Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

30. [Շաբաթ, Դեկտ. 28], 10 [Յունուար, 1914]


Հինգշաբթի գումարուեցանք: Պատրիարքը բացակայ է: Շատ մը պարապ խօսքերու փոխանակութիւն: Յանկարծ Պատրիարքին նամակը տանող բարապանը դարձաւ: Դեսպանը հետաձգեր է մեկնումը: Ուրէմն Հայկ. դատին վրայ պիտի պնդէ, ուրէմն նոր հրահանգներ ստացեր է Բէթէրպուրկէն: Նոր յոյս մը կը ծագի մեր սրտերուն մէջ: Ամէն բան կը մոռանամ: Կը խնդակցինք, եւ նիստը կը դադրեցնենք առնուելիք ստոյգ լուրերուն համեմատ ի հարկէն նորէն գումարուելու համար: