Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ.
ԹԻՒՐՔ, ՔԻՒՐԴ, ԵՒ ՀԱՅ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
(Քիւրդ եւ Հայ լեռնականները. Հայ գաղթականութիւններու աճեցականութիւնը. Օսմ. պետութեան աստիճանական գերակշռութիւնը. Հայերու դէպ ի քաղաքակրթութիւն ձգտումը. Քաղաքական տարբեր դրութիւն քաղաքներու եւ գիւղերու միջեւ. Քրիստոնեայ Հայ-Պատրիարքութիւն եւ Մահմետական Շըխութիւն. Տնտեսական ու քաղաքակրթական վիճակներու տարբերութեամբ Հայերը կը դիմէին բարեկարգութեան, Քիւրդերը անկախութեան)

Ակնարկը որ պիտի ձգենք քիւրդական տիրապետող իշխանութեանց վերջնական կործանումէն մինչեւ մեր օրերը, մեզ կը թելադրէ այդ ժամանակամիջոցը բաժնել չորս շրջաններու.

1. Քիւրդական իշխանութեանց կործանումէն մինչ1877ի Ռուս-Թիւրքական պատերազմը։

  2. Պատերազմէն մինչեւ Համիտիէ հեծելագնդերու կազմութիւնը։

  3. Համիտիէներու կազմութենէն մինչեւ Օսմ. սահմանադրութեան հրատարակութիւնը.

  4. Օսմ Սահմանադրութեան սկիզբներէն մինչ օրս, այսինքն 3րդ տարին։

Արդ, մեր պատմական գծին շարունակութեանը սկսելէ առաջ պէտք է դիտել որ, Հայաստան արշաւող բոլոր այլազան ցեղերու պատերազմների ու տիրապետութեանց ժամանակ, տեղական ազգաբնակութեանց մէջ Քիւրդերը լինելով աւելի թափառական քան նստակեաց, աւելի շատ իբր լեռնականներ, յաջողեր են միշտ խուսափիլ արշաւողներու պատահարի պէս անցողական ու անուանական նուաճումներէն, եւ հետեւաբար չկրելով դաշտայիններու վրայ ծանրացած ազդեցութիւնները, ինչպէս մասամբ չվայելելով քաղաքակրթական խաղաղ աշխատանքի բարիքները, միայն իրենց անկախութիւնը պահպանելու համար մնացեր են Հայաստանի սարերը, ու թափառեր են տեղէ տեղ, ապրելով իրենց նախնիներէն ժառանգած աւանդութիւններն ու սովորութիւնները։

Օմսանցիները իրենց տիրապետութիւնը Հայաստանի մէջ հիմնովին հաստատելէն յետոյ, ինչպէս տիրեցին Հայերուն, տիրեցին նոյնպէս Քիւրդերուն, բայց տարբեր պայմաններով։

Սուլթան Մէհէմմէտ Բ. ը, Հայոց Պատրիարքութիւնը հաստատելով Կ. Պոլսի մէջ, ու Հայերի կրօնական ու աշխարհական գործերի վարչութիւնը պատրիարքական իշխանութեան յանձնելով, անուղղակի անոր դարձուց թիւրք-կառավարական պաշտօնէութեան մի ճիւղ, պահելով իր աչքի անմիջական հսկողութեան տակ։ Մայրաքաղաքի ու Հայաստանի այլեւայլ մասերի կենցաղավարութեան եղանակը փոխուեցաւ քաղաքականապէս ու տնտեսականապէս, ու տարբեր տարբեր վիճակների ենթարկուեցաւ. ուրիշ էին լեռնական շրջանները, օրինակի համար Զէյթուն, Սասուն, Մոկս, Շատախ, Բերկրի, Աղբակ, եւն. ուրիշ էր Կարնի, Վանի, Բաղէշի, Տիգրանակերտ եւն. քաղաքների վիճակը։ Աւելին բաց թողնենք, երեք դրութիւն էր ստեղծուեր։ Քաղաքներէ կ՚անցնէին Կ. Պոլիս, իսկ Հայաստանի վերեւ յիշած գաւառական մասերը կը մնային իրենց նախկին վիճակին՝ եւ Կ. Պոլսի մէջ կը զօրանար ուժեղ գաղթականութիւն, որ իր մէջ 200, 000ի հասնելէ յետոյ կը ծաւալուէր իր մօտիկ շրջակաները, որով իրերու դրութիւնը փոխուելով Պատրիարքարանի համար, հայկական գործերը կը հասկցուէին այդ մեծ գաղթականութեան գործերը. Հայաստանի քաղաքները իրենց գաղթականութեան յարաբերութեամբ շատ քիչ բաժին ունէին անոնց մէջ, իսկ Հայաստանի մնացեալ գաւառական մասերը բնաւ չունէին։ Հայաստանը բամբակէ թելով հազիւ կապուեցաւ Պատրիարքարանին։

Միւս կողմէ Օսմանեան Կայսրերն ու քաղաքագէտները Քիւրդ ցեղերին տուին Շըխութիւն, մի տեսակ մահմետական Պատրիարքութիւն Քիւրդերի համար։

Քրիստոնէական Հայ Պատրիարքութիւն ու Մահմետական Քիւրդ Շըխութիւն, ահա քաղաքագիտակ երկու հզօր գործօն, երկու տոկուն ու հզօր տարրերը մեղմիկ տիրելու համար [1] ։

Հայ Պատրիարքութիւնը մնաց Հայաստան մարմնի անջատեալ գլուխը. Քիւրդ Շըխութիւնը թէեւ Օսմանցիներու ձեռքին կրնար մահմետականացնելով իրենց մէջ ձուլելու միջոց դառնալ, բայց Քիւրդերը առանց իւրացնելու պաշտօնապէս ընդունեցին մահմետականութիւնը. ու Օսմանցիներու աչքին երեւալով Օսմանցի ու Մահմետական, յաջողեցան պահել իրենց ժառանգական կիսանկախ դիրքը [2] ։

Օսմանեան այդ ժամանակի իշխանութիւնը, թէեւ տուել էր Հայերուն կրօնական ազատութիւն, տնտեսական գործունէութեան լայն ասպարէզ, բայց կրօնական խտիր զօրաւոր էր, եւ կրօնական ատելութիւն անսահման։ Օսմանցիք Հայերուն իբր Քրիստոնեայ կ՚արհամարհէին զայն կոչելով «Գեավուր», որ իր հասարակական նշանակութեամբ կը հասկցուի «Աստուած եւ ճշմարտութիւն ծածկող ու կեղծող»։ Քաղաքական շատ իրաւունքներէ զրկելով, ոչ միայն զինւորական դառնալու, կամ զէնք կրելու, այլ եւ ձի նստելու արտօնութիւն չէին տար։ Հայը երկրի տնտեսական գործերու մեծ մասի շնորհը վայելելով, (որովհետեւ ամեն տեսակ իրաւունքը՝ եւն. ընդունելու էր իբր շնորհ), հայկական քաղաքների բնակչութեան նպատակակէտը կը դառնար հարստանալ, ու ծերութեան հասակին Երուսաղէմ երթալով «Մահտեսի» դառնալ։ Ձի նստելու իրաւունքէ զրկուելով, էշ հեծնելու սովորութիւնը կը զարգանար, որով էշ հեծնող ամէն չափահասը, թիւրքերու աչքին «Մըղդըսի» (Մուքատտէս=սուրբ, նուիրական) էր. ու հարուստ մըղդըսին կ՚անուանուէր հաճի աղա, ահա քաղաքի այդ ժամանակի հայու իտէալի ու փառքի գագաթնակէտը։

Բայց ինչպէս ըսինք, տարբեր վիճակ ունէին միւս գաւառական Հայերը։

Քիւրդերը տեսնելով նախապէս իրենց մօտիկ ու բարեկամ հայի հեռացած լինելը, որ արդիւնք էր ոչ միայն քաղաքական այլեւ տնտեսական պայմաններու ու անոնցմէ ծնունդ առած կենցաղի՝ շաղախուած ստրկութեամբ. առանց կրօնական ու ազգայնական ատելութեան՝ իրենք ալ կ՚արհամարհէին Հայուն իրենց կողմէ անոր անուանելով «Ֆըլայ»։ Իրենց բերնի մէջ անարգական բառ մը, որ կը նշանակէ թոյլ, քաղաքական ամեն տեսակ առաքինութիւններէ զուրկ։ Պօհտանի, Շիրվանի եւ շրջակայից Քիւրդերու ու Հայերու մէջ տարածուած է հետեւեալ վիպական պատմութիւնը։

«Հայերն ու Քիւրդերը եղբայրներ էին, ու կ՚ապրէին միասին հաւասար կեանքով, անոնց կենցաղի երկու գլխաւոր ուժերն էին սուրն ու գութան [3] ։ Այնպէս եղաւ որ անոնք կամեցան բաժանել իրենց գործերը. հայերն ընտրեցին վերցնել գութանը, իսկ քիւրդերը սուրը. այսօր ամեն մէկը կը վայելէ իր ընտրութեան արդիւնքը»։

«Ֆըլա. ֆէլլահ», կը նշանակէ մշակ երկրագործ, որ գործ ունի քրտինքի եւ խաղաղ աշխատանքի հետ. հետեւաբար աստիճան առ աստիճան նա կը կորսնցէ սրի մարդու յատկութիւնները՝ երբ բոլորովին ձեռքէ կը թողու սուրը. իսկ սրի մարդը երբ ձեռքէն կը թողու աշխատանքը բոլորովին, ու կ՚ապրի միայն իր սրի ուժով, նա կը դառնայ պարզ վայրենի, լեռնական յափշտակիչ աւազակ։

Ահա այս ծայրահեղութիւնների մէջ կը գտնուէին հայերն ու քիւրդերը, եւ կեանքի մէջ ակամայ իրարու դէմ կը ցցուէին։ Արդէն հայու ու քիւրդի մէջ գլորուած էր բարեկամական անջատման հակառակութեան ու թշնամութեան գնդակը։ Հայերը այսպիսով տնտեսական դրութեան մէջ ասպարէզ ունեցան քաղաքակրթուելու, իրենց օգնեց նա եւ հայ լեզուն, պատմութիւնը ու գրականութիւնը։ Աշխատաւորական, արուեստաւորական, եւ առեւտրական կեանքը, ստիպեց իրենց քաղաքակիրթ աշխարհի հետ շփումներ ունենալու. բայց այս ճիւղի մէջ իր ազատ առաջդիմութիւնը բնականաբար կ՚երթար անջատուելու այն ստրկութենէն՝ որ քաղաքական, կրօնական եւ ազգայնական բնաւորութիւն կը կրէր։ Յառաջդիմական այս աստիճանական զարգացումն հայուն կը տանէր խաղաղ ասպարիզով խաղաղ աշխատանքի լայնացման, որ արգելք կը գտնէր սրի մարդոցմէ ու յիշուած ստրկութեան պատճառէն։ Արեւմտեան եւ հիւսիսային քրիստոնեայ ազգերու կառավարութիւնները օգուտ քաղելով այս դրութիւններէն, իրենց աշխարհակալական նպատակների համար. յարուցած էին «Արեւելեան հարցը»՝ Քրիստոնէից ազատութիւն անունով, որով հակառակութիւն եւ թշնամութիւնը աւելի կը բորբոքուին ապրող ազգաբնակութեանց միջեւ։

Քիւրդերը բոլորովին թողուցած տնտեսական կեանքի պայմանները, մնալով միայն սրի մարդ. այն ալ ոչ թէ առաջանալով զինւորական արուեստի մէջ, որ ուժն է պետութիւններուն, այլ մնալով անիշխանական լեռնականներ, ապրեցան հովուական եւ աւազակային կեանքով. իրենց ապրուստն ու գործը եղաւ խաշնարածութիւն, ու աւազակային յափշտակութիւնը՝ միշտ իշխանութիւնների աչքէն հեռու, միշտ փախստական, միշտ կիսանկախ։

Հայերու ու Քիւրդերու այս տարբեր ու հակընդդէմ կենցաղը թիւրք կառավարութեան համար ոչ թէ քաղաքակրթական պայմաններով տիրելու, այլ «Բաժանէ որ տիրես» սովորութեան միջոցին դիմելու առիթն եղաւ։ Հայերը իրենց տնտեսական շահերը Քրդերէ վտանգի ենթարկուելու պարագային, կը դիմէին Թիւրք իշխանութեան, որ առանձին մտածումով կը ճնշէր Քիւրդին, որպէս զի որոշ չափով ապահովուի երկրի տնտեսութիւնը. բայց նոյն Թիւրք իշխանութիւնը կը ճնշէր եւ Հային, երբէք չը լսելով անոր բողոքը ու թողնելով որ նա քիչ մը հարստահարուի Քիւրդէն, որպէս զի այդ ժամանակի իշխանութեան տիրապետութիւնը զօրեղ լինի։ Այսպէս, Հայերն ու Քիւրդերը այս կառավարական սիստեմին շնորհիւ, ալ աւելի կը թշնամանային իրարու հետ. երկրի զարգացումն ետ կը մնար, կամաց կամաց ջնջուելու համար [4] ։

Քիւրդերը չը նայած իրենց տգիտութեան, ու ցեղապետներին ունեցած կոյր հնազանդութեանը, երբեմն ցեղապետներու հարստահարութեանց հետ, կը վայելեն նաեւ անոնց բարիքը։  

Քիւրդ ցեղապետները միշտ արթուն էին. իրենց վայելած դիրքի շնորհիւ, միշտ տեղեակ կը մնային քաղաքական աշխարհի անց ու դարձին, ու յարմար պարագան բերելուն պէս, իրենց սուրը կը քաշէին թէ տիրողի ճիրաններէն դուրս գալու, եւ թէ «Ֆըլա» համարածներէն իրենց վրէժը լուծելու։

Առաջ որ անոնք Հայուն կը կանչէին Արմէն, եւ իրենց իշխանաւորին Շահ-Արմէն. այս ներկայ պարագաներուն՝ հայը ոչ թէ Արմէն, այլ «Ֆըլա» անգամ կոչուելու արժանի չէր, միայն կը նկատուէր ոչնչութիւն մը՝ որին սրբելու, ասպարիզէն վերցնելու համար Քիւրդ հասարակութեան միայն հրամայել էր պէտք։

Քիւրդերը իրենց զօրութիւնն ու հարստութիւնը կը գտնէին հայերէն խլելու, ի հաշիւ հայերի ընդարձակուելու ու անպատասխանատու մնալու մէջ. յենլով թիւրք ժամանակակից կառավարութեան քաջալերութեանը։

Հայերը իրենց զարգացումն կ՚որոնէին Քրդական ասպատակութիւններուն վերջ տալուն մէջ, բողոքելով Քրդական ասպատակութիւնների դէմ։

Մի խօսքով Հայը կը դիմէր ու կսպասէր բարեկարգութեան (réforme). Քիւրդը առանց սպասելու կը դիմէր միշտ անկախութեան։



[1] Էրնսթ Լոման, «Միթթայլունկէն աուստէմ Օրիենդ» (տեղեկութիւններ Արեւելքէն) ամսաթերթին մէջ կը գրէ։ (1904 Հոկտ. տետր 1)

«Թիւրքերը երբ մտան Առաջակողմեան-Ասիան, Քիւրդերուն գտան այդ սահմաններուն վրայ հոծ բազմութեամբ։ Անոնց բնակած այս երկիրը Կորդուիք կ՚անուանուէր, Քիւրդերու պատերազմի մէջ ունեցած քաջասրտութիւնը, թէ՛ կը վախցնէր Թիւրքերուն եւ թէ՛ որոնել կու տար իրենց բարեկամութիւնը։

Տասնեւվեցերորդ դարուն Թիւրքերը կրցան Քիւրդերը նուաճել, եւ արդէն նոյն միջոցին՝ իրենց առաջին սխալմունքը գործեցին՝ երբ սկսան Քիւրդ ցեղերը գաղթեցնել Էրզրումի եւ Երեւանի մէջտեղ եղած Հայկական երկիրներուն մէջ, որոնց բնակչութիւնը արիւնահեղ հալածանքներու պատճառաւ շատ անօսրացած էր։

Թիւրքերու դիտաւորութիւնն էր այս զինեալ Քիւրդ ցեղերով Շիի-Պարսիկներուն դէմ պատնէշ մը կանգնեցնել եւ միանգամայն Հայ-Քրիստոնեաները սանձահարել, ասով սկսաւ դժբաղդ խառնուրդ մը Հայ եւ Քիւրդ բնակչութեան մը։

Հայերու վրայ բռնի կրօնափոխութիւնները միշտ եղած են. եւ կան բազմաթիւ Քիւրդ ցեղեր՝ որ ուրիշ բան չեն՝ բայց եթէ իսլամացած Հայեր։ Քիւրդերու միայն մաս մը կայուն բնակութիւն ունի եւ երկրագործութեամբ կ՚զբաղի՝ որ խաղաղ եւ աշխատասէր ժողովուրդ մ՚է. բայց մեծագոյն մասը կէս թափառական են։

(Երես 9). Քիւրդերը եթէ կը յարձակին Քրիստոնեայ բնակչութեան վրայ, իրենց կրօնական մոլեռանդութենէն չէ, մասնաւոր պարագաներ եղած ըլլալու են՝ որոնցմէ դրդեալ այն աստիճանի անագորունութեամբ այն տեղերուն մէջ Հայոց դէմ կը կռուին. մինչդեռ ուրիշ վիլայէթներու մէջ լի ու լի խաղաղութիւն կը տիրէ»։

Յետոյ կը յիշէ այդ սոսկալի յարաբերութեանց դէպքերը, որ ինք կը վերագրէ, նախ Թուրքիոյ կառավարութեան յառաջագոյն գործած սխալներուն, ու անոնց շարունակութեանը՝ սիստէմներով, օրինակ՝ Համիտիէ գունդերու կազմութեամբ եւն. ։

[2] Յայտնի է որ Օսմ. կառավարութիւնը շատ նեղութիւն կրեց Քիւրդերը իսլամ դարձնելով եւ զանոնք իրեն կապելով…

(Տէր Քրիստլիխէ Օրիէնդ, 1904, Նոյ. )

[3] Բրօֆ. Ս. Մարր, «Բնագիրներ եւ հետազօտութիւններ Հայ վրացական լեզուաբանութեան» ուսումնասիրութեան մէջ, հրատարակուած 1903ին Պետերբուրգ, այս բառին համար հետեւեալ բացատրութիւնը կու տայ.

…« Գութան բառը կը հանդիպի ոչ միայն հնդօ-եւրոպական եւ ինչպէս հեղինակը կ՚անուանէ «կովկասեան» լեզուներու մէջ, այլ եւ սեմիտական. ամէնէն առաջ այս բառի նշանագրական ձեւը կը գտնենք Ուրմիական եւ Սիրիական բարբառին մէջ (Dr. A. Socin)։ Ըստ հեղինակի յիշատակութեան այս փոխ առնուած բառը կայ նոյնպէս Օսետիններու ու Քիւրդերու մէջ։ Եթէ ընդունինք որ բառը փոխ առնուած մ՚է, այնու ամենայնիւ Գութան բառի ձեւը (ֆօրմը) Վրացա-Հայկական է»։

Լեզուաբանական այս հետազօտութենէն կը տեսնուի որ երկրագործութիւնը եթէ յատուկ է եղեր նախկին դարերու մէջ բոլոր ժողովուրդներու, բայց անոնց մեծ մասը հրաժարեր ու անցեր են զանազան ասպարէզները, ու Հայը մնացեր է մեծ մասամբ, հողին կապուած, աշխատութեան նուիրուած ազգ մը։

[4] «Տէր Քրիստլիխէ Օրիէնդ»էն. 1904, Նոյ. ամսաթերթը

«Օսմ. կառավարութիւնը Քիւրդերէ իշխուած (Հայաստանի) գաւառներու մէջ իր իշխանութիւնը ապահովելէն ու հաստատելէն վերջը, դեռ երկար ատեն քիւրդական ցեղերու հետ կռուիլ ստիպուեցաւ, որոնք միայն ակամայ թիւրքական լուծին խոնարհեցան։

Իր նպատակին հասնելու համար, թիւրքական կառավարութիւնը երկու ճամբայ բռնեց. նախ քիւրդական գաւառներու մէջ տաճկական գաղթականութիւններ հիմնեց, որպէս զի այսպիսով քիւրդերուն եւ Հայոց մէջ, որոնք դարերէ ի վեր ազգակցական եւ բարեկամական յարաբերութիւններ ունէին, սեպ մը մտցնէ (իրարմէ բաժնէ)։

Ինչպէս ծանօթ է Քիւրդերը, մեծ մասամբ թափառաշրջիկ են, անոնց բարօրութիւնը արօտատեղիներու եւ պատերազմական աւարի վրայ կը կայանայ.

Երբ Քիւրդերը իրենց անկախութիւնը կորսնցուցին, բնականաբար իրենց հասոյթին կէսէն զրկուեցան։ Սուլթանը լաւ հասկցած էր որ Քիւրդերը երկրին տնտեսական զարգացման համար վտանգաւոր եւ վնասակար տարր մը միայն կրնային լինել. սպառնացող վտանգին առաջն առնելու համար՝ Դուռը Քիւրդերուն ամեն կերպ ազատութիւն տուաւ Հայերու դէմ, եւ անոնց իշխանութիւն տուաւ Հայոց երկիրները իրենց սեփականացնելու որպէսզի այս կերպով Քիւրդերը նստակեաց դարձնէ։

Իրենց թափառական կեանքին մէջ այս սահմանափակմամբ վտանգուած Քիւրդերը, լաւ հասկցան այդ հրամանէն օգտուիլ։ Պէտք էին եւ կուզէին ալ ապրի՜լ։

Եթէ փորձէին թիւրքերը կողոպտելու, ի հարկին՝ այս վերջիններուն զինեալ դիմադրութեանը կը հանդիպէին, եւ սուլթանին սուիններուն կը բաղխէին. եթէ Հայերը կողոպտէին, կառավարութեան կողմէ ոչ միայն ո եւ է արգելքի չէին հանդիպեր, այլ ընդհակառակն, անկէ քաջալերութիւն եւ օգնութիւն կը գտնէին։

Ասկէ կը հետեւի որ. Ցեղական ատելութիւնը չէ, կրօնական մոլեռանդութիւնը չէ, որ Քիւրդերը կը դրդէ Հայերը կոտորելու եւ կողոպտելու ։

Ազգային այլազանութեան վրայ շատ չնչին գաղափար մ՚ունին, եւ իրենց պաշտօնապէս դաւանած Մահմետական կրօնին-վրայ կարծես թէ եւ ոչ մէկ գաղափար ունենան։

Աշխարհիս մէջ հազիւ թէ կարելի լինի Քրդականին պէս, աշխարհէ օտարացած երկրորդ ցեղ մը գտնել։

Հայերու հանդէպ իրենց բարբարոսական յարաբերութիւններուն միակ պատճառը հետեւեալն է։

Դռան համար անհրաժեշտ կարեւորութիւն ունէր՝ աճող բաժանմամբ եւ գաղթականութիւններով իրենց գոյութեան մէջ վտանգուած Քիւրդերուն ո եւ է վնասուց հատուցումն ընել, անոր համար անզէն ու անպաշտպան հայերը զոհուեցան։

Թիւրք կառավարութեան եւ Քիւրդերու միջեւ կնքուած այս կերպ բարեկամութիւնը շատ անվստահելի էր, եւ թէ քիւրդերը երբեմն Տաճկաստանի թշնամիներուն հետ միանալու գաղափարը երբէք մէկդի թողած չէին»։