Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅԵՐՈՒ ՈՒ ՔԻՒՐԴԵՐՈՒ ՎԻՃԱԿԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

«(1603). Օսմանցւոց Հայաստանի տիրապետութեան ժամանակ, անոնց կուսակալներու տուած նեղութիւններէն ազատուելու համար, Հայ Մելիքներէն ոմանք Պարսկաստան անցնելով Շահի օգնութեան ապաւինեցան, ինչպէս եւ ժամանակի Մելքիսեդեկ կաթողիկոսը։ Շահաբասը որ Օսմանցիներու վրայ յարձակուելու վաղուց արդէն կը պատրաստուէր, սիրով ընդունեց անոնց ու տեղեկութիւններ ստացաւ Հայաստանի հանգամանաց վրայ։ Վերջապէս երբ մի քանի քուրդ բէգեր ալ Օսմանցւոց իշխանութենէն դժգոհ դիմեցին Պարսից թագաւորին ու խոստացան օգնել անոր։ Շահաբաս յարմար ժամանակ գտնելով արշաւեց»։