Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

49. [Սեպտ. ] 20/2 Հոկտ. 1914, Երկուշաբթի գիշեր


Տոքթ. Դաւիթեան տունս եկաւ եւ իմ կարծիքս հարցուց հեռագրի մը պատճէնին մասին, զոր Ազգ. վարչութիւնը պատրաստեր էր գաւառները խրկելու համար։ Երկու փոփոխութիւն մտցուցի.

1. Հեռագիրը կ’սկսեր ըսելով, որ մեր երկիրը յարձակման ենթակայ եղած էր՝ Դուչարի թէառուզ օլմիշ։ Այդ պարբերութիւնը վերցնել տուի, անոր տեղ ըսելով պարզապէս, որ մեր երկիրը պատերազմական վիճակի մէջ կը գտնուի ուրիշ պետութիւնների հետ՝ Մէմլէքէթըմըզ դա բիր քաչ դէւլէթլէրիյլէ հինի հարբդա բուլունըր։

2. Ըսուած էր հոն՝ պարտականութիւններ կատարեցինք մեծագոյն չափով՝ (1ա. թրք. Ես դնել տուեցի ինչպէս [պարտ էինք] որ բիհակ։

Չնչին երեւցող այս փոփոխութիւնները, առանց վնասելու նպատակին, մեծ նշանակութիւն ունին։

Խորհուրդ տուի, որ այս հեռագիրը պատերազմի յայտարարութենէն առաջ չի խրկեն։

Յետոյ պարզեցի իրեն այն մարդասիրական բնոյթ ունեցող կարգ մը գործերը, որ թուրք եւ իսլամ զանգուածին մտայնութիւնը մինչեւ աստիճան մը պիտի չափաւորեր եւ ռուս—թուրք պատերազմին անխուսափելի հակայարուածը կազմելիք կոտորած եւ թալանի հակամիտութիւնները պիտի մեղմեր։

Տոքթօռը համամիտ գտնուեցաւ ինծի եւ խօսք տուաւ գործադրել ըսածներս։ Պատմեցի իրեն, որ առտուն ալ նոյնիմաստ նամակ մը խրկեր էի Պատրիարքին։

Տոքթ. ըսաւ ինծի, որ այդ հեռագիրը խմբագրած միջոցին Ներսէս Պատրիարքի 1877ին գաւառները խրկած հեռագրին պատճէնը գտնել տուած էին։ Խիստ ողորմելի գրութիւն մըն է եղեր։

Ասով հաստատուեցաւ անցեալ օրուան խորհրդակցական նիստին մէջ ըսածս, որ քիչ մը ամբարտաւան երեւցած էր ներկաներուն։

Քէչեան խորհուրդ տուած էր, որ Ներսէս Պատրիարքին գրածին նման բան մը գրուի։ Մանկունի եպիսկոպոս՝ նոյնպէս։ Ամէնքը համամիտ երեւցան։ Ես ընդդիմացայ՝ ըսելով.

Կը յարգեմ Ներսէս Պատրիարքին յիշատակը, մեծապէս կը յարգեմ իբրեւ ազգ. ազատագրութեան համար աշխատող եկեղեցական մը։ Բայց չեմ ընդունէր, [որ] անկէ ի վեր մենք անկէ լաւագոյն գործ մը չենք կրնար ընել կամ լաւագոյն կերպով խմբագրուած գիր մը չենք կրնար գրի առնել։ Ինչպէ՞ս ընդունիլ, որ 40 տարուան մէջ մենք stationnaire [1] մնացած ըլլանք՝ Ներսէս Պատրիարքի հմտութենէն եւ իմաստութենէն քայլ մը յառաջ գացած չըլլալու չափ։ Եթէ այդպէս ըլլար, պէտք պիտի ըլլար մինչեւ Շնորհալին կամ Լուսաւորիչն ետ դառնալ։ Ասոնք սխալ գաղափարներ են։ Մենք հայկական դատը պաշտպանեցինք Ներսէս Սրբազանէն շատ աւելի յաջողութեամբ, շատ աւելի աննպաստ պայքաններու մէջ։ Պատրիարքարանը կարող է անոր գրածէն լաւագոյն գիր մը գրալ՝ ի հարկէն աւելի նուրբ, աւելի իմաստալից։ Այսօրուան վիճակը անբաղդատելի կերպով ծանր է՝ բաղդատմամբ Ներսէս Պատրիարքի ժամանակուան։ Ան ատենը ամենազօր Ռուսիա կար եւ անդին՝ Եւրոպա մը։ Հիմա ո՛չ մին կայ եւ ո՛չ միւսը։ Մենք իբրեւ պատանդ կը մնանք Թուրքիոյ ձեռքը։ Ջանանք քիչ վնասով (մարդու եւ ստակի) դուրս ելլել մինչեւ փրկութեան ժամը, որ մօտ է։



[1] Անշարժ, անփոփոխ։