59.
[6
/19
Նոյեմբեր,
1914]
Հինգշաբթի
Ժամանակի
նշաններն
են՝
Քանդուած
Թոքաթլեանի
պանդոկին
դրան
առջեւ
քանի
մը
հոգի
կը
խօսակցին։
Ոմանք
ցաւ
կը
յայտնեն։
Անցորդ
մը
կը
մօտենայ,
խարբերդցի
պաշտօնեայ
թուրք
մըն
է։
—
Իմացայ,
—
կ’ըսէ,
—
որ
Թոքաթլեան
իր
հաստատութեանը
գինին
աւստրիացիի
մը
փոխանցեր
է։
Ատանկ
միջոցները
օգուտ
չունին.
այս
հաստատութիւնը
օսմանցիի
եւ
թուրքի
անցունելու
է,
ոչ
ուրիշի։
Գերմանական
դպրոցէն
թուրք
աշակերտուհի
մը,
12
տարեկան
աղջիկ,
կ’ըսէ
հայ
աշակերտուհիին.
—
Երբոր
մենք
յաղթող
ըլլանք,
նախ
յոյները
պիտի
ջարդենք…
Հայ
աղջիկը
շուարած
կը
հարցնէ.
—
Մեզ
ի՞նչ
պիտի
ընեք…
Ճաշի
զանգակը
կ’ընդմիջէ
խօսակցութիւնը։