62.
4/17
Դեկտ.
1914,
Հինգշաբթի,
կէս
գիշեր,
ժամը
1
Հիմա
Ճաւիտ
պէյէն
կը
դառնամ։
Թուրքերուն
ինչ
պայմաններուն
մէջ
այս
պատերազմին
մասնակցելուն
մասին
կարգ
մը
տեղեկութիւններ
հաղորչեց
մտերմական
խօսակցութեան
մը
մէջ
որ
մինչեւ
կէս
գիշեր
տեւեց։
Երեք
հոգի
ենք.
ես,
Ճաւիտ
պէյ
եւ
Նամի
պէյ՝
նախորդ
Մեծ
եպարքոս
Սայիտ
փաշայի
փեսան։
Ճաւիտ
պէյ,
առաջին
անգամ
ըլլալով,
ըսաւ
մեզի,
որ
եւրոպական
պատերազմին
յայտարարութենէն
քիչ
ետքը
թուրք
դահլիճը
յանձն
առած
էր
մասնակցելու
յօգուտ
Գերմանիոյ։
Այս
յանձնառումը
կատարուած—լմնցած
էր
առանց
բոլոր
դահլիճին
բոլոր
անդամներուն
գիտութեանը։
Սկիզբէն
ի
վեր
քրիստոնեայ
նախարարներուն
այսպէս
կարեւոր
խնդիրներու
մասին
ոեւէ
տեղեկութիւն
չէր
հաղորդուէր,
բայց
այս
անգամ
իսլամ
նախարարներէն
շատերէն
ալ
գաղտնի
պահուած
էր
այս
յանձնառութիւնը։
Ճաւիտ
պէյ
շարունակեց.
—
Երբ
նախարարաց
մասնակի
խորհուրդի
մը
մէջ
այս
եղելութիւնը
հաղորդուեցաւ,
իսկոյն
ըսի,
որ
ես
[այդ]
մասին
պատասխանատւութիւն
չէի
կրնար
ստանձնել։
Այս
գործը
կատարողներն
էին
սատրազամ
Սայիտ
Հալիմ
փաշա,
Թալաաթ
պէյ,
Էնվեր
փաշա
եւ
Խալիլ
պէյ։
Խալիլ
պէյ
այս
չորսին
մէջ
դիւանագէտի
անուն
ունի։
Անիկա
կարդաց,
թարգմանեց
եւ
մեկնեց
յանձնառութիւնը
իբրեւ
ոչ
պարտադրիչ
Թուրքիոյ
համար։
Ֆրանսերէն
բնագիրը
թոյլատու
չէր
ասանկ
մեկնութեան
մը.
անիկա
կատարեալ
յանձնառութիւն
մըն
էր։
Այս
պարագան
դիտել
տուի
անոնց
եւ
ըսի,
որ
այս
թուղթով
պատերազմի
մէջ
պիտի
մտնենք։
Ընկերներս
հակառակ
հաւաստիք
տուին։
Ատիկա
կամովին
կուրութենէ
կամ
թերեւս
զիս
համոզելու
համար
հնարքէ
մըի
զատ
բան
մը
չէր։
Ըսի,
որ
հրաժարականս
ընդունին։
Չընդունեցան՝
առարկելով,
որ
պատերազմի
իրենք
ալ
տրամադիր
չեն
եւ
թէ
այս
թուղթին
այնպիսի
նշանակութիւն
մը
կուտայի,
որ
անիկա
չէր
պարունակէր։
Առաջարկեցին,
որ
համբերեմ։
Համաձայնեցայ՝պնդելով
իմ
տեսութեանս
վրայ։
Ատկէ
վերջը
դէպքերը
գահավիժեցան։
«Կեօպէնին»
Տարտանէլէն
մուտքին
վրայ
պնդեցի,
որ
պէտք
է
զինաթափ
ըլլար
եւ
այս
առթիւ
հրաժարականս
խրկեցի։
Չընդունեցին
եւ
ըսին
ինծի,
որ
անտեղի
ենթադրութեան
վրայ
կը
յենուիմ։
Յետոյ
գերման
ծովակալին
եւ
զինուորներուն
«Կեօպէնին»
վրայ
մնալուն
դիտողութիւն
ըրի։
Ան
ալ
անլսելի
եղաւ։
Երբ
«Կեօպէնի»
Սեւ
ծով
երթալը
իմացայ,
բոլոր
ոյժովս
ընդդիմացայ,
բայց
իզուր.
ըլլալիքը
եղաւ։
Նախարարապետը
անհասկանալի
ընթացք
մը
ունեցաւ։
Թերեւս
ան
խաբուեցաւ
Գերմանիոյ
հանդէպ
առնուած
engagementին
[1]
ոյժին
մասին։
Եթէ
այնպէս
է,
եթէ
իրօք
պատերազմի
հակառակ
էր՝
պէտք
էր
իր
հրաժարականին
վրայ
պնդէր,
ինչ
որ
չըրաւ։
Անգլիա
«Ճերմակ
տետրակ»
մը
հրատարակած
է,
ուրկէ
կը
տեսնուի,
թէ
սատրազմը
շարունակ
հաւաստիք
տուաւ
Երրեակ
Համաձայնութեան,
թէ
ինքը
անկեղծ
չէզոքութիւն
մը
պիտի
պահէ։
Գռեհիկ
ստախօսի
դիրքին
մէջ
ինկաւ
այս
մարդը,
զոր
եւրոպացիները
կը
յարգէին
իբրեւ
իր
խօսքին
յարգը
գիտցող
ազնուական
մը՝
un
prinse
[2]
կամ
un
monsieur
[3],
ինչ
որ
հազուագիւտ
դարձած
էր
մեր
պետական
մարդոց
մէջ։
Երբոր
պատերազմը
ծագեցաւ,
նորէն
ժողովեցանք.
նախարարական
մասնակի
ժողով,
ուր
Խալիլ
պէյ
եւ
Իթթիհատի
կեդրոնէն
ոմանք
ներկայ
էին։
Դարձեալ
Խալիլ
պէյին
եւ
ըսի.
«Կը
յիշե՞ք
այն
օրը,
որ
Դուք
ինծի
մեր
յանձնառագիրը
կարդացինք։
Չըսի՞
Ձեզի,
թէ
ատիկա
պատերազմի
մասնակցելու
յանձնառութիւն
է
եւ
թէ
ատկէ
փախուստ
չի
պիտի
կրնաք
տալ։
Այն
ատեն
հակառակ
հաւաստիք
տուիք
ինծի.
տեսա՞ք
պատահածը։
Հիմա
ի՞նչ
պիտի
ըսէք»։
Խալիլ
պէյ
կմկմաց։
Թալաաթ
պէյ
միջամտեց
իսկոյն՝
ըսելով.
«Հիմա
կատարուածին
վրայ
չի
վիճենք»։
«Լաւ,
—
պատասխանեցի,
—
բայց
ես
ազդարարեր
էի,
որ
չի
պիտի
մնամ
դահլիճին
մէջ
պատերազմի
պարագային,
ուստի
հրաժարականս
կուտամ»։
Այս
որոշումը
անդառնալիօրէն
տուի
եւ
անդրդուելի
կեցած
եմ
անոր
վրայ։
Յետոյ
Էնվեր
փաշայի,
Թալաաթ
պէյի,
Ճէմալ
փաշայի
եւ
Խալիլ
պէյի
մասին
կարծիքներ
յայտնեց.
—
Թալլաթ
պէյ
անփոխարինելի
մէկն
է
քօմիէական
խնդիրներու
մէջ,
անդիմադրելի
ոյժ
մըն
է։
Եթէ
ան
իյնայ՝
ամէն
բան
կը
փճանայ։
Ամբողջ
երկիրը
իր
ետեւից
քաշող—տանող
կուսակցութեան
մէջ
ինչ
ներքին
հոսանքներ,
ինչ
անձնական
խնդիրներ
եւ
վէճեր
պատահին՝
ամէն
ոք
կը
հասկնայ.
Թալլաթն
է,
որ
ամէն
ինչ
կը
կարգադրէ,
ամէն
ոք
կը
համոզէ,
իր
ձայնին
առջեւ
ամէն
ոք
կը
խոնարհի։
Եթէ
ան
չըլլայ՝
բոլորը
զիրար
կ’ուտեն,
եւ
Քօմիթէն
կը
կործանի։
Շատ
քաղցր
կը
բանի,
բայց
իրօք
ամենազօրն
է։
Էնվեր
փաշան
ալ
իրեն
մօտ
ազդեցիկ
ու
հարգուած
է։
հարկաւ
քաղաքական
խնդիրներուն
մէջ
հասունութիւն
չունի։
Ինչ
որ
կը
պակսի
մերիններուն՝
այն
ալ
զարգացումն
է.
մեծ
մասամբ
տգէտ
են։
Երեւակայեցէք,
որ
պուլկարներուն
հետ
հաշտութիւն
մը
կնքած
ըլլալուն
համար
անոնք
բոլորը,
մանաւանդ
Խալիլ
պէյդիւանագէտ
կարծեցին
ինքզինքնին։
Պալքանեան
տէրութիւններէն
պարտուած
Պուլկարիոյ
մը
հետ
հաշտութիւն
մը
կնքելու
համար
մեծ
հանճար
մը
ըլլալու
պէտք
չի
կայ։
Սա
ալ
ըսեմ,
որ
մերինները
ինքզինքնին
կը
խաբեն,
կարծելով,
որ
Պուլկարիա
կրնայ
մեզի
հետ
միասին
պատերազմել։
Ատիկա
անհնար
է։
Չէզոքութիւն
–
այսչափ
միայն։
Թանչեֆ
շատ
վճռական
կերպով
յայտնուած
է
ասիկա,
բայց
մերոնք
կը
կարծեն,
թէ
Սոֆիայի
մէջ
աւելի
սէր
կայ
մեզի,
քան
ինչ
որ
դեսպանը
ցոյց
կուտայ։