44.
27
Փետր.
/12
Մարտ,
1914,
Հինգշաբթի
Ինչ
որ
նախատեսած
էի,
հետզհետէ
իրականանալու
վրայ
է
աղէտալի
ճշմարտութեամբ
մը.
թուրքաց
հետ
մեր
յարաբերութիւնները
վատթարացած
են,
մեր
մէջ
անիշխանութիւնն
ու
անկարգութիւնն
աւելցած
են։
Կոսակցութեանց
եւ
կուսակցութիւններու
(ռամկավարներն
ալ
մէջը
ըլլալով)
պատասխանատւութիւնները
խիստ
մեծ
են
այս
խառնակ
կացութեան
ստեղծուելուն
մէջ։
Պայքարը
իր
վնասները
տալու
վրայ
է
հայ
առեւտրական
կեանքին,
ու
արգիլելու
կարող
չէնք։
Անդին
ամենամեծ
մտահոգութիւնը
inspecteur
généraleներու
ընտրութեանց
մէջ[է],
եւ
եթէ
մեր
յարաբերութիւնները
շտկուած
ըլլային
թուրքաց
հետ,
իմ
որոշուած
ժամուս
այդ
ընտրութիւնը
մեր
կամքով
պիտի
ըլլար։
Եւ
յետոյ
թուրքաց
հետ
խորհրդակցութեամբ
եւ
համերաշխութեամբ
պիտի
լուծեինք
յօգուտ
մեզի։
Ատոր
ալ
հնար
չի
կայ
այսօր,
եւ
կողմնակի
միջոցներու
ապաստանելու
պարտաւորուած
ենք։
Մէկ
կողմէ՝
քանի
մը
նախանձաբեկ
հոգիներու
Շահրիկ,
Տէր
Մովսիսեան,
Խօճասարեանի
պէս
ողորմելիներու
ստորերկրեայ
դաւերը
եւ
միւսէն՝
կուսակցականներու
յամառութիւնները
քաղաքական
tactի
անգիտակցութեան
հետ
միացած
–
ահա՛
մեր
այսօրուան
դժուարութեանց
պատճառները։
Այս
երկուքը
զիրար
ամբողջացուցած
են։
Ազգը
կը
տուժէ
այս
բոլորին
հետեանքէ։
Ալ
այսուհետեւ
կ’արեիլեմ
ինքզինքնիս
լիրբերէ
եւ
ազնիւ,
բայց
անtact
արարածներէ
կազմուած
ժողովներու
մէջ
ոտք
դնել։