Օրագրութիւններ (1912-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

60. [ Նոյեմբեր ] 22/ 5 Դեկտ., ը. [ստ] ե. [ ւրոպացւոց ], [ 1914 ], Շաբաթ իրիկուն, Բերա


Այստեղ լուր չի կայ. գրաքննութիւնը ամէն օրագրի մուտքը արգիլած է. «Pas de nouvelles: Bonnes nouvelles» [1] «Pas de nouvelles: mauvaises nouvelles»ի [2] ։

Երեկ թուրք կարեւոր շրջանակի մը մէջ (Ճաւիտ պէյ) շահեկան խօսակցութիւն մը ունեցանք։ Ոմանք սա կարծիքը յայտնեցին, որ գերմանացիք սխալ մը գործեցին Թուրքիան բռնութեամբ պատերազմին մէջը նետելով. Գերմանիոյ շահը կը պահանջէր Թուրքիայէն օգտուելու ճամբուն մէջ այնպէս ընել, որ Կովկասի սահմանին վրայ Ռուսիա 3—400. 000 մարդ սպասցնէ եւ Անգլիա Եւրոպայի մէջ 50. 000 զինուոր վար դնելու ստիպուի։ Արդ, Թուրքիոյ զօրահանութիւնը եւ Կովկասի եւ Եգիպտոսի կողմը կարեւոր ոյժեր կեդրոնացնելը այդ օգուտը տուաւ արդէն։ Բուն պատերազմին մէջ մտնելով, Ռուսիա շատ շատ 100. 000 հոգի եւս եւ Անգլիա 50. 000 զինուոր աւելի պիտի խրկեն Թուրքիոյ դէմ։ Այսչափ։ Այս 150. 000 զինուորէն ազատելու համար կ’արժէ՞ր Թուրքիան սպառել անել պատերազմի մէջ, թերեւս բոլորովին փճացնել մարդով, տնտեսապէս եւ prestigeով։ Թուրքիան էր, որ պահ մը Ռումանիոյ սպառնաց եւ արգիլեց այդ պետութեանը Երրեակ Համաձայնութեան քով պատերազմելու։ Հիմա Թուրքիոյ այս կերպ սպառնալիքը այլեւս նշանակութիւնը կորսնցուցած է եւ շատ վախ կայ, որ ռուսներէն կամ անգլիացիներէն կարեւոր յարուածներ կրելով՝ վաղուան համար գոնէ Պալքաններու մէջ եւ այլուր Գերմանիոյ օգնելու պատրաստ բան մը չի մնայ Թուրքիայէն։

Իմ կարծիքովս, Գերմանիա սխալեցաւ Ճիհատին զօրութեանը մասին։ Ամէն եւրոպացիին նման ան ալ խաբուեցաւ թուրքերուն մեծ մեծ ջարդելէն։ ճիհատը նկատուած այն անծանօթ ոյժերէն մէկուն պէս, որոնք մութին մէջ մնալուն համար չեն կրնար չափուիլ եւ այդ պատճառով իսկ զարհուրելի կը թուէին։ Հիմա, որ ատոր պլըֆ մը ըլլալը երեւան եկաւ, հիմա գերմաններն ալ պէտք է խոստովանին, թէ այս կէտին մէջ ալ սխալեցան, ինչպէս սխալած էին Պէլճիքայի ընդդիմութեան եւ Ռուսիոյ զօրահանութեան մասին։



[1] «Նորութիւն չկայ. լաւ նորութիւն»։

[2] «Նորութիւն չկայ. վատ նորութիւն»։