Քննադատական յօդուածներ

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՔ

Հայտսվիլի դէպքերը ոչ միայն տարաձայնուեցան՝ այլ նաեւ կրկնուեցան ընդհուպ Նիւ-Եորքի մէջ, եւ անկէ դուրս՝ Միաց. Նահանգաց մէջ հետզհետէ աւելի հեռու, եւ ա՛յնքան հարկադրիչ կերպով, որ անլուր յափշտակման վիճակ մը սկսաւ: Մէկը գաղափարը ունեցաւ՝ կահերու շարժուելէն օգտուելով՝ սեղանի մը բառեր ու խօսքեր հեգել տալու: Ոգիին ըսաւ զոր օրինակ՝ որ յայտնէ իր անունը. եւ ատոր համար, անունը կազմող տառերը կարգաւ ցոյց տայ եռոտանի սեղանին դոփիւններովը, իւրաքանչիւր տառի համար այնքան դոփիւն գործածելով որքաներորդ որ է այդ տառը այբուբէնին մէջ: Ուրիշ խօսքով՝ առաջարկուեցաւ ոգիին որ սեղանը՝ անունին մէն մի տառը յայտնելու համար այբուբէնին իւրաքանչիւր տառին տեղ հարուած մը տայ՝ եւ կանգ առնէ ա՛յն հարուածէն ետքը որ նշանակեց սպասուած տառը: Այս եղանակով՝ հաղորդակցող ոգիներէն ստացուեցան անոնց պատասխանները այն հարցումներուն զոր փորձարկուները կ’ընէին անտես էակներուն՝ գլխաւորաբար նկատմամբ անոնց անմարմին գոյութեան, անոնց նախապէս վարած կեանքին եւ մարդկային ճակատագրին: Կարեւորագոյն խնդիրն էր սակայն ներկայացող ոգիին ինքնութիւնը հաստատել:   նդրուեցաւ որ յայտնուող անձը սեղանին միջոցաւ պատմէ իր անցեալ կեանքէն այնպիսի պարագաներ որ մասնաւորներու միայն ծանօթ ըլլային եւ անոնց վկայութեամբ ստուգուէին: Եւ սեղանին շնորհիւ առնուեցան այնպիսի տեղեկութիւններ որ, յետ անհրաժեշտ ստուգման, տարակոյս չմնաց թէ տեղեկատու ոգին արդարեւ եղած էր աշխարհի վրայ ա՛յն մարդը զոր եղած ըլլալ կը յայտարարէր: Իրենց ինքնութիւնն հաստատեցին այսպէս՝ ընտանիքի մեռած անդամներ, բարեկամներ, ծանօթ թէ անծանօթ մարդիկ, նշանաւոր անձնաւորութիւններ իսկ, ինչպէս Բենիամին Ֆրանքլին: Ամենուն ալ տուած ծանօթութիւնները նկատմամբ յետմահու կենաց՝ համաձայն էին իրարու, եւ կը յայտնէին թէ անմարմին վիճակը աննիւթ վիճակ մը չէր, թէ ոգիներն ունէին ծորանական (fluidique) գոյացութիւն մը իբրեւ պարունակ կամ անդրուվար հոգւոյն եւ իբրեւ միջոց անոր յայտակերպութեանց, թէ այդ գոյացութիւնը կար մարդուն մէջ իբրեւ միջնորդ մարմնոյն ու հոգիին միջեւ, ու մարմինէն կ’անջատուէր յետ անոր մահուան:

Բայց անդին, յոյժ բարեբախտաբար, խեղճ Ֆօքս ընտանիքը նշաւակ ըլլալ կը սկսի զանազան աղանդներու նախատինքին, ամբաստանուելով թէ սատանայական արհեստ մը ի գործ կը դնէր, թէ կրօնքէն դատապարտեալ կախարդութեան չարաշուք գործողութիւնները կը կատարէր ոգեկոչութեամբ, եւ ահա կը վտարուի մեթոտական Եկեղեցիէն որու կը պատկանէր: Եւ որովհետեւ Հայտսվիլի տունն անբնակելի եղեր էր ոգեկան յաճախումներուն հետեւանքով, Ֆօքս ընտանիքը կ’երթայ հաստատուիլ ի Ռոչեսթր: Հոն է որ ամբոխը կը սկսի հալածանքի մը՝ որ պիտի յանգէր սակայն իրողութեանց լաւագոյն հաստատութեան: Պ. Ֆօքս հրապարակաւ ու Ֆօքս օրիորդներուն ներկայութեամբ յառաջ բերուած գործնական ապացոյցներով կը բացատրէ ամեն բան ի Քորինթեըն Հոլ, բայց ունկնդիր բազմութիւնը հայհուչներով ու սուլումներով կը պատասխանէ Ոգեկանութեան առաջին ատենախօսին: Ոմանք իրողութիւնները սուտ ու ձեռնածուական կը համարին. այլք՝ հակակրօն ու սրբապիղծ: Բանիմացները կը յաջողին առաջարկել՝ տիրող ժխորին մէջ՝ կազմութիւնը յանձնախումբի մը որ պաշտօն ունենար իրերը քննելու եւ վճիռ մը տալու. վճիռ՝ որուն աննպաստութեան պարագայի՛ն միայն դատապարտելի ըլլար Ֆօքս ընտանիքը: Յանձնախումբը, որ կը յուսար երեւոյթներուն ստութիւնը երեւան հանել՝ ապշութեամբ կը հաստատէ անոնց իրականութիւնը: Ե՛րկրորդ յանձնախումբ մը կ’ընտրուի, որուն վճիռն աւելի նպաստաւոր կ’ըլլայ՝ աւելի խիստ քննութենէ մը յետոյ: Ամբոխը կը զայրանայ. ե՛րրորդ յանձնախումբ մը կ’ընտրէ, ամենէն թերահաւատներէն ու ծաղրողներէն. եւ ա՛ն ալ կը ստիպուի ամենախիստ քննութենէ մը վերջը, յայտարարել թէ իրողութիւնները ճշմարիտ էին: Ք. Հոլին մէջ երբ այդ երրորդ յայտարարութիւնը կ’ըլլայ՝ մոլեռանդ խուժանը կը կատղի՝ Ֆօքս օրիորդներն ու յանձնախումբերուն անդամները լինչե՜լ ուզելու աստիճան: Քուէյքըրներու աղանդէն յարգելի անձնաւորութիւն մը, մաքրակենցաղ, արդար ու մարդասէր ինչպէս ամեն քուէյքըր՝ դիւցազնաբար կարող կ’ըլլայ այդ խժդժութիւնն արգիլել: Իսկ ոգեկան երեւոյթներու ճշմարտութիւնն, երեք յանձնախումբեուն տեղեկագիրներէն յետոյ, դիւրագոյնս կը շարունակէ նուաճել իր հակառակորդներն ու անհաւատներ անգամ:

Սակայն գիտնականները չէին կրնար ոգեկան երեւոյթներուն դէմ հեղինակօրէն խօսիլ, որքան ալ կանխակալ նիւթապաշտութիւնն իրենց ժխտել տար զանոնք՝ առա՛նց անհրաժեշտ փորձարկութիւնն ընելու: Ծանուցեալ իրողութեանց բոլոր անհիմնութիւնն ու ցնորականութիւնը բացայայտ պարզելու համար՝ ըրին ինչ քննութիւն որ պէտք էր ընել յանուն Գիտութեան՝ եւ անոր հարկադրած անաչառ եւ անվրէպ եղանակներով: Իրենց եզրակացութիւնը՝ յետ փորձարկութեան, Ռոչեսթրի յանձնախումբերուն վճիռէն տարբեր բան չկրցաւ ըլլալ: Նիւ-Եորքի բարձրագոյն Ատեանէն դատաւոր Էտմընտս, նախագահ Ծերակոյտի, հրատարակեց «Ամերիկեան Հոգեպաշտութիւն» գործը որ ոգեկան ճշմարտութիւնները կը հաստատէ: Մէյբս քիմիագէտը՝ Նիւ-Եորքի Համալսարանին բրոֆէսորներէն, գրեց հատոր մը որ նոյն եզրակացութիւնը կը հռչակէ, թէեւ հեղինակն իր փորձերուն ձեռնարկած ըլլար, Էտմընտսի պէս՝ գիտութիւնը տակնուվրայ ընող նոր գաղափարները հերքելու լմնցնելու համար: Ամենամեծ ազդեցութիւնը գործեց Բենսիլվանիոյ Համալսարանէն նշանաւոր գիտուն մը, Բրոֆ. Րոպըրդ Հէյր, իր «Փորձառական Զննութիւնք Ոգեկան Յայտակերպութեանց» երկով ուր կը պատմէր հանճարեղ ու անվրէպ փորձերու շարք մը եւ անդիմադրելի կերպով կ’ապացուցանէր ոգեաց գոյութիւնն ու ներգործութիւնները: Ոչ նուազ անուանի ուրիշ գիտնականներու ոչ նուազ գիտականօրէն պերճախօս վկայութիւնները որ հրապարակ եկան հետզհետէ՝ նպաստեցին, իրենց կարգին, Ոգեկանութեան արագ ծաւալման ի Միաց. Նահանգս, եւ մուտքին ու թափանցման յԵւրոպա՝ սկսելով Անգլիայէն: