Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

37. 4/17 Յունուար, 1914, Շաբաթ


Առտու կանուխ Վահանը եկաւ տունս։ Քիչ վերջը՝ Կարօն։ Վահանը առջի իրիկուն պ. Մանտէլսթամը գացեր գտեր է դեսպանատան մէջ։ Քանի օր է, որ թարգմանը իրեն հեռու կը պահէ մենէ։ [Վահանը] գիտնալով հանդերձ, որ թարգմանը պիտի տժգոհի՝ գացեր է զինքը բռնելու։ Այս յեղափոխական միջոցը օգուտ մը չէ ունեցեր։ Մանտէլսթամ նախ բաւական ծանր ակնարկութիւն մը ըրած է այս հետապնդումին դէմ. «Արդեօք հայերը այնչափ յառաջ կ’երթա՞ն, որ դեսպանատան աբամենէրը contrôler [1] ընելու բաւականութիւնը ունին», ըսեր է։ Մեր մօտ չի գալու պատճառը յայտնի է. որոշ լուր չունի, որ բերէ մեզի։ Վահանը պարապ դարձած է ուրեմն։

Կարօին ոտնաձայնը մեր սանդուխներուն վրայ կը ճանչնամ գրեթէ։ Զանգակը կը զարնոի. ներս կը խուժէ, քան թէ կը մտնէ. վերելքէն կարմրած երեսը կը ճառագայթէ յաղթական ձեւով. ձեռքը գրպանը կը տանի հրովարտակ մը հանելու ձեւով. երեք էջ ֆրանսերէն թուղթ մըն է, իրատէ մը որպէս, որուն վրայ համաձայնութիւնը գոյացեր է դեսպանին եւ Դրան միջեւ, բացի մէկ կէտէ, կարեւոր կէտէ մը։ Առաւօտեան Մանտէլսթամ կանչեր եւ յանձներ է՝ խնդրելով, որ զայն մեզի բերէ եւ մեր կարծիքը, վերջնական կարծիքը, գրաւոր հասցնէ իրեն մինչեւ ժամը 3. այդ ժամուն դեսպանը Դուռը պիտի երթայ եպարքոսը տեսնելու եւ կ’ուզէ հայոց մտածումը գիտնել, ըստ այնմ խօսելու համար հոն։

Կարօն երջանիկ է. ուրախութենէն աչքերը կը վառին. միգուցէ հայկական ինքնավարութիւն բերէ մեզի։ Աչքի կ’անցնեմ թուղթը. ծանօթ բաներ են բոլորը, իմ դիտած convention [2] ը հիմը կը կազմէ անոր, այն զորս անընդունելի դատեր էին ի սկզբման մեր հայրենասէրները… Կիրակի գիշերուան հռչակաւոր ժողովին մէջ։ Իհարկէ, այդ օրէն մինչեւ այսօր գաղափարները փոխուած էին։ Ամէնքը գրեթէ կը խոստովանէին գործուած սխալը, նոյնիսկ կը խնդրէին, որ Խալիլ պէյի հետ խօսիմ, բայց ականջ չի կախեցի այս յեղյեղուկ մարդոց եւ զգոյշ կեցայ։ Այս դիրքս աւելի խոր կերպով ազդեց վրանին. ամէն լուրէ եւ հաղորդակցութենէ զուրկ մնացի եւ ճանչցան, թէ ի՛նչ մեծ սխալ է թեւերը ծալլած նստիլ եւ traiter [3] չընել։ Հարցումները ընելը, եթէ ուրիշ ոեւէ արդիւնք չունենայ, միայն իբրեւ լուր առնելու միջոց բաւական է։ Ո՞րի հասկցնես այս բաները։ Մաքուր միտքեր ու սիրտեր կան շուրջս հարկաւ, բայց դիւանագիտական ճարտարապետութեաց եւ նրբութեանց ընդունակ՝ ոչ ոք։ Դէպքերը կուգան հետզհետէ անագորոյն կերպով մը արդարացնել իմ տեսութիւններուս ուղիղ ըլլալը։ Հիմա ալ աւելի déférence [4] ով մտիկ կ’ընեն խօսքերուս։

Պէտք է ուրեմն մինչեւ ժամը 3 Պատրիարքարանը իր կարծիքը տայ։ Վահանը կը վազի Ապահովութեան յանձնաժողովը ստիպողաբեր գումարելու Պատրիարքարանին մէջ ժամը 1ին։ Կարօն կարծիքս կը հարցնէ։ Proprement [5] կը քննեմ. կէս առ կէս խնդիրը կիսով միայն լուծուած է. թուրքերը կ’ընդունեն զայն Վանի եւ Պիթլիս[ի] համար, մնացածը համեմատական կը պահեն։ Պաշտօնեից մասին՝ ոչինչ։ Կրթական մասն ալ, զոր դեսպանը ընդունած է այդէն, ոչինչ չի նշանակեր։ Իմ կարծիքս է՝ խնդրել, որ ջանան կէս առ կէսի խնդիրը քիչիկ մը եւբ améliorer [6] ընել որչափ որ հնար է, պաշտօնէից համար միայն կէսը մտցնել, իսկ gouvernement [7] ի եւ (1ա. ֆր. ) համար անպատճառ այդ սկզբունքը ապահովել, կրթական խնդրոյն մէջ տուրքերու համեմատական բաժին ուզել, համիտիէներուն ընդհ. բանակին մէջ մտցուիլը խնդրել։ Այսչափ։ Կարօն համամիտ է ինծի։ Իսկոյն կը խմբագրեմ դեսպանատան մատուցուելիք թուղթը, որպէս[զի], եթէ ժողովքն ընդունի, պատրաստ ըլլայ եւ ժամանակին հասցնենք։ Թուղթը գրպանած դրած, Կարօին հետ ճամբայ կ’ելնեմք։ Ես կը հասկցնեմ իրեն, փորձառութիւններէս օգտուած, որ այս պատրաստ թուղթն երեւան չի պիտի հանեմ ժողովքին մէջ, ոչ ալ ոեւէ կարծիք մը պիտի յայտնեմ սկիզբէն։ Եթէ այդ մեղքը գործեմ, ամէնքը պիտի դիմադրեն, նոյնիսկ Վահանը։ Վերջին ժամուն իմ կարծիքս պիտի տամ եւ թուղթն ալ իբրեւ թէ հոն գրի պիտի առնեմ։ Ընկերնիս բոլորն ալ, բացի խորհրդարանական յանձնախմբի [անդամներէն] (Շահրիկ, Խօճասարեան եւ տէր Մովսիսեան) ազնիւ մարդիկ են, բայց իրենց հոգեկան վիճակը այս զգուշութիւններուն դեռ պատրաստ չէ։

Այդպէս ալ կատարուեցաւ։ Ժողովքին մէջ թող տուի։ որ խօսքին, հոգնեն։ Ամէնքը կ’ապշին, որ բառ մը չեմ [արտասաներ]։ Վերջապէս Պատրիարքը կարծիքս կ’ուզէ։ Կը յայտնեմ զայն։ Կ’ընդունուի։ Կը խնդրեն, որ գրի առնեմ դեսպանին տրուելիք թուղթը։ Քովի սենեակը կ’առանձնանամ։ Քիչ յետոյ առտուընէ պատրաստ թուղթս կը ներկայացնեմ իրենց։ Պատրիարքը կ’ուզէ։ Կը յայտնեմ զայն։ Կ’ընդունուի։ Կը խնդրեն, որ գրի առնեմ դեսպանին տրուելիք թուղթը։ Քովի սենեակը կ’առանձնանամ։ Քիչ յետոյ առտուընէ ատրաստած թուղթս կը ներկայացնեմ իրենց։ Պատրիարքը կ’ուզէ Էրզրումի համար կէս առ կէս ուզենք։ Յայտնելով հանդերձ, որ չի պիտի յաջողինք, «Շատ լաւ» կ’ըսեմ։ Ամէն ոք իր մտածութեանց մէջ թաղուած է։ Ժողովականները սխալ բան չընելու վախին տակ են։ Վահան Փափազեան դիտել կուտայ, որ նիստի ամր օրինաւոր թիւ չէ գոյացած, Պատրիարքն իր պատասխանատւութեան տակ այս թուղթը պիտի խրկէ ուրեմն, քանի որ ստիպողական է։ Խուժանավարութիւնն այն աստիճան է, որ խեղճ մարդը կը վարանի, վերջապէս կը համոզուի։ Կարօն պիտի տանի թուղթը։ Ժամը 3էն քառորդ պակաս է։ Թերեւս դեսպանը Դուռը գացած ըլլայ։ Այն ատեն պէտք չէ, որ թուղթը յանձնուի. կանոնաւոր նիստով որոշում կուտանք։ Միայն ստիպողականութեան առջեւ պատասխանատւութիւն ստանձներ է խեղճ մարդը։ Անցած օրուան դաւադրութեան հեղինակներէն կը վախնայ։ Անոնք պիտի մնան, երբոր աշխատութիւն կայ կատարելիք։ Բայց իրենց ստորերկրեայ եւ անմիտ նենգութիւնները պիտի շարունակեն։ Երբ «Պատասխանատւութիւն» բառը բերնէ բերան կ’ելնէ, կարծես Պատրիարքին ուսերը [կը] կքին այս բեռին ծանրութեան տակ։ Ես կը ծիծաղեմ այս բաներուն վրայ։

իրիկուն ժամը 8ին դեսպանը պ. Մանտէլսթամը ինծի ուղարկեց. կարծիքս կը հարցնէ ձեռք բերած արդիւնքին մասին։



[1] Հսկել։

[2] Համաձայնագիր։

[3] Քննարկել։

[4] Յարգանք։

[5] Ըստ էութեան, իմանաւորապէս։

[6] Բարելաւել։

[7] Վարչութիւն։