Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

48. 6/19 Օգոստ. 1914, Չորեքշաբթի


Այսօր նոր սարսափ եւ նոր յիմարութիւն. զինուորական ծառայութենէ խուսափողները մահուան պատիժի պիտի ենթարկուին: Առժամանակեայ օրէնք folie criminel [1] է բռնուած կառավարութեան մը առջեւն անտարակոյս: Որոշեցի թագրիր մը պատրաստել Պատրիարքի ձեռքով մատուցանելու համար:

Վարչութիւն չի կայ, մտածող չի կայ, գրող չի կայ, խօսող չի կայ: Հայերու վիճակը անպատմելի է:

Վաղը պիտի երթամ Պատրիարքը տեսնեմ: Խալիլ ու Թալաաթ ալ հոս չեն:



[1] Հանցագործ խենթութիւն, ցաւագարութիւն։