու
համար,
Աստուած
գիտէ։
Ան
զիս
համոզելու,
ես
զինքը
համոզեցի։
Թող
այսքանը
բաւ
է։