Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

65. 10/ 23 Յունուար, [ 1915, ] Շաբաթ իրիկուն


Այսօր Մալիյէ եւ Հարպիյէ գացեր էի։ Լեւազէմաթ դիւանի Իսմայիլ փաշային քով գտնուած միջոցիս տեղի ունեցած խօսակցութենէ մը վերահասու եղայ, որ պ. Կենատիէֆ՝ պուլկար պետական մարդը, 6 միլիօն լուբիա թուրք զինուորական վարչութեան հանձնելու պայմանագրութիւն մը կնքած է խիստ նպաստաւոր գինով մը։ Մալիյէէն վերադարձիս այս գործին վերաբերեալ օրինական մէկ կէտի մասին իմ կարծիքս հարցուեցաւ, եւ այս առթիւ բուն պայմանագրութիւնը տեսայ. հոկտ. 277ին թուականը կը կրէր։ Պ. Կենատիեֆ 3 ամսուան մէջ 6. 000. 000 օխա լուբիա պիտի յանձներ՝ փոխարժէքին կանխիկ վճարման դէմ։ Ատիկա պուլկար պետական մարդոց մէջ կաշառակերութեան յառաջադիմութիւնները կը ցուցնէ։ Ահաւասիկ պուլկար դիւանագէտ մը, որ օտար պետութենէ մը առեւտուրի [պարտադրեալ] ձեւին տակ կաշառք ստանալու կը նուաստանայ։ Ասանկ գարշանքներ չեմ կարծէր, բացառութիւն ըլլան։ Այսպիսի աղտեղութիւններ տեսնողները կ’զգան, որ կառավարութեան պետական անձնաւորութիւն եւլն կոչուած բաները մէկդի նետելու եւ ժողովուրդներն ուղղակի իրենցմով կառավարելու ժամը հնչած է։