Քննադատական յօդուածներ

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՈԳԵԿԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐՈՒ.
ԵՐԵՒՈՒՄՆԵՐ.
ՆԻՒԹԱԿԱՆԱՑՈՒՄ ԵՒ ԱՆՆԻՒԹԱԿԱՆԱՑՈՒՄ

Ոգեկան երեւոյթներ կան՝ բոլոր միւսներուն նման դրապէս, կատարելապէս, անժխտելի կերպով հակակշռուած ու ստուգուած, որոց գոյացման համար յաճախ հարկ է որ մետիոմը կարող ըլլայ մատնուելու քնոյ այն վիճակին՝ որ սովորական քունին պէս մարմնոյն խոնջէնքին չի յաջորդեր, այլ, կա՛մ արուեստապէս քնաշրջմամբ (somnamb. provoq. ) այսինքն հիբնոսացմամբ եւ կամ մանաւանդ՝ ինքնին, մետիոմին արթնութեան մէջտեղ յանկարծ կը սկսի տիրել իրեն, եւ որ նշանակուած է անգլիերէն trance բառով: Անզգայացած յափշտակման ինքնակորոյս վիճակ մըն է այս, ինքզինքէն ելլելու կամաւոր (կամ հիբնոսացնողին կամքով յառաջ բերուած) կերպ մը, որուն գուցէ կարելի էր հայերէն… թռանք ըսել, եւրոպական ձեւին գէթ մեծ մասն ալ միեւնոյն ատեն ըսած ըլլալու համար…: Երբ ոգեկան ծանրակշիռ նիստի մը յաճախ անհրաժեշտ պայմանք գոհացած են, այսինքն հարկաւոր մթնշաղն յառաջ բերուած է եւ համամիտ ու համակամ ներկաներու ձեռքձեռքի շղթան կազմուած. երբ մետիոմը, մասնաւորապէս օժտեալ, եւ յարմար՝ այն երեւոյթներն արտադրելու զոր պիտի պատմեմ, ենթարկուած է, սկսած է թռանքի՝ (թող Գազանճեան ներողամիտ ըլլայ յանուն ոգեկանութեան եւ հայ լեզուի միանգամայն) յայնժամ կրնան պատահլ, շնորհիւ իրմէ արձակուած ոգիին կամ անոր ոգենիւթէն օգտուող ուրիշ ոգիներու, յանկարծական եւ անակնկալ բերումներ (apports) այլ եւ այլ իրերու՝ գոց դարակներէ, սնտուկներէ դուրս՝ առանց անոնց բացուելուն, եւ ուրիշ սենեակներէ՝ այն ատեն պատերուն ընդմէջէն: Որպէս զի այդ առարկայք, պնակներ, անօթներ, նուագարաններ, հեղուկներ, կահեր, անասուններ, տղաքներ կարենան թափանցել անանցանելի պատուարներու՝ պէտք է որ իրենք կամ այդ արգելքներն աննիւթանան, եթերային անօսրացման առժամեայ վիճակ մը ստանան եւ յետոյ վերստին նիւթական դառնալով իրենց նախկին ձեւն ու հանգամանքները վերզգենուն: Այս երեւոյթը աւելի զարմանալի է քան ոգիներու գոյութիւնն ու ներանձնացումները. ասիկա կը ստիպէ մեզ մտածելու թէ ո՛ եւ է մարմին, նոյն իսկ կենդանի էակ մը՝ կրնայ, տարօրինակ առաձգականութեամբ մը, կազայիններուն թեթեւագոյնէն՝ ջրածինէն շատ աւելի անօսր դառնալ շնորհիւ ոյժի մը որ զիրենք կը թափանցէ եւ իրենց հիւլէները կը հեռացնէ, թոյլ տալու համար յետոյ որ այդ հիւլէք իրենց ձգողութեամբ վերստին քաշեն զիրար եւ իրենց յարաբերական դիրքը նորէն առնելով վերակազմեն պատուարը կամ անկէ անցնող ջութակը, պտուղները, տղան: Առանց ջերմութեան եւ ելեկտրականութեան ծանօթ ոյժերուն եւ քիմիական ազդեցութեանց՝ այսպիսի հիւլէական քակտում անհնար էր երեւակայել. իսկ այսպիսի՛ վերակազմութիւն՝ հնար չէր միտքէ անգամ անցունել: «Առասպել»ներու մէջ է որ մարդկային կամ առարկայից աներեւութացումներ եւ վերերեւումներ կարելի էին. եւ այսօր կը տեսնենք թէ առասպելք կարելի վէպեր են կամ իրականութեանց պատմութիւններ՝ հաւանականաբար դոյզն մասամբ յերիւրեալ աղաւաղեալ: Բայց, միայն արդէն գոյութիւն ունեցող առարկաներ չէ որ կուգան այսպէս այդ բերումներուն մէջ: Երբեմն կը ստեղծուին ալ. կամ գէթ երեւոյթներն այնպէս ցոյց կուտան. հոտոտուած են այսպէս, ծաղիկներ զոր ոչ մէկ տունկ փթթեցուցած է. շօշափուած ու պահուած են զգեստի կտորներ զոր ոչ մէկ ոստայնանկ է հիւսած. կերուած են պտուղներ որ…: Հարկ չկայ երկարելու: Հազարումէկ բերման դէպքերէ պիտի յիշեմ միայն մէկ քանիներ որ տեղի ունեցած են յԻտալիա եւ ի Կեդր. Ամերիկա:

Պառոն Ֆոն Էռհարտի (որ գերման ազնուական մըն է բարձր մշակութեան տէր, նկարիչ, եւ հոգեկան գիտութեանց հմուտ) ի Հռոմ ունեցած տան մէջ 1908ին աւելի քան հարիւր նիստեր տեղի ունեցան ականաւոր անձնաւորութեանց ներկայութեան, որոց մէջ կային դիւանագէտներ, իրաւագէտներ, բրոֆէսորներ, դուքսեր, պառոններ, եւն., եւ Ֆրանչեսքօ Քառանչինի մետիոմին միջոցաւ: Քանի մը գլխաւոր նիստեր պատմուած են՝ Սեզառ տը Վէմ ոգեկանին խմբագրապետութեամբ հրատարակուող հանդէսի մը՝ «Տարեգիրք Հոգեկան Գիտութեանց» (Annuaire des Sciences Psychologique)ին մէջ:

Հոկտ. նիստին, յորում ըստ սովորականին հակակշռի եւ նախզգուշական ամեն միջոց ձեռք առնուած էր, եւ, ինչպէս գրեթէ միշտ, ելեկտրական երկու պզտիկ կարմիր լոյսեր սենեակին խաւարը մեղմիւ կը լուսաւորէին՝ յետ այլ եւ այլ սովորական երեւոյթներու, հարուածներ, պաղ սարսռալի շունչեր, կահերու շարժումներ ու ամբարձումներ, մետիոմը կը թուէր չարաչար նեղուիլ. հարցուեցաւ իրեն թէ լոյսը շա՞տ էր արդեօք. պատասխանեց թէ այնպէս էր. եւ լամբարներէն մին մարեցին: Քանի մը վայրկեանի լռութենէ յետոյ մետիոմը ցաւագին հեծիւն մը արձակեց. թօթվուող կերպասի կամ զգեստի շշուկ մը լսուեցաւ… իսկոյն մանեէզիոմը վառեցին՝ տեսարանն ըստ սովորականին լուսանկարելու համար, մինչդեռ ծանրկեկ բան մը կ’իյնար սեղանին վրայ: Մետիոմին հագած թիկնոցակն էր (veston), իր վրայէն հանուած ու նետուած, առանց Քառանչինիի կողմէն դոյզն շարժումի մը, մանաւանդ որ՝ ինչպէս միշտ՝ իր երկու ձեռքերով բռնած էր իր աջ ու ձախ դրացիները: Լուսանկարը որ այս տեսարանը կը ներկայացնէ, ցոյց կուտայ մետիոմը՝ շապիկով ու բաճկոնով, աջակողմի հսկողին վրայ կքած, անոր եւ ձախակողմի հսկողին ձեռքերը բռնած, ներկաները ձեռք ձեռքի, եւ թիկնոցակն օդին մէջ:

Դեկտեմբեր 18ի նիստին՝ ի մէջ այլոց տեղի կ’ունենայ հետեւեալը. գոց, կղպուած վանդակէ տուփ մը որուն մէջ ջութակ մը դրուած էր, սենեկին մէկ կողմէն կ’ելլէ կուգայ սեղանին վրայ, կոպղէզը անվթար, բայց ջութակը տուփին մէջ ըլլալու տեղ՝ վրա՜ն: Ջութակին այս ելքը բանալիով կղպուած տուփէն, պատահած է յաճախ, ինչպէս նաեւ թիկնոցակին հանուիլն ալ տեղի ունեցած է երեք անգամ:

Վերջերս Սան-  ոսէի (S. Josռ) մէջ, ի Քոսդա-Ռիքա՝ դեռ ոչ մէկ ակումբի մէջ տեսնուած ոգեկան դէպքեր պատահած են, շնորհիւ դեռահասակ բայց գերազանցապէս «օժտեալ» օրիորդի մը, Սենեորիդա Օֆելիա Քօռռալէս: Իր ներկայութեանը՝ գոց սենեկին պատէն ներս կ’անցնին անխտիր ծաղիկներ, գրքեր, կարասիներ…: Դուռներն ու պատուհանները փակ են ու կնքուած. եւ ահա՝ մինչ ներկայք աչքերնին սեւեռած են օրիորդին վրայ՝ անիկա կը կորսուի՛, սենեկին մէջ չէ այլեւս. եւ կը լսեն որ դուրսէն ձայն կուտայ: Յանկարծ Օֆելիա ներս կը մտնէ, պատէն, իբրեւ թէ պատը ցնորք մը, պատրանք մը եղած ըլլար: Այս բոլոր ելումուտերէն վերջը կղպանքներն ու կնիքներն իսկոյն կը քննուին. ողորմելի՜ զգուշութիւններ. ոչինչ կայ շարժած, աւրուած. կղպելու, ամրափակելու բոլոր մարդկային միջոցներն անվթար ու անօգուտ կը կենան: Մին նոյն ակումբին մէջ սովորաբար յայտակերպուող ոգիներէն՝ Միկուէլ Ռուիզ՝ առաջարկեց Քօռռալէս ընտանիքին փոքրիկ անդամները՝ 12, 10 եւ 7 տարեկան տղաք՝ փոխադրել մօտակայ պորմ մը (pavillon): Դուռները կղպեցին, պորմին դուռն ալ. եւ ներկաներէն մին բանալին իր ձեռքը պահեց: Ամեն ոք լուռ էր. տղաքը ձայն չէին հաներ: Մի քանի րոպէ անցաւ: Յանկարծ՝ պորմէն հարուածներ լսուեցան…: Լոյս վառեցին. դուռները գոց էին. բայց տղաքը մէջտեղ չկային. գացին պորմին կղպուած դուռը բացին եւ տեսան որ երեքն ալ հոն փոխադրուեր «ու կարգաւ շարուած կը խնդային ու կը խօսէին եղածին վրայ. ըսին թէ մէկիկ մէկիկ բերուեր էին հոն. նախ պզտիկ Ֆլօռան, յետոյ Պերթան եւ վերջապէս Միկուէլը»: Օֆելիային եղբայրն ու քոյրերն են ասոնք:

Պէտք կա՞յ նորէն ըսելու թէ Սան-  ոսէի բոլոր զարմանալի դէպքերը խաբկանքի ու սխալի ո՛ եւ է կարելիութիւն թոյլ չտուող ուշադրութեան մը ու հակակշռի մը տակ տեղի ունեցած են ու կը շարունակեն ցայսօր տեղի ունենալ՝ վստահելի ուսումնականներու առջեւ: Պ. Պուօնավենդուռա Քօռռալէս, որ այդ դէպքերը նկարագրած է՝ եւ հայրն է մետիոմին, նախկին բարձր պաշտօնեայ մըն է Կրթ. Նախարարութեան եւ հոգեբանութեան ու մանկավարժութեան բրոֆէսոր. ներկաներէն մին է Պ. Ալպ. Պռէնէս, պետական մեծ պաշտօնատար, վճռաբեկ ատեանէն. ուրիշ մըն է Պ. Վիգուէզ, շինագէտ, եւ նահանգի մը կառավարիչ. չորրորդ մըն է Պ.  . Նունեէզ, նօտար. միւսներն են Պ. Ռ. Ֆ. Կուառտիա, արտ. գործոց եւ կրթական նախարարը. Բրոֆ. Մէսէն, բարձրագոյն վարժարանին տնօրէն Պ. Ակուիլառ, եւն. եւն., որք կը վկայեն իրողութիւններուն եւ անոնց ակնածելի երաշխաւորութիւնն են:

Բայց անտարակոյս գերագոյն իրողութիւններն՝ իրենց հետաքրքրականութեան բարձրագոյն աստիճանին պատճառաւ՝ ոգիներու երեւումներն իսկ են:

Որովհետեւ այս ամփոփիչ յօդուածը չափազանց երկարեցաւ, արագօրէն պիտի պատմեմ այս գլխուն վերաբերեալ երեւոյթները, որոց արդէն դիւրին է այլեւս որ համոզուի այս իրաց մէջ նորընծայ ո եւ է ընթերցող:

Արդէն ցոյց տրուած պայմաններու մէջ՝– զօրեղ մետիոմ, շղթայ, մթնշաղ կամ նոյնիսկ խաւար, եւն. կը տեսնուին մշշակերպ ձեւեր, գլուխներու, կերպարաններու, ձեռքերու աղօտ այլ որոշապէս տեսանելի թարխեր (ռbaucheներ), բայց նաեւ ճշմարիտ այլ տմոյն ու ցրտին ձեռքեր որ կը հպին, կը շօշափեն, եւ վերջապէս ամբողջ ուրուականներ, իրենց դասական այերային ձեւով: Կը կազմուին տարտամօրէն լուսաւոր, երբեմն կարծես լուսեղէն, սենեակն իրենց անդրաշխարհային նշոյլով ողողած, եւ յետոյ մեղմիւ կը շիջանին, կ’անորոշանան, կը ցնդին: Քանի՛ քանի անգամներ լուսանկարչական սարուածը, գիտութեան այս անճառելի կերպով բազմերախտ գործին, անոր ա՞ջը, անոր ա՞չքը, ոգիները լուսանկարելով Քրուքսներու սրբազան ձեռքով՝ ցոյց տուած է թէ առ աչօք տեսիլներ, ցնորքներ, զգայախաբութիւններ չեն ոգիք, անդրշիրմի անհունութեան այս անմարմին բնակիչք որոց գոյութեան հաւատացած է աշխարհ՝ ամենախոր անցեալէն ի վեր: Բառաֆինը, մեղրամոմը, եւ նմանօրինակ նիւթեր ծառայեցուած են նոյն իսկ այդ երեւումները կաղապարելու, անոնց ոտքին, ձեռքին, «մարմնոյն» այլեւայլ մասերուն դրոշմն առնելու պահելու համար: Պէ՞տք է արդեօք ըսել թէ մետիոմէն բղխած եւ լոկ անկէ կախեալ երեւոյթներ չեն ասոնք. ներկայացող, նիւթականացող ոգիին հետ միաժամանակ երեւցած է նաեւ մետիոմին կրկինը (double) այսինքն անո՛ր ոգին, (որ կրնայ մարմնանալով հեռուները երթալ ու գործել, ինչ որ երկուրեքութեան երեւոյթն է, ) եւ կարծուածէն շատ աւելի երեւումներ կան ծանօթ մեռեալներու, ակումբներու մէջ թէ դուրսը. եւ ակումբներուն մէջ տեղի ունեցող այս նիւթականացումներն ուրիշ բան չեն ըներ այլ հաստատել զանոնք որ գիտնոց շրջանակներէն դուրս ինքնին տեղի կ’ունենան: Բայց դեռ ամեն բան չըսի. (պիտի կրնայի՞ միթէ. )– Համր եւ անգործ չեն միշտ ուրուականք…: Իրենց առժամեայ մարմինն այնքան ֆիզիքական է երբեմն որքան մերը: Իր Ֆլօրանս Քուք մետիոմին միջոցաւ ներկայացող հռչակաւոր Քեդի Քինկ ոգիին սրտի տրոփները, դաստակին զարկերը մտիկ ըրած ու համրած է Քրուքս, որ նաեւ իր թեւերուն մէջ գրկած է գեղանի ոգին: Եւ Քեդի Քինկ, ինչպէս ուրիշներ՝ խօսակցած են ներկաներուն հետ: Չեմ կրնար դիմադրել պէտքին Քրուքսի խօսքերէն արտագրելու այն մասը որ կը վերաբերի Քեդի Քինկի հրաժեշտի՜ն, երբ կ’աւարտի պաշտօնը՝ զոր ոգին կոչումն ունէր կատարելու մեծ գիտունին բնակարանին մէջ:

«Ընդհանուր հրահանգներ տուաւ, կ’ըսէ Սըր Ուիլ. Քրուքս, մեր ապագայ ուղղութեան եւ Օր. Ֆլ. Քուքին ընձեռելի պաշտպանության մասին: Այս հրահանգներէն, որք սղագրուեցան, կը մէջբերեմ հետեւեալը. Պ. Քրուքս շարունակ խիստ լաւ վարուեցաւ. եւ ամենամեծ վստահութեամբ է որ իր ձեռքերուն կը թողում զՖլորանս, կատարելապէս ապահով՝ թէ չպիտի խաբէ հաւատքը զոր ունիմ իր վրայ: Բոլոր աննախատեսեալ պարագայից մէջ անիկա պիտի գործէ լաւագոյն քան զիս, որովհետեւ աւելի ոյժ ունի: Այս հրահանգներն աւարտելէ յետոյ՝ Քեդի հրաւիրեց զիս մտնել իրեն հետ խուցին մէջ եւ ինձ թոյլ տուաւ ցվերջ հոն կենալ: Վարագոյրը գոցելէ ետքը, ժամանակ մը խօսեցաւ ինձ հետ, յետոյ գնաց Օր. Քուքի մօտ որ անկենդան մնացեր էր տախտակամածին վրայ:   ոնարհելով վրան՝ Քեդի անոր դպաւ եւ ըսաւ. Արթնցէք, Ֆլորանս, արթնցէք. պէտք է որ հիմա ձենէ բաժնուի՜մ: Օր. Քուք արթնցաւ, արտասուալից, եւ պաղատեցաւ Քեդիին որ տակաւին ատեն մըն ալ կենար. Սիրելիս, չեմ կրնար. պաշտօնս (mission) լրացած է. Աստուած օրհնէ զձեզ, պատասխանեց Քեդի, եւ շարունակեց Օր. Քուքի հետ խօսիլ: Քանի մը վայրկեան խօսակցեցան, մինչեւ որ Օր. Քուքի արցունքները խօսելուն արգելք եղան: Քեդիի հրահանգներուն համեմատ՝ սլացայ բռնելու համար Օր. Քուքը որ գետին պիտի իյնար եւ ջղաձգօրէն կ’արտասուէր: Շուրջս նայեցայ. Քեդի եւ իր սպիտակ շրջազգեստն աներեւոյթ եղեր էին»: (Տեսնել Տքթ. Ժիպիէի արդէն յիշեալ գործը, «Le Spiritisme», Oc. Doin, Paris թէեւ այդ գիրքը 1886ին գրուած է, եւ Ոգեկանութեան արդի վիճակն եւ աշխարհի այժմու համոզմանց աստիճանը չի ներկայացներ, ըլլալով հանդերձ յոյժ ճարտար ու անդիմադրելի տարածիչի աշխատութիւն մը):

Ինչպէս տեսնուեցաւ, մետիոմն այս կարգի երեւոյթներու ատեն՝ թռանքի յետին ստիճանի մը մէջ ինքնակորոյս՝ քուրջի պէս գետինը փռուած է յաճախ, բայց Օր. Քուքի ներկայացուցած վերջին պարագան ցոյց կուտայ թէ այդ վիճակը կարծուածին պէս անհրաժեշտ չէ եղեր: Միւս կողմէ՝ տեսնուած է որ ոգիին նիւթականացման ատեն մետիոմը մարմնապէս նուազի, սպառի, ամբողջովին աներեւոյթ ըլլայ, - իր բոլոր միսովն ու կմախքովը ծառայելով իբր նիւթ՝ մարմնացեալ ուրուականին:

Ընթերցողը թող ներէ որ ակամայ հրաժարիմ մէջբերելէ ուրիշ երեւմանց պատմութիւններ, այլեւայլ ակումբներու տեղեկատուութիւններէն, եւ նկարագրելէ այն մելամաղձօրէն երանական զգայութիւնները զոր կրած են բախտաւոր ու նախանձելի մարդիկ, անպատում անմոռանալի վայրկեաններու մէջ: