Քննադատական յօդուածներ

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՈՃԻ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐԸ

1. Ոճը աստիճաններ ունի. Նիւթերուն եւ գրողներուն համեմատ ոճը կը փոխուի. հետեւաբար բազմապիսի ոճեր կան: Բայց այդ բոլորը կը բաժնուին երեք աստիճաններու. պարզ ոճ (style simple), միջին ոճ (style moyen), բարձր ոճ (style sublime):

2. Պարզ ոճ. Երբ մեր բուն ըսելիքը կ’ըսենք եւ զայն չենք բեռնաւորեր երկրորդական կամ երրորդական կարեւորութիւն ունեցող գաղափարներով եւ կը խօսինք այնպէս որ կարելի չէ աւելի համառօտ ըլլալ, գործածած կ’ըլլանք պարզ ոճ:

Սեղմութիւն (concision) եւ միամտութիւն (naïveté) պարզ ոճին յատկանիշներն են: Երբ էական գաղափարներ քով քովիեն ու չեն ընդմիջուած երկրորդականներով, ոճը կ’ըլլայ սեղմ (concis): Երբ կը խօսինք այնպէս որ կարծես մեր ըսածներուն արժէքին անտեղեակ ենք, ու նպատակ չունինք մեր դիմացինը շլացնելու, մեր ոճը կ’ըլլայ միամիտ (naïf):

3. Միջին կամ բարեխառն ոճ (Style tempéré).

Երբ էական գաղափարներէ զատ երկրորդական կամ երրորդական գաղափարներ ալ կ’արտայայտենք, երբ կը ջանանք մեր դիմացինին աչքին առջեւ պատկերացնել ինչ որ կ’ուզենք անոր պատմել, եւ միեւնոյն ատեն մեր կրած տպաւորութիւններն ալ կ’աշխատինք հաղորդել անոր, մեր ոճը կը դադրի պարզ ըլլալէ եւ կ’ըլլայ ինչ որ կը կոչուի ծաղկեալ կամ բարեխառն կամ միջին ոճ: Առ հասարակ գրականութեան մէջ գործածուած ոճն է այս: Իր սեփական յատկութիւններն են.

Ճոխութիւն (Richesse). Առատութիւն պատկերալի բացատրութիւններու, գաղափարներու, զգայութիւններու, զգացումներու, առանց անշուշտ աւելորդաբանութեան:

Վայելչութիւն (Elégance). Շնորհ, գեղեցկութիւն, հրապոյր, զգացումներու, գաղափարներու, եւ անոնց բացատրութեանց մէջ:

Փափկութիւն (Délicatesse). Քօղարկում, որ կը ծառայէ իրականութեան խստութիւնը մեղմելու:

Նրբամտութիւն (Finesse). Սովորական զգացողութեանց համար անզգալի իրերու եւ վիճակներու թափանցողութիւն եւ արտայայտութիւն:

4. Բարձր ոճ (Style sublime). Երբ մեր հոգին յուզուած է (վիշտով, ուրախութեամբ, յափշտակութեամբ, կիրքերով), մեր ոճը կը դադրի սովորական ըլլալէ, կ’ունենայ անսովոր կարողութիւն մը ներգործելու, յուզելու, նուաճելու: Գրականութեան մէջ այդպիսի ոճ մը կը կոչուի բարձր ոճ. իր յատկութիւններն են.

Ոյժ (Force), որ յառաջ կուգայ ամբողջ յուզման մը, ամբողջ զգացումներու միակ կարճ խօսքի մը կամ միակ բառի մը մէջ խտացումէն:

Մեծվայելչութիւն (Magnificence), որ յառաջ կուգայ պատկերներու եւ բացատրութեանց շքեղութենէն:

Վսեմութիւն (Sublimité), որ պատկերներու, զգացումներու կամ գաղափարներու այն բարձրութիւնն է որ հիացում ու երկիւղ միանգամայն կը ներշնչէ:

Բայց ոճին մէջ կան այսպէս վսեմ պատկերներ, վսեմ զգացումներ, վսեմ գաղափարներ, կամ ուրիշ խօսքով պատկերի վսեմութիւն, գաղափարի վսեմութիւն: Այսպիսի հանգամանքներ կրնան գտնուիլ պարզ ոճի մէջ ալ առանց սակայն անոր յատկանիշ ըլլալու: