5.
Կիրակի
գիշեր
[Դեկտ.
8/21,
1913]
Պատրիարքը,
Գարայեան,
Փափազեան,
Հ.
Պոյաճեան
եւ
Փաստրմաճեան
ներկայ
են։
Մանրամասն
կը
բացատրեմ
Խալիլ
պէյի
առջի
գիշեր
ինծի
ըրած
անակնկալ
այցելութեանը
մէջ
անցած
խօսակցութիւնը
եւ
յաջողելս
զինքը
համոզելու,
թէ
ընդունի
հետեւեալները.
1.
Պետութեանց
միջամտութեամբ
[consentemen
[1]
]
մը
ընդունի։
2.
Փոխանակ
conseillerի
վերադառնայ
ըստ
առաջնոյն
inspecteur
générale
[2]
ի։
3.
Թէ
որ
բոլոր
համաձայնութիւնը
կնքուի
պետութեանց
հետ։
4.
Միւս
պայմաններուն
վրայ.
ա.
Կէս
առ
կէս
պաշտօն[էութեան]
կրթական
տուրքի
բաժին,
հողային
հարց
եւ
այլն՝
կարելի
եղածին
չափ
մեծ
զիջում
ընեն
մեզի։
Ասոր
փոխարէն
ան
կ’ուզէ՝
բ.
Որ
էութիւնը
պահելով
արտաքին
ձեւերը
փրկենք
եւ
ըսել
չի
տանք,
որ
եւրոպական
contrôle
[3]
դրինք
Անատոլուի
վրայ՝
կառավարութիւնը
եւ
Իթթիհատը
վարկաբեկ
չընելու
եւ
իսլամաց
եւ
հայոց
մէջ
մեծ
խրամատ
մը
չի
բանալու
համար։
Որ
այս
համաձայնութեանը
մեր
մէջ
գանք
նախապէս,
որպէսզի
Իթթիատի
եւ
հայ
ազգին
յարաբերութիւնները
4
տարուոյ
առջի
մտերմութեան
վերադառնա[ն]։
Խալիլ
Պէյ[ի]
խօսքերը,
թէ
անոնք
կը
փափագին,
որ
միջազգայնացումը
աւելնայ,
որպէսզի
Ռուսիայ
չի
կարենայ
մտնել
Հայաստանի
մէջ,
կրկնեցի
մերիններուն
եւ
յայտնեցի,
որ
մեծ
յաջողութիւն
մը
կը
համարէի
այս
զիջումները
ձեռք
բերիլ
անկէ,
որ
եկած
էր
առաջին
կէտին
վրայ,
որ
ամենէն
էականն
էր,
ոեւէ
զիջում
չընելու։
Ոչ
ոք
մտիկ
ըրաւ
ինծի։
Ամէնքը
առանց
[համոզիչ]
փաստ
մը
տալու,
ինծի
դէմ
ելան։
Չի
պնդեցի,
բայց
սրտէս
արիւն
գնաց։
Ազգը
պիտի
տուժէ
որոշ
չափով
այս
ընթացքէն։
Վաղը
գուցէ
պարագաները
փոխուին։
Աստուած
տայ,
որ
քիչ
վնասով
ելլենք
մէջէն։
Խուժանավարութիւնը
կը
տանի
զմեզ,
այլեւս
դիմադրել
անհնար
է։
Ամէն
ոք
իր
մտքին
կապուած
կը
մնայ։
Ինչպէս
ուրիշ
անգամներուն
մէջ
ալ
տեսայ,
կուսակցականները
իրարու
քով
sulvolter
[4]
ի
պատրաստ
կ’զգան,
ոչ
կուսակցականները
վախկոտ
կամ
անհայրենասէր
չի
կոչուելու
համար
կը
խոնարհին
անոնց
առջեւ
(Պատրիարք,
Գարայեան)։
Ես
միայն
կ’ընդդիմակայեմ,
բայց
մենակ
եմ։
Քանի՜
անգամ
այս
շովենութիւններու
դէմ
ելայ
յաջողութեամբ
(համաձայնութիւն
Գերմանիոյ
եւ
Ռուսիոյ
մէջ),
բայց
ալ
հոգնած
եմ։
«Արիւն
ձեր
ի
գլուխ
ձեր»
։
[4]
Գերլարուածութիւն
ստեղծել։