Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

55. [Հոկտ. ] 21/3 Նոյեմ., 1914, Երեքշաբթի, կէս գիշեր


Գործերը մինչեւ հոս եկած—անցած իրողութեանց վրայ Ճ[աւիտ] պէյ հետեւեալ գաղափարները յայտնեց.

Պատերազմի ամէնէն մեծ կուսակիցը Թալաաթ պէյն է։ Անիկա համիսլամական միացեալ զօրաւոր եւ համաշխարհային պետութիւն մը կազմելու գաղափարէն հրապուրուած է, եւ ոչինչ կարելի չէ զայն ետ դարձնել իր այս համոզումէն։ Ան կարող էր թէ՛ Comitéն, թէ՛ դահլիճը հեռու պահել պատերազմէն։ Ոչ միայն այդպէս չի շարժուեցաւ, այլ իր ոյժը հակառակին գործածեց։ Մեծամասնութիւնը խաղաղութեան կուսակից ըլլալը տեսնելով, դէպքերուն ձգեց երկիրը դէպի պատերազմ մղելու պաշտօնը եւ դէպքերուն այս տեսակէտին յուսադրող ընթացք մը տուաւ։ Ես ամէն մէկ այդ կողմ հակելուն բողոքեցի, վտանգը մատնանշեցի եւ յայտնեցի, որ որոշած էի հրաժարիլ՝ եթէ պատերազմ յառաջ գայ։ Այնպէս [որ] ոչ ոք կրնայ եւ իրաւունք ունի այսօրուան հրաժարականս քննադատելու։ Առաջին վայրկեանին չի հրաժարեցայ միայն այն պատճառով, որ հաւաստիք տուին ինծի ընկերներս թէ իրենք ալ պատերազմի հակառակ են։ Այսպէս, «Կէօպէնին» իբրեւ թէ գնուելուն, գերման զօրքը հոն մնալուն, Սեւ ծով ռազմափորձեր կատարելուն ընդդիմացայ բոլոր ոյժովս եւ ըսի, որ այս ամէնը պատերազմ ծագել տալու միայն կը ծառային։ «Կեօպէնին» Սեւ ծով ելլելու մասին զըսի, որ հոն անիկա պիտի հետեւի Պէրլինէն անթել հեռագրով ստացած հրահանգին, քան թէ մեր պատուէրներուն։ Ինծի ըսին, որ ծովակալ Սիւշօն իր պատուոյ խօսքը տուած է պատերազմը չընելու։ Ըսի, որ իր հայրենիքին ծառայելու պարտականութիւնը աւելի հզօր է, քան թէ պատուոյ խօսքը։ Իմ նախատեսութիւնս ճշմարիտ եղաւ։

Թալաաթ պէյի եւ իր կարծիքին եղող պատերազմասէրներուն հոգեբանութիւնը մէկ մանրերկրորդի մէջ չի կազմուեցաւ, այլ քիչ քիչ, հետզհետէ ծնաւ եւ զօրացաւ հետեւեալ պարագաներով.

Նախ՝ այն ընդհ. [անուր] համոզումը, թէ Գերմանիա իր հակառակորդները ոչ թէ պիտի յաղթէ, այլ զանոնք պիտի ջախջախէ 1870ի եղածէն շատ եւալի արագ ե ահազդեցիկ կերպով։ Եւ բնական փափագը յաղթողին, քան թէ յաղթուողին կողմը առաջոց տեղ բռնէլն է։ Այս համոզումն ալ մէկ մանրերկրորդի մէջ չի կազմուեցաւ, այլ հետզհետէ։ Ասոր ծառայեցին նախ մեր զինուորականներուն եւ մեզի տուած միահաղոյն աւաստիքը։ Երկրորդ՝ գերմանացոց Լիէժը, Նամիւռը, Մոպիէժը, որոշուած եւ առաջուց յայտնուած թուականներուն գրեթէ մաթեմաթիքական ճշդութենին, (1 տեղանուն) եւ Մօնսի յաղթութեան եւ մինչեւ (2 տեղանուն) իջնալինին հեղեղի մը պէս Հինտէրպուրկի յաղթութիւնը, որռուսաց բոլոր յառաջխաղացումը ջնջեց երեւել. Բրուսիայէն։ Եւ յետոյ «Կէօպէնին» եւ «Պրեսլաւին» մուտքը ի Պոլիս, ֆրանքօ—անգլիական ապիկար նաւատորմին առջեւէն անցնող «Կեօպէնէն» Այս մուտքին [շահագործումը] անգլիացոց կողմէ «Սուլթան Ռէշատ» եւ «Կազի Օսման» տրէտնօթներու գրաւումը եւ այդ գրաւման տրուած բիրտ ձեւը։ Բացի ռուս դեսպանէն, որ իրօք դիւանագէտ մըն է, ֆրանսական եւ անգլիական դեսպաններուն ապիկար եւ ողորմելի մարդիկ ըլլալը եւ, վերջապէս, գերման բրոբականտին ունեցած յաջողութիւնները շատ ճարտարութեամբ շահագործուեցան եւ օսմ. մամուլին մեծ մասը, իբրեւ թէ ծայրայեղ հայրենասէր մաս մը, իր տրամադրութեան տակ [ունեցաւ]։ Ճ. պէյի կարծիքով, թէ որ Անգլիա երկու տրէտնօթները վար դրած պահուն ատոնց փոխարժեքը, վրան երկու—երեք միլիօն ոսկի աւելցնելով ձեւով մը Թուրքիոյ վճարէր իսկոյն չի պիտի թողուր այն յոռի տպաւորութիւնը, որ հիմա թողած է։ Անգլիա այսպէս վարուելով, թուրքերը չի պիտի կորսնցնէր։ Լորտ Կրէյ արհամարհական եւ բիրտ վարմունք ունեցաւ։ Հոս ալ դեսպան չի կար։ Գերմանները շահագործեցին այս դէպքը եւ ինչ որ աւելին է՝ «Կէօպէնին» մուտքըեւ ստացած դիրքը այս պատճառէն ծագում առաւ։ Սկզբնաւորութիւնը հիմակուան պատերազմին այս պզտիկ պատճառներով զատուեցաւ։

Երկրորդ գլխաւոր պատճառը սա միւս համոզման, շատ տարածուած եւ իբրեւ անհերքելի ճշմարտութիւն մը ներկայացուած (ըստ իս բոլորովին սխալ է), թէ երբոր Երրեակ Համաձայնութեան ընդ այս Ռուսիա եթէ յաջող ըլլայ, Թուրքիոյ վախճանը հասած է։ Ի՜նչ յիմարութիւն։ Ես լաւ պուլկարաց ձեռքը անցնի, իսկ Պոլսոյ առումին բոլորովին հակառակ էր։ Ես Փարիզի մէջ վերահաս եղայ ասոր, ինչ որ վերջէն ալ հաստատուեցաւ։ Բայց ո՞րի կ’ըսես։

Ինչպէս ասկից առաջ, այժմ եւս Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի շահը կը պահանջէ Թուրքիոյ գոյութեան պահպանումը եւ Պոլսոյ՝ մեր ձեռքը մնալը։ Այս բացարձակ ճշմարտութեան հակառակ ամէն ոք ռուսական յաղթութեան պարագային մեր բնաջինջ ըլլուելնին իբրեւ ստուգութիւն նկատուելու միամտութիւնը ունեցա։ Ասկից ծագեցաւ մեր մէջ փափագը Գերմանիան յաղթական տեսնելու՝ իբրեւ միակ միջոցը մեր փրկութեան։

Այս հիմերուն վրայ դէպքերը divelopper [1] եղան եւ հասանք այսօրուան կացութեանը։ Ես համոզուած եմ, որ ռուսներու՝ Պոսֆօրի նեղուցին բերանը եկած եւ ականներ զետեղելու զբաղած ըլլալը բոլորովին շինուած է։ Ու արդէն պարագաներն ալ ցոյց կուտան անոր սուտ ըլլալը։ Կարելի չէ, որ Սեւ ծովի բերանը pose torpillerն ընկղմեցնեն եւ մէկ—երկու ժամ վերջը Օտէսան, Նովորոսիքը ռմբակոծենք։ Ճշմարտութիւնը ան է, որ մեր «Կեօպէնը» Սիւշօնի հրամանատարութեան տակ (սուտ է ան խօսքը, որ գերման ծովակալկ Պոլիս էր) գնաց եւ անդարմանելի բան ըրած ըլլալու համար Ծանօթ յարձակումը գործեց։ Ես ջանացի, որ մենք իրողութիւնը ճշդենք եւ ըստ այնմ դարձեալ խուսափենք պտաերազմէն։ Ընկերներս, որ մինչեւ ցայն վայր ինծի համամիտ կը թուէին, կատարուած իրողութեան առջեւ դէպի խաղաղութիւն վերադառնալ չուզեցին։ Ինծի ալ ուրիշ բան չէր մնար, եթէ ոչ հրաժարիլ։ Ինչ որ ըրի։

Յետոյ զուգակշիռը ըրաւ. շատեր ալ մեկնեցին Թորքիոյ մէկ կամ միւս կողմին հակելու համեմատ, անոնց մէկին կամ միւսին յաղթող ելլելուն եւ կամ երկուքն ալ ուժասպառ ըլլալով, յաշտութիւն կնքելուն համեմատ Թորքիոյ շահերը եւ վնասը։

Ահաւասիկ այդ զուգակշիռը.

1. Երրեակ Համաձայնութեան պատկանող պետութիւնները մեր հողային ամբողջութիւնն երաշխաւորելու խօսք տուած էին մեզի՝ եթէ չէզոք մնայինք (իրաւ է, որ ես թելադրեցի ասիկա իրենց)։ Մինչդեռ Գերմանիա, թէ որ յաղթող ելնէ, ապահովապէս ոպոշ ժամանակի մը մէջ Իսկենդերօնի նաւահանգիստը իբրեւ ծովային գործածելու պիտի ելլէ, ինչ որ սկիզբը պիտի ըլլայ Ատանայի վերացումին եւ անոր հինդէրլանտէն գրաւմանը։ Ընդհ. առմամբ ալ Գերմանիոյ protectoratին [2] պիտի ենթարկուի։

2. Երրեակ Համաձայնութիւնը յօժարեցաւ ընդունիլ քաբիւթիւլասիօններու ջնջումը տնտեսական եւ ֆինանսական գործոց մասին։ Դատական խնդիրներու մէջ ալ քաղաքական եւ առեւտրական խնդրոց մէջ։ Միայն պատժ. [ական] դատերուն մասին անոնց պահպանումը թողեց եւ ատոր մէջ ալ դիւրութիւններ տալու հակամէտ էր։ Գերմանիա մինչեւ վերջ ընդդիմութիւն ցոյց տուաւ։ Բօսթաներու փակման մասին անգամ (հիմակուհիմա) բառով վերապահում դրաւ։ Ընդդիմութիւնը մինչեւ հոն տարաւ, որ պահ մը իբրեւ սառնալիք ըսաւ ինծի.

Չէ նէ, ես ալ գերմ. զինուորական մարմինն ետ խրկել կուտամ։

Շնորհակալ կ’ըլլամ, ըսի իրեն։

3. Թէ որ պատերազմի չի մասնակցինք, տնտեսապէս հիանալի կացութիւն մը պիտի ունենայինք, մենք պիտի հարստանայինք։ Հիմա, Գերմանիոյ հետ քալելով՝ փճացանք ե աւելի ես պիտի փճանանք։

4. Եւ եթէ երրեակ պետութեանց համակիր չէզոքութիւն մը պահէինք, անոնք Կղզիներու խնդրոյն մէջ ալ մեզի բաւական յարմար կարգադրութիւն մը կրնային տալ։

Եթէ չէզոքութիւնը խզելով իսկապէս Երրեակ Համաձայնութեան յարէինք, կարող էինք ծովէն 4—500. 000 հոգի Մարսէյլ խրկել եւ անկէ պատերազմի դաշտը։ Ան ատեն Երրեակ Համաձայնութեան յաղթութիւնը անվիճելի պիտի ըլլար։ Իսկ հիմա Գերմանիոյ յարելով, անոր մեծ օգուտ մը չի պիտի կրնանք ընծայել։

Ես ըսի, որ Թուրքիոյ աւանական tactique [3] պիտի ըլլայ՝ 1. Պէսարապիոյ կողմը débarquement [4] մը փորձել 1—200. 000 զօրք հանել ցամաք։ 2. Սուէզի canaiը [5] աւրել։

Ճ [աւիտ] պէյ ալ այս կարծիքին է։

Այս բոլորին եզրակացութիւնը սա եղաւ. երբ Խրիմի պատերազմին օսմ. դիւանագէտները յաջողեր էին ֆրանսական, անգլիական եւ իտալական ոյժերը օսմ. շհաերուն եւ պատերազմին եւ Թուրքիոյ գոյութեանը ծառայեցնել, հիմա ասոր հակառակը կ’ըլլայ. Գերմանիան Թուրքիոյ ոյժերը գերման շահերուն կը ծառայեցնէ՝ Թորքիոյ գոյութիւնը վտանգի ենթարկելով։

Երկու խօսք ալ Էտիրնէի վերագրաւման առթիւ Թուրքիոյ եւ Իթթիհատի որոշ մէկ շրջանակին մէջ կազմուած հոգեբանութեան մասին։

Ես ըսի, որ, ինչպէս ամէն առթիւ ըսած էի մտերմական շրջաններու մէջ, այս վերագրաւումը աղէտալի պիտի ըլլայ Թուրքիոյ՝ անոր մէջ մտցնելով տեսակ մը մեծամտութիւն եւ անհաշիւ յանդգնութիւն։ Ահա ճիշդ ատոր, այդ մտայնութեան ապացոյցները այսօր կը տեսնենք համաթուրքային եւ համաիսլամական կայսրութիւններու կազմելու տղայական գաղափարին ծաւալումը տեսնելով։ Անոնք կ’ըսեն. Էտիրնէին մէջ յաջողեցանք, երբ Եւրոպան կ’ընդդիմանար եւ կ’սպառնար։ Հիմա ալ պիտի յաջողենք։ Այս անգամ ըրածնիս յանցագործութիւն էր։ Հիմակուան ալ։

Ճաւիտ պէյ պատասխանեց.

Էտիրնէի խնդիրը հիմնական պատերազմին մէջ նետուելուն հետ բաղդատութեան չի կրնար դրուիլ։ Պարագաները բոլորովին տարբեր են. ան ատեն Ֆրանսան զգացուցեր [էր], որ ինքը ատոր համար պատերազմ չի պիտի ընէր մեզի դէմ։ Անգլիան քիչ մը առաջ գացած էր, բայց ան ալ խօսքէն այնդին չի պիտի անցնէր։ Ռուսիան նոյնպէս Էտիրնէին մեր ձեռքը մնալու փափագը ունէր։ Աուստրիան էր, որ մղեց պուլկարները մինչեւ Պոլսոյ դուռները։ Յետոյ, ձախողանքի պարագային, շատ շատ Էտիրնէէն մեզի դուրս կը հանէին եւ նորէն պզտիկ գոհացում կուտային՝ զմեզ լռեցնելու համար Միտիա—Ենա գծին վրայ։ Իսկ ներկայ պարագային մէջ մեր գոյութեանը [հետ] կը խաղայ։



[1] Զարգանալ։

[2] Հովանաւորչութիւն։

[3] Տակտիկան։

[4] Ափհանում, դեսանտ։

[5] Ջրանցք։