36.
2/15
Յունուար,
[1914,
Հինգշաբթի]
Առտուն
Կարօն
հանդիպեր
է
դեսպանատուն։
Լուր
չի
կայ։
Այսօր
Մանտէլսթամը
պիտի
գար։
Չեկաւ։
Իրիկունը
Վահանը
եկաւ
ինձմէ
լուր
առնելու։
Լուր
չի
կայ,
որ
տամ։
Գէշ
նշան.
լրագիրները
նոր
զիջումներու
լուրը
կուտան։
Գրեթէ
անդարմանելի
է
[վիճակը]։
Կարծուեցաւ,
որ
ռուս
դեսպանը
միմիայն
հայոց
համար
իր
մեկնումը
հետաձգեց։
Մենք
միշտ
ասանկ
կ’ըմբռնենք
եւ
կը
բացատրենք
դէպքերը.
տիեզերքը
ամբողջ
հայ
խնդրոյն
համար
կ’անցնի,
կը
շարժի։
Լաւատեսութիւնը
ամբարտաւանութեան
հասցնելը
հայոց
տրուած
է։
Հիմա
ճշմարտութիւնը
կը
հասկցուի.
հայ
խնդրոյն
քով
Լիման
փաշային
խնդիրն
ալ
կա։
Ատիկա
Ռուսիոյ
փափագին
համաձայն
լուծուեցաւ։
Հաւանական
է
(հողային
հարցին
օրինակը)
մեր
պահանջներու
զեղջումի
փոխարինութեամբ։
Ատոր
համար
Մանտէլսթամ
երես
չունի
ինծի
գալու։
Մեր
մէջ
անոնք,
որ
մասնակից
եղան
իմ
գործունէութեանս
դէմ
արգէլք
յարուցանելու,
կ’զգան
գործուած
սխալին
մեծութիւնը,
բայց
կը
լռին։
Ինչո՞ւ
ինծի
իրաւունք
տան,
իսկ
անդին
միւս
դաւադիրները։
Անոնց
ոչինչ
փոյթն
է։
Հայկ.
խնդիրը
ճարտարութեամբ
վարելէ
վերջը,
վերջին
պահուն
մեր
նոր
անմիաբանութեամբ
եւ
գործած
սխալներով
մեծ
կորուստ
մը
կրեցինք։
Հայկ․
խնդիրը
իր
եզրակացութեան
մօտեցած
է։
Այսուհետեւ
ժամանակը
եւ
դէպքերը
պիտի
սրբագրեն
զայն
յօգուտ
մեզի։