66.
[
Մարտ
]
19
/
1
Ապրիլ,
1915,
Հինգշաբթի
Ա.
Բաւական
ատեն
է
տող
բան
գրած
չունիմ։
Պատերազմական
վիճակը,
որ
առաջ
այնքան
կը
վրդովէր
զմեզ,
տակաւ
(վարժութեան
հետեւանքով)
իր
տարօինակութիւնը
կորսնցուց։
Հարկաւ,
միշտ
ամենամեծ
հետաքրքրութեամբ
կ’ուզենք
դէպքերը
իմանալ,
բայց
այսչափ
միայն։
Վերջին
օրերուն
կարեւոր
դէպքը
դաշնակիցներուն
կողմէ
Տարտանէլի
դէմ
սկսուած
նախապատրաստական
գործողութիւներէն
ետքը
կատարուած
յարձակումին
ձախողանքն
է։
Այս
յաջողութիւնը
թուրք
շովէնութեան
վերջին
մխիթարանքներէն
է։
Երկու
օր
առաջ
Սեւ
ծովի
նեղուցին
դէմ
ռուսական
թնդ
անօթները
որոտացին։
Դիմադրութիւնը
կրնայ
երկար
ըլլալ
շնորհիւ
գերմանացիներուն,
բայց
հիմակուց
Կ.
Պոլսոյ
ճակատագիրը
ըստ
իս
վճռուած
է։
Քանի
մը
ամիս
չանցած
Կ.
Պոլիս
պիտի
դադրի
Թուրքիոյ
մայրաքաղաքն
ըլլալէ։
Բ
Ուրիշ
տեսարան
մը,
որ
ազգերու
բարոյականին
մասին
մեծ
վաւերագիր
մըն
է,
այն
ալ
վերջին
պահուն
հելլէնաց
դրժումն
է
դաշնակիցներուն
հետ
քալելու
համար
տրուած
խոստումին։
Վենեզիլիոսի
անկումը
հելլէնաց
ցոյց
կուտայ
հելլէն
ազգին
նկարագիրը։
Ապաքէն
բոլոր
Արեւելքի
ազգութիւնները
միեւնոյն
բարոյական
նկրտումի
ապացոյցը
տուին
աշխարհի։
Բոլոլրն
ալ
Ռուսիոյ,
Անգլիոյ
եւ
Ֆրանսիոյ
շնորհիւ
ազատութիւննին,
անկախութիւննին
վերստացած՝
բոլորն
ալ
միացած
են
իրենց
բարերար
ազգութեան
դէմ
ապերախտ
գտնուելու
տխուր
դերին
մէջ։
Ստրկութեան
դարերուն,
անկումի
մէջ
մնացած
ազգերու
բաժինն
է
աս։
Անդին
Պելճիքան
իր
վեհանձնութեամբը,
անձնազոհութեամբը
հիացումէ
հիացում
կը
տանի
զմեզ։
Վստահ
եմ,
ափսո՜ս,
որ
հայերս
ալ
պուլկարներէն
եւ
հելլէններէն
աւելի
ստորին
բարոյականով
մը
երեւան
պիտի
գային,
եթէ
երբէք
կարգը
մեզի
եկած
ըլլար։
Գ
Ուրիշ
տեսարան
մը,
ոչ
նուազ
ապշեցուցիչ.
ազքովս
տեսայ
պաշտօնակիցներ,
որոնց
համեմատ
թուրք
կառավարութենէն
կաշառք
կ’ստանար
Կենատիեֆ՝
պուլկար
քաղաքական
մարդը։
Այս
կաշառումը
անոր
եղբօր
անունով
օսմ.
զինուորական
իշխանութեան
վաճառած
կաենրգ
մը
նպարեղէններու
պայմանագրութեան
մէջ
ծածկած
են։
Ո՛վ
գիտէ,
որ
ատոր
մէկ
մասը
նոյնիսկ
Ռատոսլաւովսքիին
ձեռքը
չանցներ։
Ստրկութիւնէ,
հպատակութիւնէ
հազիւ
դուրս
ելած
ազգութիւններ
եւ
քսաներորդ
դարու
շահաւէտ
իրականութիւնը
ահաւասիկ
ինչ
արդիւնքներ
կուտան։