Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

56. 3/16 Նոյեմբեր, 1914, Երկուշաբթի


Շաբաթ օր մեծ կատակերգութիւնը ներկայացուեցաւ. թուրքերը հանդիսաւոր կերպով ճիհատը էքպէր հրատարակեցին չորս պատերազմիկ պետութեանց դէմ՝ Ռուսիա, Ֆրանսա, Անգիա եւ Սերպիա։ Այս խեղկատակութեան վրայ թուրքերն առաջինն են ծիծաղող։ Կիրակի գիշեր թուրք երեւելիներու հաւաքոյթի մը մէջ չորս ֆէթւաները բաւական զուարճութեան նիւթ եղա[ն]։ 20րդ դարուն մէջ սուրբ պատերազմի հրամանը սկեպտիկ վերաբերումէ ուրիշ ընդունելութիւն չի գտնէր նոյնիսկ թուրք ազգին մէջ։ Բարձր դասին մէջ, վասնզի անիկա բաւական զարգացած է եւ այս կերպ կառավարական խաղերէն ատենէն վեր է. ժողովրդային դասերուն մէջ, վասնզի անիկա իր անձնապաշտպանութեան բնազդովը եւ 300 տարուան փորձառութեամբ գիտէ ատոր կորստաբեր վախճանը։

Պոլսոյ հասարակութիւնը իմ կարծիքովս չի մասնակցեցաւ արդէն այս ցոյցին։ Իթթիհատը կազմակերպեց զայն եւ իր արբանեակները այսպէս են՝ իր... պէս եւ իսլամ առեւտրականներու՝ Ռումէլիէն եկած տարբեր մարմիններ. միեւնոյն մարդիկ, ընդամենը 100էն 200 հոգի՝ զանազան պիտակներով բազմապատկուած, որոնց վրայ կ’աւելնայ ստորին դատարկապորտներու բազմութիւն մը։ Բուն քաղքին բնակչութիւնը, որ հրաւիրուած էր սակայն կառավարութեան կողմէ տրուած հրահանգներով մասնակցելու այս ցոյցին, իր տանը մէջ մնաց։

Երկու մեծագործութիւններ շաբաթ օրուան ցոյցին տուին իր իսկական հանգամանքը. առաջինը՝ Կալաթասարա[յի] մէջ կանգնած ռուս յուշարձանին քանդումը, երկրորդը՝ կարգ մը թշնամի տէրութեանց պատկանող առեւտրական հաստատութեանց դէմ յարձակումը։ որոնք Թոքաթլեան հասատատութեան աւերումովը վերջացան։ Ոստիկանութիւնը իր աւանդական դերին մէջն էր՝ այս անգամ ալ դիւրացնելով աւերողներուն գործը։ Խե՜ղճ Թոքաթլեան, որքա՜ն անձնուիրութեամբ էր ծառայած 5 տարիէ ի վեր բոլոր Իթթիհատի մեծերուն եւ պզտիկներոն, միմայն այսօրուան կոտորածէն փրկուելու երաշխաւորութիւնն ստանալու համար, Թալաաթէն Էնւերէն սկսելով, մի՛նչեւ էն հետին իթթիհատականները իր սիրալիր préséanseներովը [1] շրջապատուած էին ամէն ժամ։ Բերայի եկող գացող բոլոր կառավարիչները, ոստիկանապետները իր ամէնէն աւելի մեծարուած հիւրերն էին։ Իզո՛ւր այս ամէնը։ Անոնց հրամանովը եւ գործակցութեամբը իր հաստատութիւնը փլաւ։ Սպասենք վերջին։

Իմ կարծիքովս Թոքաթլեան երկու կերպով արժանացաւ այն բախտին. մին՝ իբրեւ ռուս հպատակ, որ Թուրքիոյ հպատակութենէն հրաժարած ըլլալու ծանրացուցիչ արագան ունէր։ Միւսը՝ իբրեւ հայ տնտեսական ոյժ մը, զոր փճացնելը թուրք տնտեսական նոր քաղաքականութեան իրաւունքն է։



[1] Ներկայութիւն։