Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

38. [Յունուար] 22/4 Փետրուար, 1914, Չորեքշաբթի


Առտուն տեսութիւն պ. Անտրէ Շերատամի հետ: Ցորեկը ճաշ դեսպանատանը. պ, Կուլքեւիչ, պ. Մանտէլսթամ եւ Շերատամ:

Ցորեկն եկաւ Բէթէրպուրկէն հեռագիր, որ հրահանգ կուտայ պնդելու, հակառակ դեսպանատան` լմնցնելու թախանձանքին, հետեւեալ 3 կէտերուն վրայ.

1. 1/2 Էրզրումի:

2. Գաղթականներուն մուտքին արգէլք Հայաստանի մէջ:

3. Էնճիւմեններուն մէջ քրիստոնեից մասնակցութեան ապահովութիւն փոքրամասնութիւն նկատուող 3 վիլայէթներուն մէջ` Խարբերդ, Տիարբէքիր, Սվազ:

Այսօր իսկ պիտի հեռաձ[այնէ] պ. Կուլքեւիչ: