Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

10. [Դեկտ. 10/23, 1913, Երեքշաբթի]

Ապահովութեան յանձնաժողովի նիստը. Փարիզէն Փաշայի նամակները. դեսպանաց դիրքը մեզի դէմ. իմ կռիւս Շահրիկեանի հետ. Գարայեան «même» բառին դէմ. Շահրիկեան կ’ընդունի, որ իմ մտածած ձեւը հաւասար է զօրութեամբ, բայց ամենքը գամուած կը մնան իրենց հոգեբանութեանը մէջ։