24.
[Դեկտ.
25/7
Յունուար,
1914,
Չորեքշաբթի]
...
Լրբութիւնները
անգիտակ
անցած—դարձածին,
միմիայն
սուտով
ու
զրպարտութիւնով
զինուած
իրենց
քսութիւնները
շարունակեցին:
Այսօր
ատոնք
ամօթահար
եղած
են
արդէն:
Պատրիարքն
ալ,
Քաղ.
ժողովոյ
ատենապետն
ալ,
Ապահովութեան
յանձնախումբն
ալ
ամօթով
են
քովս
եւ
զգալու
վրայ
են
գործուած
սխալին
մեծութիւնը:
Բայց
ուշ
է
արդէն:
Դեսպանին
լուր
խրկեցի
իսկոյն,
եւ
պատասխան
եկաւ,
թէ
դեսպանը
touché
[1]
է:
Այդ
պարագային
համար
պատգամաւորութիւնը
աւելորդ
է:
Պատրիարքին
նամակը
Վահանին:
Վաղը
նիստի
հրաւէր
է
եղեր:
Ապահովութեան
յանձնաժողովը
կը
խնդրէ,
որ
անպատճառ
ներկայ
գտնուիմ:
Գտնուիմ`
շատ
լաւ,
բայց
ի՞նչ
ընելու
համար: