Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

58. 5/18 Նոյեմբեր, 1914, Չորեքշաբթի


Այսօր Վարդգէսը, Ակնունին եկան մեզի։ Ես հիւանդ՝ անկողնիս մէջ ելայ նստայ։ Խօսեցանք։ Ակնունին Պոլսէն հեռանալ կ’ուզէ, հրաման առնելու կ’աշխատի։ Դիւրին չէ. Թալաաթին դիմում պիտի ընէն վաղը։ Ի՜նչ հակապատկեր այն օրուան հետ, ու Ակնունին Պոլիս եկաւ Օսմ. սահմանադրութենէն անմիջապէս յետոյ. այդ միջոցին ի՜նչ յաղթական մուտք, ի՜նչ փոխուստի պատրաստութիւն։ Ի՜նչ փճացում յոյսերու։

Տաճկաստանի վերածնունդի հաւատացողներն ո՞ւր են։ Ո՛չ մէկ հատ՝ նոյնիսկ թուրքաց մէջ։ Հաշիւին մէջ չեն այն 10—20 բախտախնդիրները, որոնց ձեռքն է կառավարութիւնը այսօր եւ որոնք իրենց վերջին atout [1] ը կը խաղան։ Ի՞նչ կ’ուզէք, որ ըլլար այս երկրին վիճակը, երբ զայն վարողները կը կոչուին Թալաաթ, տոքթ. Նազըմ, Պէհատտին Շաքիր, Միտհաթ Շիւքրի, Խալիլ եւ փառատենչ սպաներ, որոնք կը կոչուին Էնվեր, Ճէմար, Ֆէթհի, Հագըկ Հօսքէն, երեկուան միւլազիմներ, այսօր արքայական գերդաստանին փեսայացած կամ դեսպան, երեւակայեցէ՜ք, կամ նախարար դարձած։ Ատոնք մեծերն են։ Երկրորդ կարգիները՝ հոսկէ հոնկէ վտարուած դատարկապորտներ. Ահմէտ Ակայէֆ՝ այսօր Ակա օղլու, Ագա Կիւնտիւղ, Եունուս Նատի՝ գինով խմբագիր, այն երեկուան անօթիներ, այսօր կշտացած գերմանական դրամով։ (1ա. ) տակը ճնշուած թուրք պաշտօնէութեանը համակերպող, կը բաւէ որ ամսական մը ստանայ եւ երկրին բոլոր բնակչութիւնը բռունցքներու մէջ, թուրքութիւնը եւ իսլամութիւնը իբրեւ թէ փրկելու կոչուած։

Կը դիտեմ սակայն, որ երկիրը կործանող ամէն սխալներէն պատերազմի անհարկի հռչակուներ են, ամէնէն ոճրապարտներն են, որոնք թուրքերուն մէջ ամէնէն քիչ բողոք կը յարուցանեն։ Ասիկա կը բացատրեմ անով, որ թուրքերը պատերազմով սնած, մեծցած, ապրած՝ իր այսօրուան անկումին մէջ դարձեալ անկէ կ’սպասէ վերականգնումը, չգիտէր որ ծուլութենէն հասաւ իր օրհասականին եւ աշխատութեամբ միայն կրնայ փրկուիլ։ Աշխատութիւնը իրեն համար չէ. մեռնիլ, քան թէ աշխատիլ։ Ասոր համար դիւրութեամբ կը համակերպի անիկա պատերազմի, զոր քիչ մը քաջութեան եւ քիչ մը խախտի հարց մը նկատէ։ Անուղղեայ խաղամոլի հոգեբանութիւնն է այս, որ կանոնաւոր գործէ խոյս կուտայ, քիչ մը յոգնութիւն չի տոկար, բայց գիշեր կը լուսացնէ թղթասեղանին շուրջ։

Ընդհանուր կարծիքը այս է, որ Թուրքիոյ վերջին քայքայումին նախօրեակն ենք։ Ես ալ այդ համոզումը ունիմ, մօտ այն օրը, ուր կրկնակին պիտի տեսնենք այսօրուան վարիչները փախստական, ամէն մին մէյ մէկ ծակ պահւըտած։ Կը յուսամ, որ իմ մօտս ալ պիտի ապաստանին մէկ քանին, զորս պիտի պահեմ նորէն սիրայօժար։ Տղաս միեւնոյն համոզումը ունի. ինքն էր, որ Խալիլ պէյը ածիլելու պաշտօնը ունէր երբոր անիկա մեր տունը ապաստանած էր «խելասքեարներու» օրով։ Անիկա կը նախատեսէ, թէ որ այս արհեստը նորէն ի գործ պիտի դնէ մօտ ատենէն մէկէ աւելի փախստական նախարարներու քով, որոնք մեր տունը պիտի պահւըտին եւ հիմակուց պատրաստել կուտայ իր այցետօմսը այսպէս խմբագրուած՝

ԼԵՒՈՆ ԶՕՀՐԱՊ

սափրիչ՝ օսմ. փախստական նախարարներու

Մեր շուրջի բոլոր տրտմութեանց մէջ կարծեմ քիչ մը զուարճանալու իրաւունք ունինք։

Թոքաթլեանի պանդոկին թալանին մտքերը գացին իսկոյն դէպի կոտորածի վտանգը, որ բոլորովին մտացածին չէ։

Միջակ դասէ հայ մը Վարդգէսին դիմեր է իր վախը յայտնելով ու խորհուրդ հարցուցեր է.

Ատկէ դիւրին բան չի կայ, պատասխաներ է Վարդգէս, հինգ ղրուշով միջոց մը ունիմ, որ ապահովապէս կեանքդ կը փրկէ։

Մարդը ուրախացեր է.

Միջոցը ապահո՞վ է իրօք։

Բոլորովի՛ն ապահով։

Ո՞րն է տեսնենք։

Ճերմակ, լայն թիւլպէնտ մը կը պահես գրպանիդ մէջ, երբոր թուրքերը ջարդը սկսին, իսկոյն ֆէսիդ վրայ կը փաթթես զայն, փաթթոց մը կը կազմես եւ «Մահմետական եմ» կ’ըսես։ Ոչ ոք մազիդ թելին կը դպչի։

Մարդը կը խորհի, քիչ յետոյ կը պատասխանէ.

Ո՛չ Վարդգէս, այդ բանը չե՛մ ըներ. Սասունի հայերը երբոր կոտորուեցան, ուրացա՞ն միթէ իրենց հաւատքը։

Ամէնքս այս պատասխանին հաւնեցանք։

Ուրիշ միջոց մըն ալ կայ, աւելցուցեր է Վարդգէս, զէնք կը գնես եւ ի հարկէն ինքզինքդ կը պաշտպանես։

Մարդը քիչ մը խորհելէ յետոյ պատասխաներ է.

Ո՛չ, այդ ալ չե՛մ ըներ, վասնզի այն ատեն չորուխ չոճուխս ալ միասին կը ջարդէն։

Ի՞նչ պիտի ընես, ուրեմն։

Աստուած ողորմա՛ծ է։

Ամէն մարդ աս կ’ըսէ՝ «Աստուած ողորմա՛ծ է»։ Աշխարհք արեան մէջ կը լողայ՝ Աստուած ողորմա՛ծ է։ Եւ եթէ անողորմ ըլլար։

Թուրքերը ridicule [2] ի գաղափարը չունին։ Ռուսները երկու ծովեզրեայ քաղաք ռմբակոծեցին՝ Զոնկուլտաքն ու Տրապզոնը։ Պաշտօնական զեկոյցին համեմատ, առաջինով ֆրանսական հաստատութիւնները, երկրորդով ռուսական հիւպատոսարանը քանդած են միայն։ Զոնկուլտաքէն եկած լուրերը բոլոր ածխահանքերուն փճացումը կ’իմացնեն։ Տրապզոնէն քանի մը օր վերջը պիտի հասկնանք ճշմարտութիւնը։ Հիմակուց կրնամ հաւաստել, որ զեկոյցին մէջ ռուս ռումբերէ իբրեւ թէ վիրաւոր ըսուած հիւպատոսը եւ պաշտօնեաները տեղւոյն խուժանին յարձակման մէջ անպատճառ ստացած ըլլալու են վէրքերնին։

Մեծ transformation [3] մը Բերայի փողոցներուն մէջ. գլխարկները հետզհետէ ֆէսի կը փոխուին, գլխարկ դնող օսմանցիները, ետքը բուն իսկ եւրոպացիները։ Ամենէն զուարճալի sitoyen [4] (ֆր. անձ. )ին իր կարմիր ֆէսն է. խրոխտ ընկերվարական մը, որ իթթիհատներու սպասաւոր դարձած յարմարեր է. քանի մը ղրուշ դրին իր ձեռքին մէջ։ Այս մարդը կը երեւայ թէ իր ֆրանսացի ըլլալն ալ մոռցեր է իր մարդ ըլլալուն հետ։

Թէ որ բացայայտ բան կայ՝ այն ալ սա է, որ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Մեծին Բրիտանիոյ ամենաապիկար ձեռքերու մէջ [են]։ Ապիկար կառավարութեանց Պոլսոյ ներկայացուցիչներն ալ նոյնքան տկարամիտ գտնուեցան։ Թուրք վարիչներուն, լաւ եւս է ըսել՝ իթթիհատական խմբապետներուն, Գերմանիոյ հետ կապակցութիւնը հոգեկան կապակցութիւն էր ապտիւլհամիտեան մտերմութեանը պէս։ Գերմանիոյ ամէն զեղծումի, ամէն կործանիչ աղտութեան, ամէն անզգամութեան դէմ ներողամիտ, ի՜նչ կ’ըսեմ, քաջալերիչ գտնուեցան։ Ապտիւլհամիտին ատեն յաջող արդիւնքներ տուող այս քաղաքականութիւնը ապտիւլհամիտներու ատենն ալ արդիւնաւոր եղաւ եւ գերմանական ազդեցութիւնն աւելցուց Թուրքիոյ մէջ։ Եւ ուրիշ խնամութիւններ ալ պակաս չէին։ Իթթիհատական մարդիկ չեթէճիի գործունէութիւն մը կը բերէին կառավարութեան գլուխ անցած ատենին։ Սահմանադրական յարգաքը, կարգն ու սարքը կարճատեւ կեանք մը միայն կրնար ունենալ ասանկ milieu [5] մը մէջ եւ այնպէս եղաւ։ Ամէն ինչ ոյժով, բռնութեամբ քալեցնել la maniere forte [6]. այս եղաւ Իթթիհատի մարդոց միակ շարժելակերպը, նախ՝ վասնզի իբրեւ յեղափոխական (ոչ զարգացեալ յեղափոխականներուն համար միակ կարելին էր) եւ երկրորդ՝ վասնզի այս ձեւը վէճ ընելու եւ պատասխան տալու նեղութենէն մարդս կ’ազատէ։ Ատոր համա՞ր ասիկա ամէն կլիմայի, ամէն տարրի մէջ կուսակիցների ունեցած են։ Աս ալ հոգեկան մերձեցման պատճառ է գերմանացիներուն, որոնք միեւնոյն կառաւարական ձեւը ունին, նուազ ատիկա հարկաւ։ Այս կերպ solidarite [7] մը կար իթթիհատականներու եւ գերմանացւոց մէջ, տեսակ complicite [8], որ ուրիշ ոեւէ կապէ աւելի զօրաւոր է միշտ։ Երրեակ Համաձայնութեան գլուխը գտնուող պետական [մարդիկ]ասանկ վերլուծումներ ընելու, եզրակացութիւններ հանելու դարձեալ անկարող։

Մինչդեռ Գերմանիա պատերազմի նախօրեակին նախաձեռնութիւն, մեթօտ, վճռականութիւն եւ կորով ցոյց տու[աւ], իրեն հակառակորդները վարանում եւ անյարիր ընթացք մը երեւան բերին։ Ասիկա տեսնուացաւ մանաւանդ Թուրքիոյ մէջ իրենց հետեւած քաղաքականութեան մէջ։

Եւրոպական պատերազմի յաջորդ օրն իսկ Թուրքիա չէզոքութիւն հռչակեց, եւ այս յայտնապէս գերմանասէր քայլը ոեւէ կորովի դիմադրութեան չի հանդիպեցաւ։ Փոխանակ կամ հրաժարում կամ պատերազմ ընելու՝ անոր Երրեակ Համաձայնութեանը տրուած խաբէական բացատրութիւններով գոհանալ ձեւացուց, յուսալով կանգ առնել [տալ] թուրքերը այս ճամբուն մէջ։ Մինչդեռ ասով ուրիշ բան չըրաւ, բայց միջոց տալ իր թշնամին եղող տարրին զինուելու եւ պատրաստուելու, ինչպէս որ եղաւ։ Այս զինուելը եւ պատրաստուելը Գերմանիոյ զինարաններէն եկող ռազմամթերքով եւ Գերման սպաներու փորձովը շարունակուեցաւ, եւ Երրեակ Համաձայնութիւնը խոհեմութիւն սեպեց պատերազմի առիթ չընծայել եւ շարունակեց խաբուիլ ձեւանալ։ Հետեւանքը այն եղաւ, որ 3 ամիս շարունակ թուրքերը իրենց պակասները լեցուցին, բանակներ կազմեցին, մարզեցին։ Երրեակ Համաձայնութիւնը արհամարհելի հակառակորդէ վախնալով, ուժովցած հակառակորդի մը դէմ գտնուեցաւ։ Սկիզբները 100. 000 հոգիանոց ռուս բանակ մը Հայաստանէ մինչեւ Մերսին կրնար իջնել առանց դիմադրութեան եւ տաճիկ գերմանասէր կառավարութիւնը տապալել հիմնայատակ։ Ո՞ւր է այդ խելքը, այդ կորովը, այդ վճռականութիւնը։

Նոյնիսկ «Կեօպէնին» Տարտանէլի մուտքէն ետքը Երրեակ Համաձայնութիւնը իր երկչոտ ու շփօթուած ընթացքը շարունակեց եւ երբ թուրքաց լրբութիւնը ամէն չափ ու սահման անցաւ, նորէն այդ ընթացքը շարունակեցին։ Capitulationներու ջնջումը նոր ապտակ մը եղաւ, որ լռութեամբ ընդունուեցաւ։ Նոյնիսկ ռուսները այս առթիւ իրենց բարեհաճութեան նոր փորձեր ըրին։ Անոնք [զինուորները] պատերազմէն հեռացնելու ջանացած պահուն թուրքերը արդէն իսկ պատերազմական ամէն հանգամանքը զգեցած էին։ Մէկ բառով՝ թուրքերը կա՛մ շահել պէտք էր, կա՛մ ջախջախել, երբոր խիստ դիւրին էր։ Երրեակ Համաձայնութիւնը ո՛չ մին եւ ո՛չ ալ միւսն ըրաւ եւ այսօրուան նոր դժուարութեանց առջեւը գտնուեցաւ։

Պատերազմին հռչակումին թուրքերը դէպի Գերմանիա հակել տուող պատճառներէն մին ալ սա համոզումն էր, որ Գերմանիա անպատճա՛ռ իր հակառակորդներուն պիտի յաղթեր։ Թուրք զինուորականութիւնը գերման բանակին մէջ անոր հիացումին մէջ մեծցած այս դաւանանքը կը քարոզէր եւ թուրքաց պէս հետամնաց [հասարակութիւն] մը simpliste [9] հաշիւով սակայն յաղթող կողմը գտնուիլը նախադաս պիտի համարեր։

Պատերազմին սկզբին գերմանական մեծագոյն յաջողութիւնները՝ Լիէժի, Նամիւռի գրաւումները եւ մինչեւ Բարիզի պարիսպներու մօտ կայծակի արագութեամբ իջնող բանակի մը տարածած հմայքը այս համոզումը հաւատքի վերածեցին։ Երբոր Ֆրանսա Ուազի եւ Մառնի մէջ իր դիմադրութիւնը ցոյց տուաւ՝ արդէն ուշ էր։

Յետոյ անոնց մէջ ամէնէն վճռական ներգործութիւն ունեցող ազդակներէն մին ալ «Կեօպէնի» եւ «Պրեսլաւին» մուտքը եղաւ Պոլիս։ Բրիտանական նաւատորմին անպատրաստ վիճակէն, իրենց ընծայուած համբաւէն խիստ վար մնացող կարողութեան այս ապացոյցը իթթիհատական թուրքաց մէջ անոնք միայն գոյութիւն ունին այսօր վերջին վարանումները փարատեցին եւ յիմարաբար գինովի պէս նետուեցան դէպի պատերազմ՝ նորանոր աղէտներ բերելով այս դժբախտ երկրին բնակչութեան գլխին եւ զօրաւոր թշնամի աւելցնելով Երրեակ Համաձայնութեան, թշնամի, որ ամէնէն անպատկառը սահմանուած է ըլլալու։



[1] Յաղթաթուղթ։

[2] Ծիծաղելի։

[3] Փոփոխութիւն։

[4] Քաղաքացի։

[5] Միջավայր։

[6] Բռնութեան ուժի կիրառում։

[7] Համերաշխութիւն։

[8] Համագործակցութիւն։

[9] Պարզունակ։