Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

42. [Յունուար] 26/8 Փետր. [1914], Կիրակի առտու


Պատմական օրն է այս։ Փափազեանը եկաւ Մանտէլսթամի քովէն։ Բէթրպուրկէն հեռագիր եկած է. [réaliser] [1] ընելու վրա են, հաստատական ըլլալու է։ Ուրեմն, թերեւս այսօր իսկ համաձայնութիւնը պիտի prononcer [2] ըլլայ։ Շնորհակալումին հեռագրերը եւ նամակները, որ պատրաստած եմ եւ քովս պահած 9 օրէ ի վեր, վերջապէս ահա պէտք կ’ըլլան։

Վահանը կը կարծէ, որ նոյնիսկ անոնց մէջ շատ վերապահութիւններ մտցնելու ենք։ Թէեւ ինքը ատոր հակառակին համոզուած՝ խուժանավարութենէն կը վախնայ։ Շահրիկ—Խօճասարեան intriguen [3] ներն իրաւցնէ ինչ groupe [4] (1ա. ֆր. ) արձանագործ մը ներշնչելու բաւական [են]։ Անդին բոլոր հայ յուսադրողները տժգոհ երեւնալու ջանքեր կ’ընեն։ Հեռագիրները աչքի կ’անցնեմ։ Արդէն ապագայի պահանջումներին ամէնուն մէջն ալ զետեղած են շատ զանազան ձեւերով։ Ի՞նչ կ’ուզեն աւելի՝ չեմ հասկնար։ Պէ՞տք կար այս ուրախ օրն այդ չար ու վհուկի հոգիներու խարդաւանքներովը տրտմինք։ Կարեւոր է, որ յաջողինք, որ Վարչութիւնը հրաժարական տայ։ Իր պաշտօնը լմնցաւ, վտանգը անցուցինք։



[1] Իրականացնել։

[2] Կայացնել։

[3] Խարդաւանք։

[4] Խումբ։