Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԻՒՐԴԵՐՈՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԷՊԸ
(Կենդանական ծագումը. Նմանութիւնը գայլի, օձի եւ վիշապի հետ. Ստուգաբանական ասացուածներ)

   Ցեղերը իրենց ֆիզիքական ու հոգեբանական էութիւնն ու յատկութիւնները պատկերացնելու համար, նախնի վիպական պատմութեանց մէջ իրենց ընծայած են Վերացական ծագում, ու երբ որոնելու կ՚ելնենք, կը գտնենք որ այդ ծագումները աւելի շատ Աստուածային են քան մարդկային եւ կամ ուրիշ։

Պատմական վէպերը այն նշանակութիւնն ունին, որ իրենց ստեղծագործութեան մէջ կը կրեն այն ժողովուրդի հոգեբանութիւնը որոնց մասին արտայայտուած են, ու կը բնորոշեն ցեղին տիպը, զորս բազմաթիւ դարերէ յետոյ, բաղդատական համեմատութիւնը կրնայ ապացուցանել, ու ուսումնասիրութիւնը զայնս ստուգել։ Քիւրդական վիպասանութիւնը իրեն կու տայ զուտ մարդկային ծագում, որոնք իրենց հոգեբանական երեւոյթներով, աստիճանաբար չեն բարձրանար աստուածայինի, այլ կը մօտենան կենդանականի։

Այս ապացոյցներու համար, առաջ կը բերենք շատ անգամ եւ շատ տեղեր յիշատակուած Ֆէրտուսիի Շահնամէի մէկ կտորը, որը թէեւ ուրիշներէ պատմուած է տարբեր ենթադրութիւններու համար։ Ահա այս վէպը։

«Դահակ կամ Զօհակ թագաւորի ուսերին բուսած էին երկու օձ կամ վիշապ. Մոգերը իրեն խորհուրդ տուած էին որ զանոնք անվնաս դարձնելու համար՝ պէտք էր սնուցանել մարդկային ուղեղով։ Ահա պատճառը, որ ամէն օր կ՚սպաննէին հուժկու ու գեղեցիկ երիտասարդները, անոնց ուղեղներէն օգտուելու համար։

Այս մատակարարութեան յատկացուած պաշտօնեաները խղճահարուելով երիտասարդութեան այս վիճակէն, խորհուրդ յղացան մարդկային ուղեղին խառնել ոչխարի ուղեղ, եւ որոշ չափով՝ երիտասարդներ ազատել մահէ։ Եւ այսպէս շարունակաբար զոհուելէ ազատած երիտասարդները կը փախցնէին լեռը, որպէս զի գաղտնիքը չպարզուի։ Ժամանակների ընթացքին, այս փախստականներէն առաջ եկաւ «Քիւրդ» ցեղը։

Այս վէպին մէջ կը տեսնենք Քիւրդերու ֆիզիքական յատկանիշեր՝ որ են լեռնական, փախստական, հուժկու, գեղեցիկ, վայրենի, հետեւաբար եւ ըմբոստ։

Ըստ ոմանց՝ Պարսիկները զանոնք Գայլ կ՚անուանեն, որուն հասարակ ժողովուրդը կը հաւատայ, թէ Քիւրդերը առաջ եկած են գայլի սերունդէն։ Կը հաւաստեն նոյնպէս թէ, Քիւրդ բառը կը գրեն ու կ՚արտասանեն Գօռդ, որ կը նշանակէ ուժեղ, հզօր, եւ միեւնոյն ժամանակ գայլ [1] ։

Ակնարկ մ՚ալ աւանդական վէպերուն ձգելով քանի մը յիշատակութիւններ առաջ բերենք։

Քիւրդեր ու Հայերը, հուժկու, յաղթանդամ եւ երբեմն ալ այլանդակ Քիւրդին կը կանչեն Խորտօ. (հոմանիշ Գորդ = գայլ եւ Քիւրդ բառերուն)։ Վանեցի Հայեր՝ աշխոյժ, ամրակազմ եւ քաջ մարդկանց կ՚անուանեն Ղորտ, Կորճօ, Կոռէճ (գուցէ արմատ բառ՝ Կորդուք, Կորդրիք, Կորճէք երկրին, ու նմանութիւն Քիւրդ բառին)։          

Նոյնպէս այս իմաստով կը գործածուի Աժդահա մարդ (որ Աժդահակ բառի կրճատումէն է)։

Նշանակելի է նաեւ ցուցնել անքաղաքավար, կոպիտ ու յափշտակիչ մարդը, իր պարթեւ ու հսկայական կազմին մէջ։ Այսպիսիին կ՚անուանեն Լօռտօ. հաւանաբար Լօռ, Լօռիստանցի, որի մասին նախապէս յիշատակութիւն մը ըրած ենք։

Քիւրդերը իրենց ցեղական արժանապատւութիւնը յիշեցնող խօսք մը ունին. «Նէ՞ տիւ Մէր ի» (Չէ՞ որ դուն Մէր ես). «Պօտա Մէրատի չիւնինա» (Քեզ մօտ Մէր ութիւն չկայ)։ Այս ասացուածը կը գործածեն մէկի անվայել արարքը դատապարտելու համար։

Այս գործածութեան մէջ Մէր եւ Մէրատի կը նշանակէ քաջ, քաջութիւն, տղամարդի առաքինութիւն, եւն. ։

Մէր բառը տարբեր է Մէրտ եւ Մար բառերէն. առաջինը կը նշանակէ մարդ, առատաձեռն, երկրորդը օձ։ Շատ հաւանական է Մէր ըսելով՝ կը յիշեցնեն իրենց նախահայր Մարերը։

Հայերը հսկայ, ուժեղ ու պատառող մարդուն կ՚անուանեն Գայլ-Վիշապ. ընթերցողները կը յիշեն որ Մարերէ առաջ եկած Մուրացան նախարարութիւնը կը կոչուէր Վիշապազունք՝ (վիշապներու սերունդ) [2] ։

Մենք չպէտք է կարծենք որ Քիւրդերը իրենց հոգեբանական զարգացումն հինին մէջ սնուցած եւ նմանցուցած ուզելով կենդանականի՝ ստորացած դիրք մը կը ներկայացնեն. ընդհակառակն, իրենց գրականութիւնը ցոյց տուած են անոնք, երբ նկատի առնենք նախնական մարդու կենդանականութիւնը, յետոյ գազանականութեան մօտենալու իդէալը, որ մինչեւ ցարդ կը պահեն ռազմիկ պետութիւններէ շատերը, իրենց զինանշանները խորհրդաւորութեամբ մը պատկերացնելով առիւծ, վագր, եւն. ։

Ահա ցեղական բարքեր, ժառանգական յատկութիւններ, միջավայրի ազդեցութիւնը, բաղդատական համեմատութիւններ արձանագրութիւններու, վիպական պատմութիւններու, հին ու նոր բնաւորութիւններու, եւ ասոնք բաւական են բնորոշելու համար ինչ որ ըսինք, եւ ինչ որ ուզեցինք ըսել։



[1] Թիւրք զինւորական հին-րէժիմեան պաշտօնէութեան մէջ կար մի Քիւրդ փաշա, որ կը կոչուէր Գուռդ Իսմայիլ փաշա, այս պատուանունը աւանդաբար, գիտակցաբար կամ այդ անորոշ բնազդական զգացողութեամբ տրուած է իրեն՝ անոր համար որ, այս փաշան Քիւրդերը բարեկարգելու պաշտօնին ղրկուած ժամանակ, նոր պատիժներ կը հնարէ անոնց համար. բազմաթիւ սրածայր եռանկիւնի բեւեռներ շինել կու տայ եւ կը փռէ գետնի վրայ անպատրաստ հունձքի մը նման իբր կալատեղ, ու Քիւրդ աղաները եզան պէս իրար կապելով ոտաբոբիկ քալել կու տայ բեւեռներու վրայէն, ցորեն կալսելու գործողութեան հետեւողութեամբ. նոյնպէս կ՚ըսուի թէ Տիգրանակերտի մէջ Քիւրդ աղաները բանտարկած ժամանակ երբ կը տեսնէ որ աւելի հանգիստ են բանտերի մէջ քան իրենց տուները, զանոնք տանջելու համար, Կ. Պոլսէն տախտակաորդ (թախթապիթի) բերել կու տայ տուփերով, ու բանտը կը լեցնէ որպէս զի Քիւրդերը տանջուին։ Այս փաշայի համար կ՚ըսուի նաեւ բռնակալութեան դէմ խլրտումներու ժամանակ՝ ժողովրդի վրայ յարձակուեր է։ Այս արարքներուն համար նա կը կոչուի Գուռդ, այսինքն գայլ, պատառող, որ պատուանունի տեղ առնուած է։

[2] Ալիշանը կ՚ըսէ. Հին Հայկազանց ազգային դրօշը կամ նշանն էր Վիշապ. եւ Մարաց առասպելեալ թագաւորի երազին մէջ մեր Տիգրանը Վիշապի վրայ հեծած կ՚երեւար։ Վիշապը այլաբանութիւնն է Մարերու, որոնց թագաւորը Աժդահակ՝ կը նշանակէ օձ խայթող։

(Հին հաւատք կամ հեթանոսական կրօնք Հայոց)