Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

41. [Յունուար] 25/7 Փետր. [1914], Շաբաթ ցորեկ


Բէթրպուրկէն հեռագիր չի կայ։ Զաւրիեֆէն հեռագիր մը, որ կ’ըսէ, թէ աճապարելու չենք։ Կը վախնամ, որ անիկա Բեթրպուրկի ձեռքը գործիք դարձած չըլլայ։ Այս իրիկուն ժամը 6, աղջիկըս պ. Մանտէլսթամը տեսաւ. հեռագիր չէ եկած, բայց անիկա լաւատես է (կ’երեւի թէ հաստատական վերջացնելու հրահանգ ստանալու ձեւով հոսկէ հեռագրուած է Բէթրպուրկ)։ Ժամը 7ին Փափազեան տեսաւ զինքը։ Ոչի՛նչ։