45.
[Նօթեր
Հայկական
բարենորոգումներու
մասին]
[Ա]
Ոմանք
կը
կարծեն,
թէ
այդ
միջոցին,
ուր
թուրքերը
մեր
մօտ
դիմումներնին
բազմապատկեցին,
արդէն
որոշած
էին
տեղի
տալ:
Այս
կարծիքը
սխալ
է
բոլորովին
եւ
ոչ
մէկ
փաստ
կրնայ
ցոյց
տրուիլ
այս
մասին:
Բացատրեցի,
թէ
այդ
կատարուած
դիմումներուն
մէջ
թուրք
բանագնացները
ոչ
մէկ
զիջում
ըրին
վէճ
[ի]
նիւթ
եղած
կէտին
վրայ
(պետութեանց
միջամտութիւնը
conseillerին
ընտրութեանը
մէջ):
Եթէ
իրօք
որոշած
էին
այս
կէտին
վրայ
զիջում
ընել,
եթէ
այդ
բանագնացներուն
խօսքերը
ալ
այդ
մտքով
էի,
չէ
մի
որ
ատոնց
մեր
տրամադրութիւնները
շօշափելով
եւ
մեր
անխախտ
մնալը
տեսնելով,
ալ
պատրաստ
էին
իրենց
զիջելու
տրամադրութիւննին
ցոյց
տալ:
Արդ,
ատոնք
ոչ
միայն
զիջում
չըրին,
այլ
յայտարարեցին,
որ
մինչեւ
վերջ
պիտի
յամառ
մնային:
Ապացոյց,
որ
մինչեւ
վերջին
վայրկեանը
զիջունը
սպասուած
[չ]էր`
նոյնիսկ
պ.
պ.
Մանտէլսթամ
ցոյց
տուած
մտահոգութիւնն
էր:
Ան
էր,
որ
իմ
կարծիքս
կ’ուզեր
հասկնալ
եւ
կը
հարցնէր
ինծի,
թէ
արդէօք
թուրքերը
պիտի
զիջեի՞ն:
Այս
խօսակցութան
ներկայ
էր
Կարօ,
եւ
այնքան
անստոյգ
էր
այս
զիջումը,
որ
շատ
անգամ
հարցուցած
էի
անիկա
ինծի
թէ
հայարն
ի՞նչ
պիտի
ընեն,
եթէ
հակառակ
Ռուսիոյ
ջանքերուն,
այս
անգամ
Հայկ.
հարցին
լուծումը
հետաձգուէր:
Պիտի
համակերպէի՞ն:
Ես
այդ
հարցումը
կը
վերագարձնէի
եւ
կ’ըսէի,
թէ
հայերը
կ’ուզեն
գիտնալ,
թէ
Ռուսիա
ի՞նչ
պիտի
ընէ
այս
հետաձգումին.
պիտի
համակերպե՞ր,
որ
կը
նշանակեր,
թէ
զմեզ
lâcher
[1]
պիտի
ըներ:
Թարգմանը
չէր
պատասխաներ
ասոր:
Եւ
ինչ
որ
աւելի
եւս
կը
հաստատէ,
ոք
Ռուսիա
երբէք
համոզուած
չէր,
թէ
Թուրքիա
պիտի
céder
[2]
ընե,
այն
մտահոգութիւնն
է,
զոր
ցոյց
տուաւ
դեսպանատունը
նոյնիսկ
այն
զիջումը
պաշտօնապէս
ստանալէ
յետոյ,
միմիայն
սա
պատճառով,
որ
Հինգշաբթի
կամ
Ուրբաթ
(1—2
փետրուար,
1914,
ը.
ե.
)
օրուան
համար
կնքուիլը
խոստացուած
նօթից
սեւագրութիւնը
մինչեւ
Ուրբաթ
ցորեկ
տրուած
չէր:
Պ.
Մանտէլսթամ
կը
հարցնէր
Կարօի,
թէ
միգուցէ
թուրքերը
վերջին
վայրկեանին
ետ
կենա՞ն
իրենց
զիջումէն,
թերեւս
Կղզիներու
առթիւ
պատերազմի
մը
նախատեսութեամբ
եւ
դարձեալ
կը
կրկնէր,
թէ
եթէ
Հայկ.
հարցը
հետաձգուէր,
ի՞նչ
դիրք
պիտի
բռնէին
հայերը:
Կը
տեսնուի
ուրեմն,
իրողութեանց
հակառակ
է
ենթադրել,
թէ
Դեկտեմբերի
վերջերը
(ը.
ե.
)
թուրքերը
զիջման
եկած
էին:
Ճիշդ
է,
անոնք
լուծումը
փութացնելու
կողմ
էին,
բայց
ընտրութեան
մէջ
պետութեանց
միջամտութիւնը
հեռացնելու
պայմանով:
Ուրեմն,
ներելի
է
հետեւեցնել,
թէ
Խալիլ
պէյի
հետ
տեսութիւնս
այս
զիջումը
երեւան
բերելու
մէջ
կարեւոր
դեր
մը
խաղացած
է:
Եթէ
աւելցնենք,
որ
մտածուած
ձեւը
համարժէք
է
նոյնիսկ
ռուսական
առաջարկութեանը
մէջ
գտնուած
ձեւին,
եթէ
աւելցնենք
նաեւ,
որ
այս
զիջումով
ստացուեցաւ
նաեւ,
որ
inspecteur
généraleը
վերադարձուի`
փոխանակ
conseillerի
եւ
այն
կաղ
եւ
անգործադրելի
statut
[3]
գործադրելի
եւ
տրամաբանական
ձեւ
մը
ստանայ,
եթէ
աւելցնենք,
վերջապէս,
որ
միեւնոյն
զիջումով
ստանձնեցաւ
լիազօրութիւնը
inspecteur
généraleի,
մէկ
բառով`
ինչ
որ
[յատկութիւնը],
հոգին
կը
կազմէ
բարենորոգմանց
գործին,
ամէն
արդարախոհ
անձ
կը
հարկադրուի
ճանչնալ,
որ
Խալիլ
պէյի
հետ
խօսակցութիւնը
մեր
փափագաց
լուծումը
ձեռք
բերելու
համար
կատարուած
աշխատութեանց
մէջ
ամէնէն
կարեւոր
ու
ամէնէն
դրական
եւ
շօշափելի
օգուտները
տուող
երեւոյթն
էր:
Գլխաւորը
եւ
Հայկական
խնդրոյն
մէջ
Գերմանիոյ
եւ
Ռուսիոյ
մէջ
մեր
ջանքով
հաստատուած
մերձեցման
համաձայնութեան
չափ
մեծ
յաջողութիւն
մըն
է:
[Բ]
Անդին
թուրք
մամուլը
յարձակողական
եւ
սպառնալից
կը
դառնար:
«Թանինը»
եւ
«Թասֆիրի
Էֆքէարը»
եւ
Թուրքիոյ
ի
սպառ
եղող
ֆրանսերէն
լեզուով
հրատարակուող
մամուլն
անպատկառ
կերպով
conseillerի
անուանումին
մէջ
օտար
միջամտութեան
անընդունելի
լինելը
կը
պաշտպանէին:
Հրէաներուն
«Jeune
Turc»
[4]
ը
իր
այս
աղտոտ
campagne
[5]
ի
մէջ
միւսները
կը
գերազանցէր:
Այնպէս
որ
ամբողջական
ձախողանքի
մը
հեռանկարը
կ’ուրուագծուէր
հարկաւ
հեռուէն
եւ
կը
պարտադրէր
զմեզ
այս
աղէտալի
հաւանականութիւնն
ալ
աչքէ
բոլորովին
հեռու
չի
պահելու:
Ես
ընկերներուս
հետ
այս
նիւթին
վրայ
կը
խօսէի,
վասնզի
ամէն
կռուի
մէջ
նահանջը
մտածելու
է:
Անիկա
մաս
մէջ,
ուր
ազգը
տեսակ
[մը]
պատանդ
է
այն
կառավարութեան
ձեռքը,
որուն
դէմ
կը
կռուենք:
Մեր
ետեւը
1895
եւ
1909
ջարդերը
ունէինք:
Ազգին
գործը
տանող
պատասխանատու
մարմինը
մանաւանդ
այս
կէտին
մէջ
սխալ
գործելու
չէր:
Վախ
կար,
որ
Հայկ.
դատը
թերեւս
լռութեան
մէջ
պիտի
իյնար
նորէն:
Այս
ծանր
յուսախաբութիւնը
բոլորովին
դառնացնելով
զմեզ,
պետութեան
եւ
իսլամներուն
հետ
մեր
յարաբերութիւնները
աւելի
պիտի
լարուէին:
Պետութիւնն
ալ
շատ
դիւրաւ
յիմարութիւններ
եւ
խստութիւններ
ի
գործ
պիտի
դնէր:
Գ
...
Ընտրական
խնդրին
մէջ
Պատրիարքարանի
թագրիրին
մեզի
ետ
տրուիլը
կոպիտ
գրութեան
մը
մէջ
ներփակուած
եւ
մեր
կողմէն
խիստ
բողոքով
մը
այդ
թագրիրին
Մեծ
եպարքոսին
վերադարձնելը
այդ
խուլ
պայքարին
արտայայտութիւններն
էին:
Ռուս
դեսպանատունը,
մեր
միակ
ապաւէնը,
ան
ալ
թէեւ
յոյժ
փափագող`
պատուաւոր
կերպով
դուրս
ելլելու
այս
գործին
մէջէն,
այսինքն
որոշ
չափով
առաւելութիւն
մը
ձեռք
բերելով
մեզի
համար,
շատ
անզօր
կը
թուէր:
Այդ
օրերուն
մէջն
իսկ
ռուս
կառավարութեան
արժանապատւութիւնը
վիրաւորող
գործի
մը
մէջ
—
Գաւագլը
Մուսթաֆայի
խնդիրը
—
անիկա
ձեւական
գոհացում
մը
ստանալով
բաւականացեր
էր:
Ատկէ
անմիջապէս
վերջն
է,
որ
գերման
զինուորական
պատուիրակութեան
խնդիրը
երեւան
եկաւ:
Ռուսիա,
դիտողութիւն
ընելով
հանդերձ,
շատ
յուզում
ցոյց
չի
տուաւ:
Վրդովումը
այն
ատեն
աւելցաւ,
երբ
Ֆրանսա
ալ
զայն
նկատեց
գերմանական
նոր
առաւելակշռութիւն
մը
եւ
պ.
Քլեմանսօյի
ի
գործ
դրած
թրքասէր
քաղաքականութեան
դէմ
շառաչալից
ապտակ
մը:
Ֆրանսա
եւ
Ռուսիա
միացան
եւ
Թուրքիոյ
երդում
չի
տալու
խնդիրը
նորէն
երեւան
եկաւ:
Անդին
արաբական
տժգոհութիւնն
ալ
նշանակալից
երեւոյթներու
ծագում
տուաւ։
Պասրայի
մէջ
շէյխերու
գումարումին
լուրը
շարժում
մը
կը
յայտնէր՝
ոչ
այն
չափազանցուած
լուրերու
մէջ
ըսուածին
չափ
թէեւ։
Թուրքերը
շփօթութեան
մատնուեցան
իրենք։
Ընտրութեան
խնդրոյն
մէջ
մեր
յամառութիւնն
ալ
զիրենք
մտածել
տուաւ։
Ահա
այս
բոլորը
միանալով,
նոր
ձեռնարկներ
սկսան
մեր
մօտ։
Պատրիարքարանին
դիմեցի,
ասոնք
սակայն
զիջումի
պատրաստ
չեղան։
Նուպար
փաշան
միայն
ձեռնահաս
եղաւ։
Ես
այդ
ձեռնարկին
առթիւ
ռուս
դեսպանատանը
նորէն
նեղը
դրեր
էի՝
հասկնալու
համար
թէ
ինչ
պիտի
ընէ,
եթէ
մերժումի
առջեւ
գտնուի։
Իրօք,
այդ
մերժուը
գրեթէ
կար։
Դեսպանատունէն
քաջալերիչ
պատասխան
մը
չէի
կրցած
առնել,
բացի
տարտամ
խօսքերէ,
զոր
շատ
լսեր
էի։
Մեր
ուրիշ
պատուիրակն
ալ
ռուս
զինուորական
կցորդին
հետ
տեսակցելով,
կ’իմանար
անկէ,
որ
ռուսները
ոեւէ
զինուորական
շարժում
ընելու
ո՛չ
մտադիր
էին,
ո՛չ
ալ
ի
վիճակի։
Նուպար
փաշան
պ.
Եւանւոլիչի
ազդարարումները
կը
հաստատէր։
Ճիշդ
այս
պահուն
թուրքերն
ալ
մեր
մօտ
իրենց
դիտումները
բազմապատկեցին։
Մեծ
եպարքոսը
զինուորական
Զեքի
պէյը
խրկեց
Դաշնակցութեան,
առանց
սակայն
ոչ
մէկ
զիջում
ընելու
հիմնական
կէտի
վրայ,
այն
է՝
conseillerի
անուանումին
պետութեանց
յանձնարարութեամբը
կամ
ոեւէ
մէկ
միջամտութեամբը։
Նագլիայի
նախարար
Ճէմալ
պէյը
Վարդգէսին
հետ
խօսեցաւ՝
անդրդուելի
մնալով
այս
մասին
եւ
սպառնալիքներ
ընելով
ի
հարկէն
հայերը
ջարդելու։
Նոյն
միջոցին
է,
որ
Խալիլ
պէյն
ալ
առտու
մը
անակնկալ
կերպով
ինծի
եկաւ
միեւնոյն
տրամադրութիւններով՝
բացի
սպառնալիքներէն։
Անիկա
բոլոր
Իթթիհատէն
սա
formule
[6]
կը
բերեր,
թէ
ոեւէ
ձեւով
պետութեանց
միջամտութիւնը
ընդունելէ
Հայկական
խնդրոյ
մէջ
թուրքերը
նախամեծար
կը
սեպէին
մեռնիլ,
ընդունելով
հանդերձ,
որ
երկիրն
ալ
միասին
պիտի
մեռներ։
Ասիկա
ամբողջ
Թուրքիոյ
համար
եւ
իրենց
կուսակցութեան
համար
prestige
մը,
մահու
եւ
կենաց
հաւասար
prestigeի
մը
խնդիր
կը
նկատէին։
Եւ
Խալիլ
պէյ
եկած
[էր]
ինծի
գերագոյն
եւ
վերջին
ձեռնարկ
մը
ընելու
իմ
քովս
թուրքերու
եւ
հայոց
մէջ
խզումը
պատերազմի
վերածելէ
առաջ։
Պիտի
ուզէի,
որ
այդ
վայրկեանին
ուրիշ
մը
իմ
տեղս
գտնուէր,
ուրիշ
մը`
իր
պատասխանատւութեան
գիտակցութիւնը
ունեցող
մը,
մեր
վիճակին
բոլոր
վհատեցուցիչ
մանրամասնութիւնները
գիտցող
մը,
տեսնող
մը,
աչքով
տեսածի
պէս,
այն
մօտաւոր
անխուսափելի
բախումը,
որ
հայ
եւ
թուրք
տարրերուն
մէջ
պիտի
պատահեր
Հայկ.
դատին
վերջնական
ձախողանքովը:
Ասիկա
ռուսական
շահերուն
ձեռնտու
էր:
Ձեռնտու
էր
արդեօք
մեզի՞
ալ:
Ես
վստահ
եմ,
որ
այդ
ուրիշը
պիտի
տկարանար:
Ես
զօրացայ,
ատանկ
գերագոյն
վայրկեաններու
մէջ
միայն
կատարուած
ճիգով
մը
վեր
բարձրացայ,
ձախողանքէն
վեր,
ազգիս
սպառնացող
վտանգէն
վեր,
յուսահատ
ճիգ
մը
բոլոր
մտային
կարողութեանցս:
Ի՛նչ
ըսի,
ի՛նչ
պատասխանեցի`
չեմ
գիտէր:
Սա
գիտեմ,
որ
յաջողեցայ
զինքը
զիջել
տալու
այն
կէտին
վրայ,
որ
մեր
դատին
հիմնաքարն
էր
եւ
որուն
դէմ
անսասան
կեցեր
էին:
Այն,
որ
զիս
համոզելու
եւ
իմ
միջնորդութիւնս
ձեռք
բերելու
համար
եկած
էր,
ես
զայն
համոզած
ճամբու
դրի
եւ
պատրաստեցի
զինքը,
որ
իրենները
համոզէ
եւ
զայն
համոզեցի
ոչ
միայն
պետութեանց
recommandation
պայմանը
ընդունելու
այժմէն
եւ
գրաւոր
կերպով
conseillerին
նշանակութեանը
մէջ,
այլ
նոյնիսկ
conseillerի
ձեւը
ձգելով,
վերադառնալու
եւրոպացի
inspecteur
généraleին՝
տալով
անոր
լիազօրութիւն։
Այս
ամէնը
ձեռք
բերելու
համար
միակ
թոյլատրութիւնը,
զոր
կարելի
նկատեցի,
այն
ալ
իբրեւ
սոսկ
անձնական
կարծիք
առաջին
անգամուան
համար
inspecteur
généraleի
նշանակումի
մէջ
պետութեանց
միջամտութիւնը
բերանացի
համաձայնութեամբ
առնուիլն
[էր]։
Այս
անակնկալ
ըսուելու
արժանի
յաջողութիւնը
երկու
վտանգի
ենթակայ
էր
սակայն։
Մին՝
թուրքաց
կողմէ։
Խալիլ
պէյ
մինչեւ
ցայն
վայր
չընդունուած
այս
պայմաններուն
համար
ինքը
համոզուեցաւ,
որ[ը]
չընդունեց,
որը
խօսք
տուաւ
որ
պիտի
աշխատի,
պիտի
յաջողեր
իր
կողմը
համոզելու։
Բացայայտ
էր,
որ
շատ
մը,
մեր
ենթադրածէն
շատ
աւելի,
դժուարութիւններ
յաղթելու։
Թուրքաց
մէջ
զինուորական
մաս
մը
Ճէմալ
պէյի
առաջնորդութեան
տակ
ամենէն
աւելի
ընդդիմութիւն
կը
ցուցներ,
եւ
Քօմիթէն
այդ
կողմին
յակած
էր։
Այս
էր
Խալիլ
պէյին
վախցածը,
որ
ասոնք,
նոյնիսկ
ամէն
հետեւութիւնները
աչք
առնելով,
անդրդուելի
մնային։
Երկրորդ՝
մեր
հայերուն
կողմէ։
Հայոց
մէջ
համերաշխութիւն
պահպանելու
եւ
ձեռք
բերելու
աշխատութիւնը
սա
հետեւանքը
ունեցած
էր
եւ
քիչ
մըն
ալ
ունենալու
[էր],
որ
ազգային
ոգին
մտրակած
էր։
Ոչ
ոք
մօտէն
գիտէր,
թէ
ի՞նչեր
էին
հայկական
պահանջումները
ի՞նչ
միջազգային
պայմաններու
ենթական
էր։
Յետոյ
կուսակցութիւնները
իրարու
մօտ
գալով,
իրարմէ
աւելի
աննկուն
երեւալու
ախտավարակ
յակումը
քիչ
շատ
ամենուն
վրա
ալ
տեսնուած
էր։
Ասկէ
զատ
այս
կուսակցութիւնները
առհասարակ
յեղափոխական
տարրերէ
ձեռնպահ
էին։
Ատոնք՝
ձեռք
բերուելիք
արդիւնքներուն
utilitaire
[7]
հանգամանքները
քննելու
եւ
հասկնալու
քիչ
տրամադիր,
անգամ
մը
բերնէ
ելած,
արտասանուած
այս
կամ
այն
բառին
կամ
ձեւին
կապուիլը
տեսակ
մը
հաստատամտութիւն
եւ
անկէ
հեռանալ[ը]
կորուստ
եւ
վնաս
կը
համարէին՝
առանց
սակայն
ճշդելու
վնասին
որակը
եւ
քանակը
կամ
զայն
բաղդատութեան
դնելով
վերջնական
ձախողանքի
մը
վնասին
դէմ
(ատեն
ատեն
ես
իսկ
այս
ախտէն
բռնուած
էի։
Վերջի
տեսակցութեան
մը
մէջ
լեզու
մը
գործածեցի,
որուն
դէմ
պ.
տը
Կիրս
պարտաւորուեցաւ
ըսել
ինծի,
որ
«Tout
ou
rien»
[8]
ի
քաղաքականութիւնը
դիւանագիտութեան
մէջ
պատուի
դէմ
[է]։
Ինչ
որ
ալ
ըլլար,
ըսուելիքը
ըսաւ
անիկա։
Ատիկա
հանգրուան
մը
պիտի
ըլլայ։
Ժամանակը
զայն
պիտի
յառաջացնէ՝
լաւագոյնը
ձեռք
բերելու
փափագը
հետը
տանելով։
Ատիկա
ձեռք
բերելէ
հրաժարելու
իրաւունք
չունինք։
Պարոն
Վանկենհայմ
աւելի
քիչն
իսկ
հանգրուան
մը
կը
նկատեր
եւ
միեւնոյն
խորհուրդը
կուտար)։
Օրինակի
համար
մեր
մէջ
ամէն
ոք
միջազգային
«contrôle»
բառին
կարօտած
էր։
Ոչ
ոք
գիտէր
ատոր
ի՛նչ
ըլլալը։
Իրողութիւնը
այն
էր,
անիկա
6
կէտերուն
մէջէն
պետութիւնները
վերցուցեր
էին
սա
տեսութեամբ,
թէ
իրենք
contrôleի
իրաւունքը
ունէին
արդէն
Պերլինի
61րդ
յօդուածին
զօրութեամբը,
ուստի
անտեղի
էր
այդ
իրաւունքը
վերստին
ձեռք
բերելու
համար
առաջարկութիւն
ընել։
Իսկ
ձեւին
գալով,
դեսանատունները
իրենց
հիւպատոսներուն
ձեռքով
պիտի
կրնային
զայն
ի
կիր
արկանել։
Ահա
այս
պատճառով
contrôle
6
կէտերուն
մէջ
չի
կար,
այլ
կար
միջազգային
երաշխաւորութիւն
մը
(garantie
մը),
որ
կը
կայանար
նախ՝
inspecteur
généraleի
անուանումին
մէջ
պետութեանց
միջամտութեանը
մէջ,
երկրորդ՝
ատոր
իրաւասութեանց,
պաշտօնին
տեսչութեանը
եւ
բարենորոգչական
հիմերուն
Բ
Դռան
կողմէ
պետութեանց
պաշտօնապէս
հաղորդուելնուն
մէջ։
Ասիկա
մեր
շրջաններուն
մէջ
évident
[9]
ըլլալով
հանդերձ,
ոչ
ոք
«contrôle»
բառէն
կը
հրաժարէր
եւ
garantieի
կը
մօտենար։
Կատարած
փոփոխութիւնը
ճանչնալը
ազգասիրութեան
կամ
ազգային
շահուց
վնասակար
կը
համարուէր։
Եւ
վերջապէս,
ամէն
ոք
աչքը
Հայկ.
դատին
մեկնակէտին
սեւեռած
էր,
մեկնակէտ,
որ
գրեթէ
autonomie
[10]
մըն
էր.
մէկ
հայկ.
շրջան,
մէկ
ընդհ.
ժողով,
մէկ
ընդհ.
կառավարիչ։
Ասկէ
մինչեւ
հոն,
ուր
հասած
էին,
հեռաւորութիւնը
խիստ
մեծ
էր,
գէթ
այնպէս
կը
թուէր։
Ես
սկիզբէն
մեր
պատրաստած
ծրագրին
կուսակից
չէի,
զայն
ստանալու
յոյսը
օր
մը
չունեցայ։
Ես
այն
ատեն
ընդդիմացայ՝
չափազանց
յառաջացեալ
պահանջումներուն
դէմ
յարուցանելիք
դժուարութիւնները
գուշակելով։
Այն
ատենն
ալ
կուսակցութիւններու՝
հայրենասիրական
պահանջումներու
մէջ
զիրար
գերազանցելու
տենչը
իր
դերը
խաղաց։
Իսկ
խելքը
գլուխը
եղողը
կ’ընդունէր,
որ
անիկա
աւելի
մշտակայ
հայկ.
իղձ
կը
ներկայացնէր,
քան
թէ
իրապէս
ու
la
pratique
[11]
ձեռք
բերուելիք
բանը։
Իսկ
հիմա
այդ
առաջին
ծրագրին
կը
նայէր
եւ
ինչ
որ
ձեռք
բերէինք՝
անոր
հետ
բաղդատութեան
կը
դնէր,
մանաւանդ
մէկ
շրջանի,
մէկ
ընդհ.
ժողովի,
մէկ
ընդհ.
կառավարիչի
մասը,
զօր
չստանալնուս
համար
սրդողելու
իրաւունք
ունենալ
կը
կարծէինք։
[3]
Կանոնադրութիւն,
օրէնք:
[8]
«Ամէն
ինչ
կամ
ոչինչ»։