Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

9. [Դեկտ. 10/23, 1913, Երեքշաբթի]


Տեսակցութիւն Տ. Մովսիսեանի եւ Շահրիկեանի [հետ], անոնց հասկցնելու համար վիճակը։ Մէկ[ը] սովորական գռեհիկ մըն է, միւսը՝ յաւիտենական [դանդաղը]։ Կեանքին մէջ առաջին անգամ յաղթողի դերը կ’առնէ. դիմացս, իր բազկաթոռին վրայէն կը նայի ինծի վեհապետի մը [պէս]։