Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

64. 9 / 22 Դեկտ. 1914, Երեքշաբթի


Երեք—չորս օրէ ի վեր տենդոտ պատրաստութիւններ. կղզիները, Գատըգեղէն մինչեւ Բէնտիք, Մաքրիգեղէն մինչեւ Սան Սթեֆանօ պաշտպանութեան միջոցներ կը հաստատուին, թնդանօթներ կը զետեղուին։ Սէլամիյէ[ի] մէջ զինուորներուն երդում կը տրուի մինչեւ մահ դիմադրելու։ Տարտանէլի բերանը սպասող «Մեսուդիէի» փճացումը ամէնքը ահուդողի մատնեց։ Սերայի դարպասի առաջ մինչեւ լոյս ոստիկաններ կը պտտին։ «Մեսուդիէն» խորտակող fantastiqe [1] լրտեսներ կը փնտռեն։ Միգուցէ Մարմարայի մէջ գտնեն մի եւ իրենց «Կեօպէնը» զարնէ։ Զրոյցները իրարու կը յաջորդեն, փսփսուքներ ականջէ վար։ Կայսերական գանձը Գոնիա փոխադրուեր է. գէշ նշան։ Անգլիացիները Տարտանելի նեղուցէն կրնա՞ն անցնիլ, թէ՞ ոչ։ Կրնան, բայց շատ նաւ պիտի կորսնցունեն։ Հոս բոլոր քրիստոնեաները եւ իսլամներն ալ, Իթթիհատի կատաղութենէն չի վարակուածները, ատոր կը բաղձան։

Երեսփոխանական ժողով կոչուած կատակերգա—ողբերգական սրահը իր ներկայացումները տալ սկսաւ։ Ի՜նչ ողորմելի տեսարան է աս։ Եւրոպայի ամենամեծ տէրութեանց դէմ, Գերմանիոյ ոյժին ապաստանած, պատերազմելու ելլող ազգը Ճիհատի մասին նոյնիսկ Անատոլուի զանազան կողմէն լուր բերող օսմ. երեսփոխանները կամացուկ մը կը յայտարարէն ինծի, որ ոչ ոք ասոր կը հաւատայ, ոչ ոք պատերազմ կ’ուզէ։ Բայց կառավարութեան եւ զինուորական իշխանութեան ներկայացուցիչներուն ճնշուին կը համակերպի։

Այստեղ Իթթիհատի պարագլուխները, քաղաքական եւ զինուորական բախտախնդիրները, իրենց վերջը մօտեցող, գահաւէժ արագութեամբ մօտեցող, աւագանիի կեանքը կը վարեն այն սրարշաւ օթոմօպիլի մէջ, որը երեսփոխանական նախագահի աթոռին, որը «Carde d’Orient» [2] ճաշասրահին կամ թղթասրահներուն մէջ։ Շատ շատ տարիէ մը այս բոլոր փախստական եւ ծակէ ծակ մտած կը տեսնեմ, շատերը Գերմանիա ապաս[տանած]։ Կը վախնամ, որ մէկ քանին իմ տունս չի գան։ Տղաս, որ զուարթութիւնն իսկ է, անցեալ տարի մեր տունը պահւըտող Խալիլ պէյը ածիլած ըլլալը կը յիշէ եւ գալիք փախստականներուն ալ թերեւս միեւնոյն ծառայութիւնը մատուցանելուն ակնարկելով կ’ըսէ. այցետոմս պիտի շինել տայ՝ սապէս գրուած.

L. ZOHRAP

raseur des hommes d’Etet turcs en fuite [3].

Փաստ փաստի վրայ կը դիզէ Գերմանիա՝ հաստատելու համար բացայայտ սուտ մը՝ այն, թէ պատերազմի պատասխանատւութիւնը իր վրայ չի ծանրանար։ Այս զուր ջանքը կը բացատրուի սըւով, որ Գերմանիոյ համբաւը իսպառ խեղդուեցաւ այն արեան ծովին մէջ, որ այս պատերազմը կազմեց։

Գերման ժողովուրդը հարկաւ աւելի խնայուած չէ այս աշխարհին մէջ։ Բայց ան իր militariste [4] պատերազմական ու ամէն առթիւ հրաւէր կարդալու պատրաստ հոգեբանութեամբը զինքը կառավարողներուն չափ պատասխանատւութեան բաժին ունի։

Ամէն անոնք, որոնք ազգերու գլուխը կը գտնուէին իբրեւ կայսր ու թագաւոր, իշխան կամ զօրավար, ատոնց ոհմակը միայն խրկել՝ պատերազմի հին դարերու ասպետներու փառքը վերահաստատել եւ ժողովուրդը ազատել այն սակաւաթիւ վայելողներէն, որոնք վարիչներ կը կոչուին եւ կատաղած յիմարական տագնապներէն՝ սարքուած միմիայն իրենց ազգին։



[1] Ցնորական, երեւակայական։

[2] «Արեւելեան ակումբ»։

[3] «Լ. ԶՕՀՐԱՊ, փախուստի մէջ գտնուող թուրք պետական գործիչների սափրիչ»։

[4] Ռազմամոլ։