51.
[17]
30
Հոկտ.
1914,
Ուրբաթ,
առաջին
օր
Պայրամի,
Բերա
Երեկ
գիշեր
Սեւ
ծովու
մէջ
ռուսաց
հետ
դէպք
մը
տեղի
ունեցած
ըլլալը
Բերայի
մէջ
կը
զուրցուէր։
Կը
պատմուէր
նաեւ
Եգիպտոսի
կողմը
ծանրակշիռ
վիճակ
մը։
Մեծին
Բրիտանիոյ
եւ
Ռուսիոյ
հետ
պատերազմը
գրեթէ
հռչակուած
կը
նկատուէր։
Ասկէ
աւելի
ճշգրիտ
բան
մը
իմանալ
հնար
չէր։
Ժամը
10ին
դուրս
ելայ
լուր
մը
առնելու.
իմ
գիտցածէս
աւելի
գիտցող
չի
կար.
շատ
մը
«ըսի
ըսաւներ».
իբրեւ
թէ
բրիտանական
դեսպանատունը
իր
archives
[1]
Միացեալ
Նահանգաց
դեսպանատունը
կը
փոխադրէ
եղեր։
Յետոյ
չնչին
լուր
մը,
որ
շատ
աւելի
վաւերական
կերպով
կը
լուսաւորէ
վիճակը.
մեր
Carde
[2]
ին
մէջ
սպասաւոր
մը
լսեր
է
Բրիտանիոյ
հիւպատոսին
բերնէն,
որ
վեր
պիլարտօ
կը
խաղար,
թէ
հաւանականաբար
վերջին
անգամն
էր,
որ
այս
զուարճութիւնը
կը
վայելէր
Կ.
Պոլսոյ
մէջ։
Այս
առտու
Մուայիտէյի
գացի.
ծանօթ
հանդէսն
է
սա
փոքրիկ,
ուշագրաւ
պարագաներով.
գերման
սպաներ[ուն]
թիւը
խիստ
շատ
է
եւ
երեսփոխաններունը՝
խիստ
քիչ։
Նախարարապետը
բացակայ
է,
խտիւն
ներկայ
է՝
կայսերական
ընտանիքի
վարի
դին
բարեւ
բռնած.
հարստացած
սպասաւորի
դէմք
մը։
Ամէն
ոք
մտահոգ
է.
լուր
կը
շրջի,
թէ
արդէն
ռուս
գերիներ
առնուած
են.
արարողապետի
օգնական[ը]
կ’իմացնէ
ինծի,
թէ
պաշտօնական
հեռագիր
կայ,
թէ
օսմ.
նաւատորմը
Սեւաստոբոլը
կը
ռմբակոծէ
այս
պահուս։
Յետոյ
ուրիշ
պարագաներ
կը
պատմուին.
ռուս
նաւատորմէն
մաս
մը
torpilleներ
դնելու
զբաղած
ժամանակ
մեր
նաւատորմը
հասեր
է.
կռիւ
տեղի
ունեցեր
է.
pose
torpille
[3]
շոգենաւը
եւ
երկու
ռուս
torpilleurներ
ընկղմեր
են.
Օտէսայի
առջեւ
«Տօնէցը»
զարնուած
է
եւ
Օտէսա
ռմբակոծուած
է.
պ.
Լըտու
ռուսաց
կողմէ
torpille
դնելու
գործողութիւնը
կանխելը
կը
հաստատէ,
թէ
ռուսները
զարնուած
[են]
յանկարծակի,
Օտէսան
ռմբակոծուած
է
եւ
ֆրանսական
շոգենաւ
մը՝
վնասուած։
Նախորդ
նախարարի
մը
կ’սեմ.
«Մենք
խաղ
մը
կը
խաղանք,
որ
«Le
faux
pour
le
tout»
[4]
կ’ըսուի»։
Պատասխանեց.
«Իցի՜ւ
թէ
այնպէս
ըլլար։
Մենք
խաղ
մը
կը
խաղանք,
որ
է
«Le
tout
pour
rien»
[5]
։
Արդի
նախարարի
մը
կ’ըսեմ.
«Մենք
կը
նմանինք
ծովու
բաղնիք
մտնել
ուզող
մեկու,
որ
հանուած,
սանդուխին
վրայ,
ջուրին
քովը
կ’սպասէ,
ոտքը
ջուրը
կը
դնէ
եւ
դուրս
կը
քաշէ
եւ
որոշում
չի
տար,
ոչ
ալ
կը
հագուի։
Քովէն
բարեկամ
մը
կը
հրէ
զինքը,
եւ
մարդը
ինքզինքը
ջուրին
մէջ
կը
գտնէ»։
Պատասխանեց
ինծի.
«Գուցէ
թէ
զինքը
ջուրը
նետողը
բարեկամ
մը
ըլլար»։
Դեսպ.
[անատանց]
ծառաներէն
եկած
լուրեր.
բրիտանական
դեսպանատանը
նպարավաճառը
օր
մը
առաջ
գնած
ազողանքը
ոչնչացրեր
է՝
ատիկա
անպէտք
դառնալու
համար.
ռուս
դեսպանատան
խոհարարը
ըսեր
է,
որ
միայն
ցորեկուան
ճաշը
պատրաստելու
պատրաստ
կ’զգայ
ինքզինքը,
իրիկուանը
թերեւս
պէտք
չըլլայ։
Այս
լուրերը
բարեկամ
մը
հաղորդեց։
Այսուհանդերձ
ռուս
դեսպանատան
վրայ
զինանշանները
կեցած
են
դեռ։
Օսմ.
երեսփոխան
մէկ
ընկերս
կատակ
մը
ըրաւ՝
հարցնելով
ինծի,
թէ
մինչեւ
հոս
գործը
աղեկ
կ’երթայ,
ակնարկելով
հինգերորդ
հարկէն
վար
իջնող
մէկու
մը,
որ
չորրորդ
հարկէն
լուր
հարցնողի
մը
այսպէս
պատասխանած
էր։
Կը
վախնամ,
որ
այս
վախճանը
չըլլայ
գլխագիրով
վախճանը
եւ
անխուսափելին,
եւ
սիրտս
կը
ցաւի՝
տեսնելով
օրհասականը
այս
մեծ
կայսրութեան.
մենք
հո՛ս
ծներ,
հո՛ս
մեծցեր,
հո՛ս
ապրեր
ենք
վերջապէս
եւ
անկեղծապէս
փափագող,
որ
ապրեր
ան,
շա՜տ
ապրեր։
Ափսո՜ս,
ափսո՜ս...
[4]
«Սուտը
յանուն
ամէն
ինչի»։
[5]
«Ամէն
ինչ
յանոն
ոչնչի»։