ԵՂԻՇԷ
ԱՐՔ.
ԴՈՒՐԵԱՆ
(1860–
)
Ծնած
է
1860ին,
Սկիւտար:
Եպիսկոպոս
ձեռնադրուած
1898ին:
Աշակերտած
է
միայն
թաղային
դպրոցին,
երբ
Միհրան
անունով
տղեկ
մըն
էր:
12
տարու
էր
երբ
եղբայրը՝
Պետրոս
Դուրեան
մեռաւ:
Եղբօրը
տապանագիրը
գրեց
սակայն,
թէեւ
Խաչ.
Միսաքեան
զայն
սրբագրեց:
Ինքնաշխատութեամբ
հասաւ
լեզուական
ու
բանասիրական
այն
բարձր
հմտութեան
որզինքը
կը
հանդիսացնէ
մեր
ամենէն
գիտնական
եկեղեցականներէն
մին:
Վարդապետանալէ
ետք
ուսուցիչ
եղաւ
(ինչպէս
է
այսօր
ալ).
յետոյ
Արմաշի
մէջ
ալ
դասախօս՝
(Օրմանեան
Ս.
ի
վանահայրութեան
ատեն՝
եւ
յետոյ
երբ
Տեսուչ
եղաւ
դպրեվանքին)
պատմական
եւ
գրական
ճիւղերու:
Առաջնորդ
Զմիւռնիոյ:
Պատրիարքական
տեղապահ
եւ
պատրիարք:
Նշանաւոր
օգտակարութիւններ
չունեցաւ
իբրեւ
վարչական
մարդ,
եւ
մնաց
միշտ
մտաւոր
կեանքի
նուիրեալ
մը:
Բայց
նաեւ՝
անյագ
ընթերցող
մը
եղաւ
աւելի՝
քան
մեծ
արտադրող
մը:
Իր
հրատարակուած
երկերն
են
գրաբարի
երկու
դասագրքեր
(«Ընթացք
ի
գրոց
բարբառ»,
Ա.
Բ.
),
«Պատմութիւն
Հայ
Մատենագրութեան»,
համառօտ,
եւ
«Հովուական
Սրինգ»,
հաւաքածոյ
բանաստեղծութեան:
Ունի
նաեւ
յօդուածներ,
յաճախ
բանասիրական
եւ
խօսած
է
երեւելի
քարոզներ:
Յոյժ
ինքնատիպ
բանաստեղծ:
Ինքնատիպ՝
լեզուով
ու
հայերէնով:
Կ’առնէ
այն
բառերը
որ
իրենց
հնչեղ
բաղաձայններով
տեսակ
մը
մասնաւոր
ոյժ
ու
հմայք
ունին.
քիչ
ծանօթ
բառեր,
կարճ,
սեղմ,
գրեթէ
զուարճալի:
Այս
հարուստ
հայերէնագէտը
պէտք
ունեցած
չէ
բնաւ
նոր
բառեր
կերտելու:
-
Ինքնատիպ՝
քերթուածներուն
պէս,
իր
ոտանաւորները
յաճախ
կը
ներկայացնեն
համանման
տուներու
շարքեր.
համանման՝
միեւնոյն
գլխաւոր
գաղափարին
մէկ
նոր
եղանակաւորումը,
խօսքերու
նոյն
կերտուածքը,
նոյն
հանգերը
պարունակելով:
Բան
մը
զոր
մերթ
ըրած
է
նաեւ
եղբայրը:
–
Ինքնատիպ՝
նիւթերը
գործածելու
եղանակովն
ալ:
Աստուածաշնչական
դրուագներ
են
ընդհանրապէս
անոնք,
բայց
մերթ
անոնց
խորհրդանշական
ձեւ
կուտայ
Դուրեան
Ս.
եւ
կ’ընդհանրացնէ
զանոնք:
Դուրեան
Ս.
վերացական
բաները
վառիվառ
պատկերներու
մէջ
թանձրացնելով
իր
ոճը
կը
դարձնէ
ճոխ
ու
մերթ
խրթին:
Հմտական
տարրերն
ալ
կը
նպաստեն
այդ
խրթնութեան:
Իր
քարոզները
յաճախ
կատարելապէս
հասկնալի
չեն
եւ
գրող
մտաւորականները
միայն
կրնան
զանոնք
վայելել
իբրեւ
պերճագոյնները
քարոզներու
զոր
հայ
եկեղեցական
մը
արտասանած
ըլլայ
երբեք: