Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

28. Հինգշաբթի գիշեր [Դեկտ. 26] 8 Յունուար, [1914]


Նիստ Բերայի Ազգ. խորհրդարանին մէջ:

Ինծի ներկայացուցին այն ծրագրին սեւագիրը, [զոր] դեսպանատունը յանձներ է մեզի. երկու copie [1] օրինակներէ կազմուած է: Խմբագրման ոճէն հասկցայ, որ դեսպանատունը սուտ ըսած է` մեզի յայտարարելով, որ Բ. Դռնէն իրեն յանձնուած է, որպէսզի կարծիքը յայտնէ: Իմ կարծիքովս, թէ որ երկու copieին մէջի պարունակութիւնն ամբողջութեամբ ընդունուի` գոհացուցիչ է ան: Ժողովականներն ալ միեւնոյն կարծիքը կը յայտնեն: Անիկա պակաս է, քան այն, զոր ես ձեռք պիտի բերէի, մասնաւորապէս լիազօրութիւն չի կայ: Փոյթ չէ. այս է մեր ճակատագիրը: Որոշուեցաւ, որ ձեւի համար անգոհացուցիչ նկատենք եւ այս` գրաւոր կերպով: Բայց բերանացի յայտնենք, որ կը զիջենք, եթէ նոր փոփոխութեան չենթարկուի: Որոշուեցաւ, որ Վարդգէս, ես եւ Վահան խմբագրենք թուղթը:

Նիստը վերջացաւ, տուն եկանք: Մինակս խմբագրեցի թուղթը, ընկերներուս կարծիքին համաձայն քանի մը կէտերը փոխեցի: Կարօն ալ ներկայ է: Մինչեւ ժամը 2 տեւեց:

Առաւօտեան, ուրբաթ, տեսակցութիւն Մանտէլսթամի հետ:



[1] Պատճէն։