Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԻՒՐԴԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

(Ազգակցութիւնը իբր հիմք ընկերական կազմաւորութեան. մի եւ նոյն հողի վրայ բնակակցութիւնը իբր հիմք քաղաքական հասարակութեան. Քիւրդերուն կազմը ու անոնց պատմական քաղաքակրթութեան աստիճանական զարգացման չափը)

Գրել Քիւրդերու պատմութիւնը կը նշանակէ բնորոշել ցեղ մը, անոր հասարակական կազմը հողի մը վրայ, աստիճանական զարգացումը ու պատմական կեանքը ընդհանրապէս իր ամբողջ խառն ու բարդ երեւոյթներով։

Նորագոյն հետազօտիչները որոնք ուսումնասիրած են ու դեռ կ՚ուսումնասիրեն ընտանիքը, հասարակական ընկերակցութիւնը ու պետութիւնը, կը ճգնին անցնիլ մինչեւ ծագումի օրերը՝ գտնելու համար ընթացքը ցեղերու կազմութեան, անոնց աճեցական կեանքին, զարգացման տարրերուն, ու պետութիւն կազմելու դրութեան։

Կ՚ընդունին որ նախապէս ազգակցութիւնն է որ կ՚երեւի իբր կապ՝ հասարակութիւն մը կազմելու, համահայրութիւնը, որմէ սերած լինի ցեղ մը ու ժողովուրդ մը. բայց երբ հասարակութիւն մը իր պարզ ընտանեկան ձեւէն դուրս կու գայ ու աճման եւ կեանքի զանազան պէտքերուն համաձայն կ՚առնէ ընկերական ձեւ, ու միասին ապրելու ստիպողականութենէն կ՚անցնի իրար միացնող սկզբնական պետական ձեւին՝ ցեղը կը կազմուի։

Ըստ Մէնի, մարդկային ընկերութեանց նախնական պատմութեան վրայ եղած վերջին հետազօտութիւնները կը թոյլատրեն հաստատել որ, համահայրութիւնը ու ազգակցութիւնը մարդկային հասարակութեանց ամենահին կապն է ։

Ազգակցութիւնը նկատուած է իբր հիմք մարդկային ընկերութիւններու։ Բայց կայ ուրիշ նոր տեսութիւն մ՚եւս որ կ՚ընդունի, թէեւ ցեղ մը ամենէն առաջ ազգակցական միութիւն մ՚է, բայց միանգամայն երբ շփոթ պարագաներու բերմամբ իր հետ առած է եւ տարբեր ընտանիքի ցեղեր, հասարակական կազմը ստացած է քաղաքական իշխանութեան եւ պետութեան կազմութեան մը երեւոյթ. ու այս՝ շնորհիւ ընկերական մեծ կերպարանափոխութեան մը, որ այդ հասարակութիւնը տեղի մը վրայ հաստատուելու հարկին մէջ մնացած է։ Այս տեսարաններէն մէկը այսպէս դատած է. «Այն վայրկենէն երբ ցեղ մը կը հաստատուի հողի մը վրայ՝ վերջնականապէս այնտեղ ապրելու համար, երկիրը, հողը կը յաջորդէ ազգակցութեանը ՝ իբր հիմք ընկերական կազմաւորութեան [1] ։

Մէնը նայելով այս իրերաշրջումին կ՚ըսէ. «Քաղաքական պատմութիւնը կ՚սկսի այն մտքով՝ որ մէկ արիւնէ առաջ եկած հասարակութիւն մը արենական հասարակութեան միակ հիմն է, ինչպէս եւ Քաղաքական դերի հասարակութեանը. բայց ոչ մէկ տակնուվրայութիւն այնքան կատարեալ չեղաւ՝ որքան վրայ հասած այն փոփոխութիւնը՝ երբ միեւնոյն հողի վրայ բնակութեան սկզբունքը հաստատուեցաւ առաջին անգամ իբր հիմ քաղաքական հասարակութեան»։

Ահա այս երկու տեսակէտները աչքի առաջ ունենալով՝ մենք պիտի սկսինք Քիւրդերու պատմութեանը՝ մէկը արենակցական, միւսը հողի մը վրայ բնակելու տեսակէտէն, հետեւաբար մեր պատմութիւնը լինելով Քիւրդերու պատմութիւնը՝ միեւնոյն ժամանակ Քրդօ-Հայ պատմութիւն է, Հայկական երկիրներու դրացիութեան ու հայկական երկիրներու մէջ միասին գտնուելուն, ու անոնց ժառանգական կազմութեան կարծիքներուն համար։ Այս ճիւղաւորութեանց համաձայն՝ Ցեղը բնական, պատմական եւ քաղաքակրթական տարր ու երեւոյթ է։ Այս երեք գլխաւոր պայմաններու մէջ է ընդհանրապէս որ կը գնահատուի Ցեղի արժէքը։

Առանց բնականի Ցեղի չէր կրնար գոյութիւն ունենալ, առանց պատմականի չէր կարող կազմուիլ, եւ առանց քաղաքակրթութեան չէր կարող շարունակել իր զարգացական կեանքը ինչ չափով ալ լինի։

Ցեղերու գոյացութեան, կազմութեան ու զարգացման տարբերութիւնները կը կայանան անոնց այս շրջաններէն որոշ չափերով ու որոշ զանազանութեամբ անցնելուն մէջ. ասով է որ պատմութիւնը մեզ կը ներկայացնէ մեռած ցեղերը, ցեղերը որոնք կը պահպանեն դեռ իրենց կենդանի գոյութիւնը, ու ցեղերը որոնք իրենց զարգացական աստիճաններով ու դրութեամբ կը տիրեն ու կ՚ապրին երկրագնդի մակերեւոյթի այս ու այն մասերը, եւ կ՚առաջդիմեն աստիճանաբար տիրական դառնալու, քաղաքակրթութիւնը մղելով առաջ ու դէպ առաջ։

Յառաջդիմութիւնը հասկցուած է սահման առ սահման, մարդկութեան պատմութիւնը այդպէս է ցոյց տուեր, եւ ընկերաբաններու ու մարդկութեան պատմագէտներու ընդհանրութիւնը այդպէս կ՚ըմբռնէ։

Ասոնցմէ մէկը Թայլօրը, կու տայ անոր ձեւակերպումը. «Յառաջդիմութիւն, անկում, վերակենդանութիւն, վերածնում, ձեւստացումը՝ Քաղաքակրթութեան բարդ հիւսուածով ցանցի օղակներն են, եւ որոնք կը պարզեն ինչպէս կ՚ըսէ Լիւպօք «Եթէ մարդկային պատմութիւնը եղած չը լինէր մշտական յառաջդիմութիւն մը, այս յառաջդիմութիւնը եղած չէր լինէր համաշխարհային. որովհետեւ նա պատշաճ է որոշելու այլասեռուած (dégénérées) ցեղերը (անոնք որ կ՚անհետանան). անշարժ ցեղերը (les races stationnaires)՝ (որոնք չեն աճիր), եւ Յառաջդիմութեան մէջ եղող ցեղերը (les races en progrès). (որոնք կ՚աճին նկատելի կերպով)։

Այս պարզաբանութենէն յետոյ, կը յայտնեն որ նախնական մարդու եւ արդի վայրենի մարդու մէջ եղած հիմնական նմանութիւնը կը թոյլատրէ ենթադրել, որ քանի մը ցեղեր վայրենութեան վիճակէն կարողացան բարձրանալ ներկայ քաղաքակրթութեանը։

Արդ. ներկայիս մէջ Քիւրդերը, ընկերաբանական տեսակէտէ առնելով, կը գտնուին քաղաքակրթութեան նախնական, վայրենի, եւ միջինէն վար աստիճաններու զանազանութեանց վրայ. անոնք ունին այժմ պատմական ձեւերու այս կազմը. Ընտանիք (famille). Կենս=ջընս (gens). ցեղ (tribu). քաղաքային ժողովուրդ (cité). եւ չեն հասած դեռ Ազգ (nation) կազմութեան։

Հիմա մենք կ՚անցնինք անոնց պատմական հետազօտութեան, եւ կատարուած հին ու նոր ուսումնասիրութիւններուն։



[1] Théories Modernes sur les Origines de la Famille etc. par Adolphe Possadâ.