Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

54. [Հոկտ. ] 21/3 Նոյեմբեր, 1914, Երեքշաբթի, կէս գիշեր


Հիմա Ճ[աւիտ] պէյէն կը վերադառնամ. մտերմական խօսակցութիւն մը, որ խիստ շահեկան կարգ մը յայտնութիւներ բերաւ մեզի։

Նախ իր հրաժարականին մասին խօսեցանք։ Ես approuver [1] ըրի իր ընթացքը Ամէն այցելուները (որոնց մէջ Հալաճեան եւ Վարդգէս) հակառակ կարծիք յայտներ էին. ըսեր էին, որ թէեւ սկզբմամբ, հակառակ պատերազմի գաղափարին, պէտք էր կատարուած իրողութեան առջեւ մնաց դահլիճի մէջ, իր ազգասիրութիւնէն չի զրկէր զայն եւ աւելցնէր յաջողութեան chanse [2] երը՝ որ պզտիկ չափով որ ըլլայ։

Ես պարզեցի իմ միտքս. թէ որ կատարեալ իրողութիւններու առջեւ գտնուելն պարտադրէ, հակառակ գաղափարէ մը եղողները իրենց համոզման հակառակին նուիրուելու՝ ատիկա դրդիչ պատճառ պիտի ըլլայ, որպէսզի ամէն ոք իր կարծիքէն շեղողը fait accompli [3] ի մը առջեւ դնէ։ Աւելցուցի, որ ներկայ պարագան, որ եթէ ոչ Թուրքիոյ բոլորովին անհետացման, գոնէ Պոլսւոյ ձեռքէ ելլելուն եւ ամենամեծ չափով այս տէրութեան սահմաններուն նուազելուն պէս հետեւանքներ պիտի ունենայ։ Ատոր պատճառ եղող նախարարները ոչ միայն պատմութեան առջեւ, այլ աւելի մերձաւոր պատասխանատւութիւններու պիտի ենթարկէ։ Յետոյ որքան ալ մեծ ըլլայ աղէտը Թուրքիոյ ամար, դարձեալ այս պետութեան մնացորդ շահերը կարելիութեան սահմանին մէջ պաշտպանելու համար մտքի, գրչի եւ լեզուի տէր մարդոց պէտք պիտի ըլլայ։ Ճ. պէյ քաշուելովը այժմէն կրնայ ճիշդ այդ պարագային ծառայել իր երկրին, եւ պզտիկ գործ մը չէ ատիկա։ Եւ ասիկա այժմէն խորհելիք պարագայ մըն է, որ խոհեմութիւնը չի ներիր, որ անտեսուի։ Ասոր դէմ Թալլաթ պէյ եւ իր առաքեալները ըսեր են, որ ներկայ պատերազմը «Tout ou rien»ի ատերազմն է։ Թուրքիա իբրեւ իսլամական կայսրութեան կազմութեան կամ բոլորովին բնաջինջ ըլլալուն մէջ միջին բան չի կայ։ Այս երկու ծայրայեղ լուծումներն ալ ըստ իս ճիշդ չեն։ Ձախողանքը գրեթէ ստոյգ ըլլալով հանդերձ, անոր հետեւանքը պիտի ըլլայ Թուրքիան 4—5 թուրքաբնակ վիլայէթներու մէջ ամփոփել, ինչ որ բնական եւ քիչ մըն ալ բանաւոր կարգադրութիւն մը պիտի ըլլար միջազգային իրաւագիտութեանց սկզբմանց համեմատ։ Թերեւս ոեւէ ձեւով մը Կ. Պոլիսն ալ անոր կցել կարելի ըլլայ (քիչ հաւանական)։ Ճիշդ այդ ձեռք բերելու համար պետական մարդիկ պէտք են որ brulé [4] եղած չըլլան։ Ճ. պէյ հրաժարական տալովը հիմա, այդ հաւանական ծանր գործին աշխատելու հնարաւորութիւն կ’ունենայ։ Թիէրի օրինակը 1870—71ին ըսածս կը հաստատէ։ Այս ըսածս այնքան ստոյգ է, որ եթէ Ճ. պէյ իրապէս պատերազմի հակառակ չըլլար եւ հրաժարական ներկայացուած չի գտնուէր, պէտք էր (մուաշուայով) բաժնուեր ան cabinetէ՝ պետական մարդոց պահեստին մէջ սպասելու համար։

Ճ. պէյ ինծի բոլորովին համամիտ ըլլալը յայտնեց։



[1] Քաջալերել, խրախուսել։

[2] Հաւանականութիւնը։

[3] Կատարուած փաստ։

[4] Այրուած։