Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

47. 4/17 Օգոստ., 1914, [Երկուշաբթի], Բրինքիբօ


Ֆրանքօ—Գերմանական բախումը առաջինը եւ կարեւորը (Լիէժը չի հաշուելով) սկսած ըլլալու է այս ժամուս. վերջին լուրերը կռահել կուտան զայն։

Ամենամեծ դէպքերու նախօրեակին ենք ուրեմն, դէպքեր, որոնք ուզեն չուզեն մեր ազգին ճակատագրին վրայ ալ պիտի ազդեն։ Մեր ազգի՞ն։ Ո՞ւր է մեր ազգը. կը փնտռեմ ամէն կողմ եւ չեմ գտներ զայն. հիւլեացած, ցրուած, անկապակից ազգ։ Ամէն մարմին ներքին cohésion [1] ոյժով կը կազմուի։

Մեր ազգը ներքին répulsion [2] զօրութեամբը գոյութիւն կ’ստանայ կարծես։ Ազգ, որ ո՛չ գլուխ ունի, ո՛չ ձեռք եւ ոտք, ո՛չ ուղեղ ունի, զգայնութիւն, որ նախնական (primitifs) արարածներու նման ինքնաշարժ automotique [3] կծկումներ ունի միայն ամէն դիպուածքին հետ շփուելուն։

Ջանանք այս էջերուն մէջ յիշել կարեւոր կամ անկարեւոր եղելութիւնները, մանր anecdoteները, որոնք այս օրերուն պատմութիւնը գրողներուն պիտի ծառայեն։

Նախ այսօրուան վիճակը երկու բառով նշանակենք։

Անուղղեայ թուրք կառավարութիւնը կը պատրաստուի կռուին մէջ նետուիլ, Պալքանեան պատերազմի կորուստներէն բան մը եւս ետ առնելու յոյսով, Էտիրնէի օրինակէն քաջալերուած եւ յետոյ սա պատճառով, որ Ռուսիոյ յաղթութիւնը գերմանացւոց դէմ իր աչքին իր ընկճումին համազօր [կը նկատէր] նոյնիսկ եթէ ինքը մասնակցած ըլլայ պատերազմին։ Սխա՛լ հաշիւ։

Անգլիա եւ մանաւանդ Ֆրանսա, որ այնքան շահեր ունի Թուրքիոյ մէջ, եւ մի՞թէ անոնք չէին իր վաղեմի պաշտպանները Ռուսիոյ դէմ։ Ռուսիա, իմ կարծիքովս, շահ ունի Թուրքիան բռնելու մէջ մանաւանդ Պուլկարիոյ դէմ եւ Փոքր Ասիայի մէջ՝ Գերմանիոյ դէմ։ Բայց որի՞ կրնաս հասկցնել ասոնք։ Պատերազմական նախարարը անփորձ երիտասարդ մը, իր գերմանասէր հակումներով կը վարէ երկիրն ու բանակը ինքնագլուխ, ամէն օր նոր հիմարութիւններ իբրեւ օրէնք հրատարակելով՝ զինուորական [եռանդով] իր թալանի վաղնջական տրամադրութիւններուն ազատ ասպարէզ գտած réquisition [4] ներու անունով։ Աւելորդ է ըսել, որ ատոնք տեղի կ’ունենան միմիայն քրիստոնեայ տարրին, մասնաւորաբար յունաց դէմ, «զինուորագրութիւն» ըսուած կատակ—ողբերգութիւնն ալ քրիստոնեաները թալանելու ծառայելով հանդերձ։

Թուրք ազգաբնակչութիւնն ալ փճացնելու վրայ են։ Արդէն անոր խոր մռնչումները կը լսեմ ե շատ կը վախնամ պոռթկումէ մը, որ փչելուն մէկ վայրկենի մէջ այս անմիտ կառավարութիւնը թուղթի մը էջի պէս պիտի թռցնէ, ինչպէս որ եղաւ անգամ մը։ «Իթթիհատ ու թերագգէն» իր chef [5] երէն աւելի զօրաւոր, աւելի մեծ թշնամի չունի եւ կործանիչներ չի պիտի ունենայ։ Աստուած ողորմի այս երկրին. ճիշդ այն ժամուն, ուր Թուրքիա իր վէրքերը պատելու էր, անիկա նոր բախտախնդրութեանց մէջ կը նետուի այն աստիճան խորութեամբ մը, որ ճակատագրական կը թուի։

Անձկութիւն, մտատանջութիւն կայ ամէնուն երեսին վրայ եւ անոնց ներսիդին, որոնք Իթթիհատի վարձատրեալ արբանեակի ժպիտ մը կը պտտցնեն իրենց երեսին վրայ, իբրեւ թէ ամէն բան վարդագոյն կամ յուսատու ըլլար Թուրքիոյ։ Յետոյ իթթիհատճիները եւ առհասարակ ամէն թուրք խռովարարական արարածներ շատ ճարտար դերասաններ են։ Ապաքէն կառավարութիւն[ը] Թուրքիոյ մէջ միմիայն դերասանութիւնէ բաղկացած է։ Անթուան ոչինչ ունի սորուեցնելիք անոնց։ «Կեօպէնի» եւ «Պրեսլաւի» կիրակի օր Գատըգիւղի առջեւ վայրկեան մը երեւալը այն ձեւուած—չափուած տեսարաններէն մին է, որոնք աղքատամիտ ժողովուրդի մը մեծամեծ երկրակալութեանց հեռանկարը ցոյց տելով, իր ափսոսալի վիճակին վրայ մտածելու ժամանակ չեն թողուր։

Թուրքերը (իթթիհատականները) չեն ծածկէր իրենց գերմանասիրութիւնը։ Անոնք շատոնց ոտնակոխ ըրին չէզոքութիւնը։ Ամէն յոյս [երջ]անիկ գերմանական յաղթութեանը վրայ կեդրոնացած է. չեն անգիտանար, որ գերմանական պարտութիւնը իրենց ջախջախումը պիտի ըլլայ, ջախջախումը, այո՛, բայց միմիայն անոր համար, որ չէզոքութիւնը ոտնակոխ ըրին։

Հայոց վիճակը մեծապէս մտահոգութիւն պատճառելու հանգամանքը ունի Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ մօտալուտ բախումին առթիւ։ Ո՞ր կողմը բռնել, ի՞նչ ընել։ Պատասխանատւութիւնով լեցուն խնդիր եւ նոյնիսկ թէ որ կարելի ըլլայ որոշում մը տալ՝ ո՞րն է մարմինը, որ զայն պիտի գործադրել տայ եւ ազգին հոգւոյ մէջ պիտի մտցնէ։

Եւ ճիշդ ասոր համար, աւելի քան երբէք, պէտք է անհատաբար չի դադրիլ հետեւելու դէպքերուն եւ դաս մը քաղել անոնցմէ, ըստ կարի ապագայ դէպքերը ճշդիւ գուշակելու եւ անոնց համեմատ մեր ազգին բռնելիք ընթացքին մասին որոշ ուղղութիւն մը կարենալ գծելու համար։ Մարդ չի կայ Պատրիարքարանի մէջ։ Զանազան երկրորդական կուսակցութիւնները զուրկ են նշանակութենէ։ Միմիայն Դաշնակցութիւնը կեցած է ոտքի վրայ՝ աւելի յոյսերով, քան թէ ոյժերով լեցուն։

Կիրակի օր Կարօն, Վարդգէսը մեզի [էին]։ Խօսեցանք օրուան կացութեան եւ Վաղուանը մասին, գրաւներ դրինք, գուշակութիւններ ըրինք։ Ամէն բան գրի առի եւ պահեցի։ Տեսնենք ո՞վ պիտի շահի։



[1] Ձգողական։

[2] Վանողութիւն։

[3] Ինքնեկ։

[4] Զօրահաւաք։

[5] Պետ, շէֆ։