63.
7
/
20
Դեկտեմբեր,
[1914,
]
Կիրակի
առտու
Գեղամը
եկաւ
Մուշէն։
Գիր
մը
բերաւ
Վահանէն։
Ինքն
ալ,
բերած
գիրն
ալ
Հայաստանի
թշուառութիւնը
անսահման
կը
նկարագրեն։
Վահանը
զիս
կարօտցեր
է։
Հապա՜
ես
զինքը։
Որքա՜ն
օր,
որքա՜ն
գիշեր
միասին
աշխատեցանք։
Որքա՜ն
նեղութիւն
կրեց
ինէ.
ի
անհամբերութիւններէս,
իմ
զայրոյթներէս,
դիւրագրգռութիւններէս,
որոնց
տոկաց
անտրտունջ։
Քանի՜,
[անգամ
ալ
խռովանք],
հաշտուեցանք։
անոյշ
ու
յուսալից
օրեր,
որոնք
մթագնեցան
վերահաս
մեր
(1ա.
)
մէջ...
Ի՜նչ
փոյթ.
այդ
յոյսերը
ոչնչացած
չեն։
Ընդհակառակն.
ձեռք
բերելով
մեզի
համար
Ռուսիոյ
պաշտպանութիւնը՝
մենք
մեր
դժբախտ
դատին
ապահովեցինք
միակ
կարելի
աջակցութիւնը,
թէեւ
ատեն
մը
այդ
աջակցութենէն
մեր
ազգը
զրկելը
բան
գործ
ըրեր
էին
իրենց։
Ինչե՜ր
չի
քաշեցի՝
մինչեւ
հոտ
բերելու
գործերը։
Ի՜նչ
կռիւ
դաշնակցականներուն
դէմ,
որքան
ջանք՝
զիրենք
համոզելու։
Վերջապէս
3
տարի
անդուլ
աշխատանքէ
վերջը՝
թուրքաց
անուղղեայ
մտայնութեան
ամէն
ոք,
ամէնէն
կոյրերն
անգամ
վերահաս
եղան,
իմ
տեսութեանց
ուղիղ
ըլլալը
խոստովանեցան։
Անկէ
հայկական
բարենորոգմանց
ձեռք
առնուիլը
6
ամսուան
գործ
մը
եղաւ։
Ռուսիա
մեզի
դաւելու
պէտք
չունի։
Իր
շահերը
մեր
համեստ
շահերուն
եւ
իրաւունքներուն
հետ
անհամաձայն
չեն։
Ընդհակառակն։
Ասիկա
Ռուսիոյ
ճանչցուցած
ըլլալուս
գոհունակութիւնը
չունիմ
Չարիքոֆի
օրով։
Տը
Կիրսն
ալ
անոր
համոզած
է։
Արդիւնքը
ծանօթ
է,
անհուն՝
հայոց
ապագային
համար։
Հիմա
որ
պատերազմին
մէջ
ենք,
որքա՜ն
լաւ
եղաւ,
որ
Ռուսիոյ
բարեացակամութիւնը
ձեռք
բերած
ենք
մեզի
համար։
Ի՜նչ
մեծ
atout,
մեզի
նպաստաւոր
կարգադրութիւն
եւ
regimé
[1]
մը
հաստատելու
համար։
Դժբախտութիւնը
հոն
է,
որ
հայերը
նորէն
ամբարտաւան
attitude
[2]
մը
չի
բռնին,
անհնարին
պահանջներ
formuler
[3]
չընեն։
Ես
գործնական
հողին
վրայ
կը
կենամ.
չեմ
ուզէր
առաջարկել
ձեւեր,
որոնք
դիմացի
կողմը
(ռուսական)
կրնան
վրդովիլ,
կասկածներու
տանիլ։
Բանակցութեանց
մէջ
էական
բանը
դիմացինին
վստահութիւն
ներշնչելն
է։
Այս
է
ամենամեծ
ճարտարութիւնը,
ըստ
իս։
Թուղունք
այս
ամէնը։
Ընդհ.
պատերազմին
մէջ
ոչինչ
կայ
նորութիւն։
Ռուսիա
Բոլոնիոյ
մէջ
նահանջի
մէջ
է։
Աստուած
խուլ
ու
անօգնական
է։
Տեսնենք
վերջը։
Երազենք
քիչ
մը,
մարգարէանանք
ապագայ
օրերը։
Ես
համոզուած
եմ,
որ
Լահէի
դատարանին
իրաւասութիւնը
պիտի
լայննայ,
arbitrage
[4]
պարտաւորիչ
պիտի
հռչակուի։
Գուցէ
մէկ—երկու
դէպքերէ
զատ,
ամէն
վէճի
համար
(չեմ
համարձակէր
ըսելու՝
ամէն
վէճի
համար)
քննիչ
մարմին
(enquête)
մը,
նախնական
եւ
վերաքննիչ
ատեաններ։
Ահաւասիկ
դատական
կազմակերպութիւնը.
պզտիկ
պետութիւնները
մեծամասնութիւն
պիտի
կազմեն։
Թէեւ
Եւրոպայի
վէճին
համար՝
Ամերիկայէն
եւ
Ամերիկայի
վէճերուն
համար՝
Եւրոպայէն
դատաւորներ
առնուին
(ինչ
պիտի
ըլլայ
մասնակի
դէպքերում),
ամէն
պետութիւն
իրեն
ամէնէն
համբաւաւոր
10
մարդերը
պիտի
տայ
իբրեւ
դատաւոր։
Դատի
մէջ
եղողները
պիտի
կրնան
ուզածնուն
չափ
(1
Ֆր.
)
ընել։
Ենթադրելով,
որ
80
état
[5]
կայ՝
800
դատաւոր
ըսել
է.
մաքուր,
ուսեալ
եւ
եւրոպական
հռչակի
տէր
անձերու
բանակ
մը,
ուրկէ
30—40
մարդ
գտնել
կարելի
պիտի
ըլլայ՝
վճռելու
համար
ամէն
վէճերը։
Անործնական
ոչինչ
կայ
(1
ֆր.
)ներէ
զատ։
Ես
վստահ
եմ,
որ
այս
խաղաղութեան
արշալոյս[ը]
մօտ
է.
աչքովս
կը
տեսնեմ,
ձեռքովս
կը
շօշափեմ
կոր
այժմէն։
[4]
Իրաւարարութիւն,
միջնորդ
դատարան։