Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

6 9. պր իլ 26 ] 9 Մայիս, [1915], Կիրակի / ը. [ստ] ե. [ւրոպացւոց]


Այսօր պտոյտ մը ըրի տոքթ. Դաւիթեանի հետ։ Խօսեցանք, խորհրդակցեցանք։ Միացեալ Նահանգներուն, ուղղակի Գերմանիոյ դիմում կատարել տալու համոզեցի, ձեւը ճշդեցի։ Պիտի ընել տայ։ Այստեղի դեսպան եւ քարտուղարը Շմաւոնեան՝ անպիտան։ Տոքթ. լուրջ եւ մաքուր հայ մըն է։ Պատրիարքը հրաժարական խրկեր [էր] վարչութեան եւ տուն գացեր էր։

Ամէն մարդ իր պարտականութեան գլուխը պէտք է գտնուի։ Վհատելու ատեն չէ։ Տոքթորթ համոզեր է Պատրիարքին, որ վերադառնայ իր աթոռը։

Իբրիանոսեան վաճառատունը կարգախօս մը տպեր է իր բազմաթիւ մասնաճիղերը խրկուելու համար, որոնց գլուխը գտնուող պաշտօնեաները շարունակ ձերբակալուելու վրայ են։ Բոլոր Անատոլուի մէջ՝ «Վհատելու չէ՛, վախնալու չէ՛»։ Հաւնեցայ այս երկու բառին, կրնանք ըսել, երբ դժուարութեան հանդիպիմ։