Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

46. 3/16 Օգոստոս, 1914, Կիրակի


Բրինքիբօ, Նիզամի կողմը վարձած տանս մէջ ես, Վարդգէս եւ Կարօ օրուան վիճակին վրայ կը խօսակցինք եւ կ’որոշենք ապագայ հաւանականութեանց մասին մեր գուշակութիւնները, նախատեսութիւնները այստեղ նշանակել, Ապագային ձգելով անոնց հերքումը կամ հաստատումը։

Այս միջոցիս Եւրոպան տակնուվրայ է։ Պատերազմին ո՛ր կողմէն յաջող թուելու մասին դեռ ոեւէ յայտարար նշան չի կայ։ Միւս կողմէ Թուրքիոյ մէջ ալ կացութիւնը ծանր է։ Թուրքերը ներկայ խռովեալ վիճակէն օգտուիլ կ’ուզեն. ոմանք՝ մեծ, խիստ մեծ, ոմանք՝ պզտիկ, համեստ չափով։ Մաս մը կայ, որ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ փճացումովը կ’ուզէ վերահաստատուիլը տեսնել իսլամական մեծ կայսրութեան մը, որ Միջերկրականի հարավային բոլոր ծովեզերքէն սկսելով, պիտի երկարի մինչեւ Կովկաս, Խրիմն ալ միասին առնելով, պիտի հասնի մինչեւ Թուրքեստան ու թերեւս Հնդկաստանի եւ Չինաստանի իսլամութիւնն ալ պիտի կուլ տայ։

Այս կերպ են գաղափարները թուրքաց մէջ այս վայրկենին։ «Կեօպէնի» եւ «Պրեսլաւի» ստացումը, որ այսօր օսմ. դրօշ պարզած Իզմիտէն եկան Պոլսոյ նաւահանգիստը ու վերադարձան, այս յոյսերը, ակնկալութիւնները ցնծութիւններու ու խանդավառութիւններու կը վերածէ։

Ամէն թուրք, հրէաներու հետ միացած, գերմանասէր է եւ օսմ. գոյութեան գրաւականը կը համարի Գերմանիոյ յաջողութիւնը։ Ասոր փոխարէն բոլոր քրիստոնեայ տարրը մտահոգ է եւ Գերմանիոյ յաղթութիւնը իբրեւ մեծ աղէտ մը կը համարէ։ Թուրքիոյ քրիստոնեայ տարրին աւելի կամ նուազ պաշտպան Եւրոպան այսօր գոյութիւն ունենալէ դադրած է։ Չի կայ նաեւ Ռուսիոյ վախը։ Թուրք եւ իսլամ տարրը իր հակաքրիստոնէական ատելութեանց մէջ (արծարծուած վերջին պարտութեամբը եւ իսլամներու դէմ գործուած անօրէնութիւններովը) ոչ ոքէ վախու տեղ ունի։ Այս նորօրինակ կացութիւնը երկու—երեք դարէ ի վեր առաջին յեղն է, որ ստեղծուած է ահաւասիկ։ Թուրքերն իրենք իսկ դեռ չեն հաւատար ասոր. այնքան անհնար կը նկատուէր ան։

Յետոյ զօրաշարժը կայ, ծիծաղելի եւ ահարկու զօրաշարժը, թալանի եւ ջարդի պատրաստուող ոյժերու համախմբում, քան թէ պատերազմիկ կանոնաւոր մարմին, «Իթթիհատ ու թերագգիէ» ռէժիմին հնարած պաշիպօզուքներու բանակ, որուն գործելիք նախճիրներու մասին հիմակուց բան մը ըսել այնքան դժուար է։

Ամէնքը անձկութեան մէջ. կեանքի, ինչքի անձկութիւն, այսօրուան եւ վաղուան անձկութիւն, անհատի եւ ազգի անձկութիւն։ Սպասում՝ վհատիչ, որուն դէմ ոգորիլ պէտք է։ Ուր է Տիմարին Սպասելը, որ Յուսալ կը նշանակեր։

Ահա գլխաւոր հարցերը, որոնք դրուած են աշխարհի առջեւ ընդհանրապէս եւ մեր հայերու առջեւ մասնաւորապէս, հարցեր, որոնց պէտք էր պատասխանները գուշակել, ըստ կարելւոյն ճշմարտութեան մօտիկ կերպով։ Երեքնիս պիտի ընենք հոս մեր գուշակութիւնները, ճշմարտութեան ամէնէն մօտ հասնողին պիտի ըլլայ յաղթութիւնը մեր երեքին մէջ, յաղթութիւն, որ պատերազմական տուգանքով մը պիտի վերջանայ՝ վճարուած յաղթուող երկուքին կողմէ Թոքաթլեան պանդոկապետին իբրեւ ծախք 12 հոգինոց ճաշի մը, զոր յաղթողին ի պատիւ պիտի սարքուի։

Ահաւասիկ հարցումները.

1. Երրեակ Զինակցութի՞ւնը թէ Երրեակ Համաձայնութի՞ւնը պիտի յաղթէ։

2. Յաղթութիւնը խիստ մեծ եւ ջախջախիչ պիտի ըլլա՞յ, թէ ձեռք բերուած կարեւոր առաւելութիւններէ բաղկացա՞ծ պիտի ըլլայ։

3. Որքա՞ն պիտի տեւէ պատերազմը, մինչեւ քաղաքական դաշնագրին ստորագրուիլը։

4. Պալքանեան պզտիկ պետութիւնները եւ Թուրքիան պիտի մասնակցի՞ն պատերազմին։

5. Թուրքիոյ մէջ ներքին խռովութիւններ պիտի ծագի՞ն, թէ ոչ։

6. Խաղաղութեան վերահաստատումէն Թուրքիա շահա՞ծ պիտի ելլէ, թէ կորսնցուցած՝ հողային ամբողջութեան եւ քաղաքական իրաւանց տեսակէտէն։

7. Հայոց վիճակը պատերազմի միջոցին ի՞նչ պիտի ըլլայ. ի՞նչ պիտի ըլլայ ռուս—թուրքական պատերազմի մէջ թուրքահայոց ընթացքը. Ռուսիոյ կողմը պիտի անցնի՞ն, թէ ոչ. Միջին Ասիոյ, Կիլիկիոյ եւ Պոլսոյ հայութիւնը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

8. Խաղաղութիւնը վերահաստատուած ժամանակ Թուրքիոյ հայութիւնը քաղաքական տեսակէտէն շահա՞ծ, թէ՞ կորսնցուցած պիտի դուրս գայ։

 

1. Դժբախտաբար Երրեակ Զինակցութիւնը (այժմ երկուքի վերածուած՝ Գերմանիա եւ Աուստրիա) պիտի յաղթէ։

2. Այս յաղթութիւնը ջախջախիչ չի պիտի ըլլայ, այլ կարգ մը առաւելութ[իւններէ] զինուորական յաջողութիւններէ պիտի կազմուի։

3. Տարիէ մը աւելի։

4. Այո՛։

5. Այո՛։

6. Կորսնցուցած։

7. Սահմանագլխին կողմը Ռուսիոյ կողմ պիտի անցնին, միւս մասերուն մէջ մասնակի ջարդերու եւ թալաններու պիտի ենթարկուին։

8. Շահած։

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

1. Երրեակ Համաձայնութիւնը պիտի յաղթէ։

2. Յաղթութիւնը ջախջախիչ պիտի ըլլայ։

3. Տարիէ մը պակաս։

4. Զօհրապի համաձայն։

5. Զօհրապի համաձայն։

6. Զօհրապի համաձայն։

7. Պատերազմ պիտի ըլլայ, բայց ջարդ չի պիտի ըլլայ։

8. Հայերը շահած։

Գ. ՓԱՍՏՐՄԱՃԵԱՆ

1. Երրեակ Համաձայնութիւնը պիտի յաղթէ։

2. Յաղթութիւնը՝ ջախջախիչ։

3. Տարիէ մը պակաս։

4. Ո՛չ։

5. Ո՛չ։

6. Այո՛։

7. Թուրքեւռուս պատերազմ չի պիտի ըլլայ եւ ոչ ալ ջարդ։

8. Հայերը շահած պիտի ելլեն։

ՎԱՐԴԳԷՍ