Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅԵՐՈՒ ՈՒ ՔԻՒՐԴԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
(Զինւորական ու քաղաքական կազմակերպութիւնը մէկ հողի վրայ. Քիւրդերու նստակեցութիւնն ու թափառականութիւնը. Հայերու կազմը իբր ազգ, Քիւրդերուն իբր ցեղ. Պէհիստունի բեւեռագիր արձանագրութիւնը Քիւրդիստանի մասին)

Հին պատմութիւնները ընդհանրապէս հիմնուած են քաղաքական հողային տիրապետութեան, պատերազմներու, փոխ առ փոխ յաղթութեան ու պարտութեան, հարկատու ու հարկառու դրութիւններու, ու զինւորական աւազակային կազմակերպութիւններու վրայ։

Այս ընդհանուր տարածական ուղղութեանց մէջ, հինգերորդ դարուն հին Հայերու ու հին Քիւրդերու յարաբերութիւնները կը պարզեն ուրիշ նոր երեւոյթ մ՚ալ երկու տարբեր ցեղերու միացած մէկ քաղաքական կազմութիւնը, որոնք միանգամայն որոշակի կը պահեն իրենց առանձին ինքնութիւնը, Հայերու բնակակցութեամբ Քիւրդիստանի մէջ։

Այս տեսութիւնները կը հանենք Պէհիստունի բեւեռագիր արձանագրութիւններէն, որոյ մասին քաղուածները առաջ կը բերենք նոր ուղղութեամբ լոյս տեսած պատմութենէ մը [1] ։

«Պարսից Դարեհ (Darius) թագաւորի ժամանակ (521-486) երբ նա Բաբելոնը նուաճելով կը զբաղէր. Հայերը ու Մէտիացիները կ՚ապստամբէին։ Հայ Սատրապ Dadarshish կը յարձակէր ապստամբներու վրայ՝ գիւղի մը կամ գիւղաքաղաքի մը մօտիկ՝ որ ըստ Պէհիստունի բեւեռագիր արձանագրութեան կը կոչուէր Վահանա անուանուած Զուզա, սահմանէն ոչ հեռու՝ Թուրավաճարա 8ին. (19 Ապրիլ 521). արձանագրութիւնը ենթադրել կու տայ որ Զուզայի հանդիպումն յաջող անցաւ Հայերու համար։

Ըստ Ժիւստիի՝ Զուզա, Քիւրդ Զօզանն է, եւ աշխարհագիրները գիւղաքաղաք մը ցոյց կու տան Տիգրիսի եզերքը՝ արաբական լեզուով Պէզատէ կամ Գօզարտա, որ այժմեայ Ճըզիրէն է։

Դարեհի բեւեռագիր արձանագրութիւն մ՚եւս Պէհիստունի ճանապարհի քարաժայռերուն վրայ ցոյց կու տայ որ Վահումիզա փոխանակելով Dadarshishին՝ 30 Թուրավահարա (520 —Յունվ. 18ին), Պարսիկները իրենց նուաճումները առաջացնելով կը հասնէին մինչեւ Անթիկարա (Ttdjari dans le Kurdistan)՝ ուր հաստատեցին իրենց բանակը, Վահումիզա հրահանգ ստացաւ բռնել Ռըվանտիւղի կիրճը…

Պէհիստունը Տիգրիսը Իրանին կցող մեծ ճանապարհն է, այնտեղէն կապուած կը տարուին 9 ապստամբապետներ՝ որոնց 7րդը Հայ մ՚էր, որուն հայրենակիցները կը կոչուէին «Arminya»։

Յետոյ Թասիթի մէկ նկարագրութիւնը Հայաստանի Հռովմայեցիներէն տիրապետուելու համար այն ժամանակ երբ Ներոնը կայսր հրատարակուեցաւ, կը ցուցնէ Հայերու ամէն միջոց ձեռք առնելը, բայց եւ այնպէս վերջ ի վերջոյ ուժէ իյնալը, ու Մարերու դիրքը այդ արշաւանքին ատեն, որ իր մէջ կ՚ամփոփէ Քիւրդական այժմեայ բարքերն ու յատկութիւններն ու Հայերու հետ իրենց քաղաքական վիճակակցութիւնը։

«Գօրպիւլօն (Հռովմայեցին) կամենալով օգտուիլ Հայերու կրած սարսափէն, կ՚որոշէ նուաճել հարաւային մայրաքաղաք Տիգրանակերտը, նա կ՚ըսէ. միայն Մարերը դիմադրութիւն ցոյց տուին, երբ բանակը կ՚անցնէր Վանի եւ Ուրմիոյ լիճերու մէջտեղը. ասոնք սովորած լինելով ապրիլ աւարառութեամբ՝ պաշտպանուած իրենց գահավիժող ու ապառաժուտ սեպաձեւ լեռներով, մեծ ձանձրոյթ կը պատճառեն Հռովմայեցիներուն, եւ Հռովմայեցիք անոնց վրայ կ՚ուղարկեն Վրացական գունդ մը, միակ միջոց՝ պատժելու համար ապստամբ վայրենիները, առարկելով, եւ միթէ չա՞րժէր թափել տալ օտար՝ քան Հռովմէական արիւնը»։

Տիգրանակերտը պատմականապէս եղել է Հայերու ու Քիւրդերու հայրենիքը միանգամայն։ Գիտական նոր ուսումնասիրութիւնները Տիգրան առաջինը կը համարեն մեծն Տիգրանը՝ որ աշխարհակալի անուն ունեցաւ, ու երկար պատերազմներ մղեց Հռովմայեցւոց դէմ, ու կը հաստատեն երկու Տիգրաններու նոյնացումը։ Թէ ըստ Հայ վիպական պատմութեան՝ որ Տիգրան առաջինը, տասը հազար գերիներ հանեց Մարաստանէն ու բերաւ Մասիս լեռան արեւելակողմը բնակեցուց, որոնցմէ առաջ եկան Մուրացան այսինքն Մարերու նախարարութիւնը կամ Վիշապազունք. եւ թէ ըստ նոր ուսումնասիրութիւններու՝ Մեծն Տիգրանը իր նորակառոյց Տիգրանակերտը կը լեցնէ այլազան տարրերով. երկու հանգամանքներու մէջ ալ կը տեսնուի այս ցեղերու խառն բնակակցութիւնը, որոյ մասին աւելորդ չէ ծանօթութիւններ բերել դարձեալ Noël Dolens et A. Khatch-ի «Histoire des Anciens Armeniens» գրքի 134 երեսէն [2] ։

Կը տեսնուի թէ Տիգրանը Լուկուլլոսի հետ պատերազմելու համար Հայկական զինւորական կազմակերպութիւնը պատրաստած է տարասեռ տարրերէ։

Եւ այսպէս, հին դարերէ սկսեալ, հին Հայերը հին Քիւրդերու հետ կազմակերպուած են զինւորականապէս, քաղաքականապէս, բնակակցութեամբ միեւնոյն հողին վրայ, առանց կորսնցնելու ազգայնականութիւնը. ինչպէս տեսանք Հայերէ զատ այդ տարասեռ տարրերը ի մի ձուլուած՝ այսօր կը կոչուին Քիւրդ անուան տակ, իսկ Հայերը այն օրերէն մինչեւ այսօր Հայ են կոչուած ու մնացած են Հայ, առանց ցեղական որոշումներու՝ ազգային կազմակերպութեան մը մէջ։

Ամերիկեան անսիքլօփէտի մը հրատարակուած 1882ին՝ հիմնուելով Քիւրդիստանի միջի միսիոնարական ուսումնասիրութիւններուն վրայ, Քիւրդերու ծագումի մասին կը գրէ.

«Անտարակոյս Քիւրտական ծագումնային կազմակերպութիւնը եղած է ցեղական, եւ տիրող ցեղերու սովորութիւնները եղած են թափառիկ ու հովուական։ Քիւրդերու դասաւորութիւնը, ընդհանուր գիծերու մէջ կարելի է բաժնել երկուքի՝ նստակեաց (սէտանթէռ), թափառական (նօմատ)»։

Ուրեմն այս տեսակէտով, ծագումնին արենակցական է, բայց ցեղ ցեղ. իսկ հին հայրենիքը՝ նստակեացներին է. ու թափառիկներունը՝ սահմանակիցներու երկիրները՝ ուր անոնք կ՚երթան ու կու գան, եւ յարմար պարագաներուն կը հանգստանան, կէս նստակեաց ու կէս թափառիկ վիճակով։ Ահա Քիւրդերու տարածումի մէկ պատճառն ալ։



[1] Histoire des Anciens Arméniens par Noël Dolens et A. Khatch. p. 172.

[2] «Նոր մայրաքաղաքը (Տիգրանակերտը) բարձրացաւ գետնէն այնպէս՝ որ կարծես Մոգական գաւազանի արդիւնք մը լինէր, թագաւորութեան առաջին ընտանիքները ստիպուեցան արտագրաւումի սպառնալիքին տակ այնտեղ փոխադրել իրենց բնակութիւնը, երեք հարիւր հազար բնակիչներ, —Ասորեստանցիներ, Ատիապէնցիներ (Adiabényens), Կորդուացիներ (Gordyériens), եւ ուրիշները բռնի բերուելով հաստատուեցան այնտեղ, առանց հաշուելու Կիլիկիայի եւ Կապադովկիայի Հելլէնները, զորս Տիգրանը նոյնպէս այնտեղ ղրկեց, ինչպէս նաեւ Մետիայի մէջ (Médée)։ Տիգրանակերտը եղաւ իսկապէս նախկին Ասորական եւ Բաբելոնական ահագին քաղաքներու վերակենդանութիւնը։

(Երես 131). «Մետիայի Ատրօպատէն թագաւորը որ իր աղջիկը տուած էր Տիգրանի որդուն, պարտաւորուեցաւ անոր ղրկել 40, 000 թեթեւաշարժ զօրք եւ 10, 000 ձիաւորներ (Strapone X 1. 13, 2. d'après Apollonide), կար նոյնպէս ուրիշ հեծեալ տիգաւորներու զօրաբաժիններ Մարերը ( les Mardes). —ազգաբնակութիւնը Կորդուաց եւ Ուրմիոյ լճի միջեւ, (կ՚ենթադրուի որ Քիւրդերը (Gordyènes, Carduques) Իրանական ծագումէն, Մետացիներու եւ Մարերու խառնուրդ մ՚էին։) Արաբ Պէտէվիները, Կորդուացիները, որոնք ճանապարհների պատրաստութեանց աշխատանքին վարժ էին»։

(Երես 135). «Նախ Տիգրանը բանաւոր կշռադատումի կու գայ երբ կը տեսնէ իր շուրջը բոլոր Հայկական գունդերը, ինչպէս կորդուացիներունը, Մէտիայի թագաւորներունը, Ատիապէնինը, Արաբ խաշնարածներու հեծելազօրքը, եւն. »։