31.
Շաբաթ
երեկոյ
[Դեկտ.
28],
10
Յունուար,
1914/
ը.
ե[ւրոպացւոց]
Պ.
Մանտէլսթամ
ոեւէ
լուր
չի
բերեր
մեզի։
Ի՞նչ
եղաւ
իբրեւ
թէ
թուրքաց
կողմէ
առաջարկուելիք
բարենորոգումներու
ծրագիրը։
Կը
հասկցուի
արդէն,
ինչպէս
կասկածեր
էի,
թէ
ատոնք
Թորքիոյ
կողմէ
պատրաստ
եւ
աւարտուած
չեն։
Դեսպանը
վաղը
կը
մեկնի։
Եկան
ինէ
խնդրելու,
որ
Պատրիարքին
կողմէ
ողջերթի
համար
դեսպանատուն
խրկուելիք
պատուիրակութեան
ո՞ր
ժամուն
ընդունելիքը
դեսպանէն
հարցնեմ։
Խնդրեցին
նաեւ,
որ
Պատրիարքի
կողմէ
դեսպանին
ողջերթի
համար
գրուելիք
մտերմական
նամակի
մը
պատճէնը
գրի
առնեմ։
Սիրտս
նեղ
է։
Մեր
խնդիրը
արդէն
գոհացոցիչ
լուման
մը
յանգած
պիտի
ըլլար
այս
պահուս
արդէն,
եթէ
անձուկ
մտքերին
ճնշումովը
թուրքաց
մօտ
մեր
աշխատութիւնները
դադրեցուցած
չըլլայինք։
Ահաւասիկ
դեսպանը
կը
մեկնի՝
առանց
ոչինչ
ձեռք
բերած
ըլլալու։
Ո՞րի
հասկցնեմ
սրտիս
ցաւը։
Ամէն
առթիւ
դառնօրէն
յայտնեմ
Ապահովութեան
յանձնախմբին
եւ
Դաշնակցութեան
գործած
սխալին
մեծութիւնը։
Ի՜նչ
օգուտ,
եղածը
եղաւ։
Հիմա
գործուած
վնասին
չափը
եւ
տարածութիւնը
հասկնալէն
զատ
ուրիշ
ոչինչ
մնաց
ընելիք։
Խոնարհինք
սա
կատարուած
իրողութեան
առջեւ,
զոր
բոլոր
ջանքիս
հակառակ
չի
կրցայ
արգիլել
(քանի՜երորդ
անգամն
է
սա
հինգ
տարուան
մէջ)։
Մեծ
յաջողութիւն
մը
միայն
ասոնց
հետ
հաշտութիւն
եւ
բարեկամութիւն,
գրեթէ
զինակցութիւն
–
ահա՛
այս
մէկ
յաջողութիւնը,
զոր
կրնամ
արձանագրել
եւ
զոր
ամենաբուռն
պայքարէ
մը
վերջը
ձեռք
բերի,
հոն
ալ
individuel
[1]
եւ
պատասխանատւութիւն
ստանձնելով,
հակառակ
տիրող
հոսանքներուն,
խօսելով
Չարիքովին
հետ,
համոզելով
զինքը
այն
աստիճան,
որ
ան
ալ
ռուս
շրջանակները,
մեծ
ու
փոքր,
համոզէ
եւ
մեզի
վերադարձնէ
զանոնք։
Այդ
միջոցին
դաշնակցականները
ատելի
ցարին
դէմ
կը
մղէին
իրենց
սաստիկ
պայքարը։
Իմ
խրատներս
չէին
արգիլեր
զանոնք,
բայց
կ’սկսէին
արդէն
մտածել։
Ես
այդ
միջոցին
(1ա.
)
նորէն
ազգ.
շահերը
իմ
գիտցած
կերպովս
վարելու
ամբաստանութեան
տակ
էի
ոմանց
կողմէ։
Ուրիշներ
սակայն
իրենց
սրտին
խորէն
ինծի
համամիտ
էին,
բայց
չէին
համարձակէր
արտայայտուիլ։
Տիրող
հոսանքները։
Հայկ.
դատին
ճակատագիրը
միշտ
քու
ձեռքդ
մնաց,
ո՜վ
խուժանավարութիւն։
Հիմա
այդ
անցեալին
կը
վերադառնամ
մտքովս։
Այն
ատեն
հաստատամտութիւն
եւ
արիութիւն
ցոյց
տուի։
Այս
անգամ՝
ո՛չ։
Հազար
անգամ
ափսո՜ս,
որ
չի
կրցայ։
Պատրիարք,
Քաղաքական
ժողովոյ
ատենապետ,
դաշնակցականները
եւ
մութին
մէջ
գործող
նախանձաբեկ
հոգիներ
միաբանեցան
չքացման
գործին
շուրջը։
Դիմադրութիւնը
կարելի
չէր
եւ
չեղաւ։
Տեղի
տուի՝
սրտիս
մէջ
պահելով
արցունքներս։
Թուրքաց
հետ
թշնամացայ,
ինչպէս
մեր
մեծ
դիւանագէտները
պահանջեցին,
խզեցինք
ամէն
յարաբերութիւն։