Քննադատական յօդուածներ

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՈՒՐԻՇ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Գիտութիւնն յեղափոխող այս խռովիչ եւ ուրախալի շարժումէն անմասն չմնացին Եւրոպայի միւս երկիրներն ալ. Հայտսվիլի դէպքերէն տասնեակ մը տարիներ յետոյ ոգեկան իրողութիւններով յափշտակումն սկսած էր արդէն Հին Աշխարհի ոստաններուն մէջ: Բազմաթիւ գիտուններէն, որ զիրենք նախորդող անուանի փորձարկուներու եզրակացութիւններէն մղուած իրենց ուրոյն հետախուզութիւնները կատարեցին եւ ի նպաստ ոգեկանութեան վկայեցին, կրնանք նշանակել քանի մը անուններ. Գերմանիայէն՝ Ցէօլլնէռ աստղագէտը, Վէպէռ, Շայպնէռ, Ֆէխնէռ՝ բրոֆէսորներ Լայբցիկի Համալսարանին. Ռուսիայէն՝ Աքսաքօֆ, պետական խորհրդական, ոգեկան հրատարակութեանց մեծագոյններէն միոյն հեղինակ («Հոգեկանութիւն եւ Ոգեկանութիւն», Animisme et Spiritisme). Իտալիայէն՝ Պրօֆէռիօ, փիլիսոփայութեան բրոֆէսոր, Սքիաբառէլլի, մեծանուն աստղագէտը. Լոմպրոզօ, Նաբոլիի Համալսարանէն. Էռքոլէ Քիայա, որ եղաւ՝ «թշնամական անտարբերութեան ժամանակներու մէջ յաղթական տարածիչը ոգեկան խուզարկութեանց» ինչպէս կ’ըսէ իր դամբարանին պղնձեայ արձանագրութիւնը, եւ որ փառքն ունեցաւ Լոմպրոզոյի նիւթապաշտ ժխտողութեան յաղթելու. Թանպուռինի, Պիանքի, Մոննոսի, Միլէզի բրոֆէսորները, եւն. Հռոմի եւ այլ կեդրոններու Համալսարաններէն. Ռումանիայէն՝ Հաստէու պատմագիրն ու լեզուաբանը. Բոլոնիացի հռչակաւոր փորձարկուն Տքթ. Օքորովիչ, որ կարծես ուրիշ Քրուքս մըն է իր անքննադատելի ճշդապահանջութեան ու հանճարեղ փորձերուն համար. Ֆրանսայէն՝ գնդապետ Ալպէռ տը Ռօշա, բազմարուեստեան վարժարանին նախկին վարիչ, «Արտաքնացում Զգայնութեան», «Արտաքնացում Շարժողութեան» գործերուն հեղինակ. Բրոֆ. Շ. Ռիշէ, բժշկ. Ակադեմիայէն. տ’Առսոնվալ, նոյնպէս. նաեւ նախագահ Բարիզի Institut psychologiqueին. Տքթ. Ժիպիէ, Նիւ-Եորքի Կատաղաբուժական Էնսդիդիւին Տնօրէնը, որուն մէկ գործն յիշեցինք հոս մեր երկրորդ հատուածին մէջ. Քամիյլ Ֆլամառիոն, մեծանուն գիտունն ու գրագէտը, որ ի մէջ այլոց ունի «Անծանօթը եւ Հոգեկան   նդիրները». Տքթ. Տիւքլօ, նախորդ Տնօրէն Հոգեբանական եւ Բասթէօրեան հաստատութեանց. Տիկին Քիւռի, մեծանուն քիմիագէտը, որ իր ամուսնոյն հետ ռատիոմը գտաւ եւ բրոֆէսոր է ի Սորպոն. եւ ուրիշներ: Ոգեկանութեան գլխաւոր հեղինակն ի Ֆրանսա՝ Ալլան Քառտէքն է սակայն, որ մեծ ազդեցութիւն գործած է, ոչ միայն իր հայրենեաց մէջ, իր բազմաթիւ գործերով. «Ոգիներու գիրքը», «Մետիոմներու գիրքը», «Աւետարանն ըստ Ոգեկանութեան», եւն.: Սպանիա, Զուիցերիա, Պելճիքա, եւ ուրիշ երկիրներ ալ ունին իրենց կարեւոր մարդիկը որ կ’ուսումնասիրեն եւ կը հռչակեն ոգեկան երեւոյթները, միշտ դրապաշտ գիտութեան հարկադրած եղանակներով: Եւ ես ջանացի յիշատակել գիտնականներ եւ գիտուններ, մէկդի ձգելով զանոնք որ՝ գրագէտներ, արուեստագէտներ, կրօնականներ՝, պիտի առարկուէր թերեւս թէ ճշմարտապէս գիտական զննութիւններ չէին կրնար ըրած ըլլալ: Եւ սակայն իմ նշանակած անուններս մէկ մասը միայն կը ներկայացնեն գիտնական փորձարկուներու այն թիւին որ տարօրինապէս աճած է այսօր, եւ ոչ-գիտնական համոզուածներու անհաւատալիբազմութեան մը եւս աւելի մեծնալուն կը նպաստէ: Իսկ բոլորովին զանց կ’ընեմ խօսիլ այն յոյժ բազմաթիւ ակումբներուն, ընկերակցութեանց, պարբերականներուն եւ գրքերուն ու համաժողովներուն վրայ որ կը ներկայացնեն զարմանալի եւ ակնածելի աշխատութիւնն արդի ժամանակներուն՝ ի նպաստ Անդրաշխարհին գիտութեան:

Բոլոր այս ճշմարիտ յառաջդիմութիւնը, պէտք է խոստովանիլ, կը պարտինք Նիւթապաշտութեան. այո, դրական, ժխտող, անհաւատ այն վարդապետութեան, որ ԺԷ. դարէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը, Պէյքընէն մինչեւ Հանրագիտականներն ու մինչեւ Օ. Քոնդ իբր իրականութիւն կ’ընդունէր միայն ինչ որ կրնար փորձարկութեան տակ իյնալ, եւ կը մերժէր ամեն բան որ կը խուսափէր մեր զգայարանքներէն ու զննութեան գործիներէն: Մեծանուն Պռիւնդիէռի բառերով՝ (որ միայն Գրականութեան քննադատ մը չեղաւ, այլ նաեւ Գիտութեան) նիւթապաշտութիւնը կը հաւատար միայն ամենայնի որ «կրնար համրուիլ, չափուիլ կամ կշռուիլ»: Եւ ա՛յս կարծես հոգեզուրկ ու յուսահատեցուցիչ խորհողութեան է որ կը պարտինք ճշդիւ՝ իրմէ ծաղրուած Աւետարանին ու բոլոր ազգերու նուիրական մատեաններուն պարունակած ճշմարտութեան այսօրուան յաղթանակը, վասնզի ոգեկան երեւոյթները քննուեցան այնպէս ինչպէս կը քննուին զոր օր. ֆիզիքական ու քիմիական երեւոյթները, եւ ինչպէս նիւթապաշտ գիտութիւնը կը պահանջէր. աննախապաշար համբերութեամբ, անխաբ եւ անստգիւտ գործիներով, մանրախոյզ եւ անվրէպ վերստուգմամբ (contrՒle), բոլորովին առարկայօրէն: Գիտունները զիրար գլեցին անսխալական միջոցներու հնարման կամ պատշաճեցման մէջ, քննելու համար ամեն այն երեւոյթները որ ցայնվայր անքննելի անփորձարկելի հաւատացուած ուստի եւ ժխտուած էին ըստ պատշաճի (catégorique): Րոպըրդ Հէյր, Քրուքս, Օքորովիչ եւ ուրիշներ բնագիտութեան ամեն հնարաւոր աղբիւրները գործածեցին՝ դիտելու, յառաջ բերելու, հսկելու, ունելու (saisir), վերստուգելու, արձանագրելու, եւ հաստատելու համար երեւոյթներն իրենց խելացի սարուածներով:

«Ենթադրենք թէ. ըսած է Քրուքս գիտնականի մը՝ որ տխմարաբար կը յաւակնէր թէ մեծ գիտունն եւ իր անուանի ընկերները պարզապէս հմայուեր, կախարդուեր էին իրենց մետիոմին այլեւայլ ներգործութիւններէն, ենթադրենք թէ մենք կախարդուեցանք. մեր գործիքնե՞րն ալ կախարդուեցան»: Նիւթապաշտութեան՝ իր իսկ ձեռքով եւ ի՛ր իսկ կատարեալ գործունէութեանը համար հնարած ճշգրիտ գործիներն (instrument de précision) էին ուրեմն որ զինքը հաշմեցին անդամալուծեցին, եւ բարձան իրմէ իսպառ ամեն կարելիութիւն վերկենդանութեան: Աշխարհի վրայ ամեն ինչ գործիքն է իր ճակատագրին: