Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՔԻՒՐԴԵՐԸ

Յեղափոխութիւնը Հայերու մէջ շատ հին ժամանակներն ալ գոյութիւն ունեցեր է միշտ՝ իբրեւ ազգի մը յատուկ նկարագիրներէն մէկը. Հայ պատմութիւնը այդ գծով ուսումնասիրողները պիտի որոշ կերպով նկատեն՝ որ այդ արտայայտութիւնը զանազան ժամանակներու մէջ եղեր է թէ բուռն եւ թէ մեղմ, թէ անհատական եւ թէ հաւաքական, բայց Յեղափոխական կեանքի նախնական վիճակներու մէջ։

Հայկական Յեղափոխութեան այդ պատմական գծերու վրայ մենք կը գտնենք եւ Քիւրդերը։

Դեռ 1704 թուականին՝ Իսրայէլ Օրին որ Հայկական անկախութեան գաղափարով անհատական ձեռներէցութեամբ կը գործէր, իր դաշնակիցներու մէջ առած էր եւ Քիւրդերը։

Մենք այս կէտը կը գտնենք Եզօվի Պետրպուրկ հրատարակած «Սնաշենեա Պետրա Վէլիկավօ «ս՚Արմենսկիմ Նարօդօմ» գրքին մէջ։

Ահա քաղուած մը Իսրայէլ Օրիի նամակէն՝ ուղղուած առ «Պֆալցի Կուրֆիւրստին».

«…Եւ որ նա, (Վրացիներու Պ. ն իշխանը) կը ցանկանար մտնել դաշնակցութեան մէջ նորին կայսերական վեհափառութեան հետ (Ռուսաց կայսեր համար է) ընդ միշտ. ինչպէս ձեր բարձր (կայսր)-ընտրող պայծառափայլութիւնը եւ իր կայսերական վեհափառութիւնը տեսան այդ՝ իր նամակներու մէջ. եւ եթէ նորին Օգոստափառ վեհափառութիւնը անոր պատիւ ընէ տալ իր դաշնակցական համաձայնութիւնը, նա պիտի գտնէ ոչ միայն Վրացիները, այլեւ Թիւրքմէնները, Քիւրդերը, Ապասեանները, եւ ուրիշները՝ որոնք պատերազմ պիտի յայտարարեն քիւրդերուն, այն պարագային՝ երբ զեկուցանեն նորին կայսերական վեհափառութեանը [1] (երես191)։

Շատ համապատասխան եւ հաստատական կը գտնենք Պէտիր-խանեան իշխանութեան ծրագրի այն մասը՝ որ Հայերուն բաժին կը հանէր դիմելը Ռուսներուն եւ Վրացիներուն, դա՝ մէկ դար ու կէս վերջ՝ նոյն քաղաքական կեանքով ապրելու հետեւողական գիծն էր, որուն ուղղութեամբ կընթանար Պէտիր-խան պէյը։

Խրիմեան Հայրիկը, իր «հարստահարութեանց տեղեկագիրը» Բ. Դրան ներկայացուցած ժամանակ՝ կը պահանջէր Քիւրդ աւազակութեանց ջնջումն», ու պահանջ կը դնէր «Քրդական կրթութեան ձեռնարկութիւնը», անոնց համար դպրոցներ բանալով։

Նոյն Խրիմեանը Հայաստանի սովելոց Յանձնաժողովի նախագահութեան ատեն (1990), ամենէն անտես առնուած եւ սովի մատնուած Քիւրդերուն՝ հաւասարապէս ցորեն, հաց ու դրամ բաշխել կուտար, որ Քիւրդ ժողովուրդը սովէ չը կոտորուի։

Մ. Փօրթուգալեանը իր դպրոցի մէջ կընդունէր Քիւրդ եւ Եզիտի մանուկներ ալ Թիւրքերու եւ Հայերու հետ։

Կարապետ Նաթանեան. Դեռ երիտասարդ Թիւրքերու կուսակցութիւնը չը կազմակերպուած՝ հիմը կը դնէր Ազգային առանձին քաղաքական լէգալ (ոչ դաւադրական) կուսակցութիւններու Վանի մէջ՝ հետեւեալ եղանակաւ։

1. Հին եւ նոր Թիւրքերու զատ զատ կուսակցութիւնը Թիւրք ազգային հողի վրայ. 2. Հայ՝ «Նաթանեան կուսակցութիւն» անունով, ազգային հողի վրայ. 3. Քիւրդ կուսակցութիւն՝ Քիւրդ ցեղական հողի վրայ։

Վերջիններս հետեւողաբար կը յարէին Թիւրք հին ու նոր՝ եւ Հայ քաղաքական կուսակցութեանց՝ ցեղ ցեղ։

Անհատական Յեղափոխութեանց ձեռնարկներու օրինակներէն է մինչ ցարդ մեր առաջ բերածները։

Երբ Հայերու մէջ կը հիմնուի եւ կուժովնայ հաւաքական կազմակերպութեամբ Յեղափոխական գործունէութիւնը, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կ՚սկսի կռուել նախ քիւրդերու աւազակային գործողութիւններու դէմ՝ եւ միեւնոյն ժամանակ կը կամենայ զանոնք կազմակերպել իբր քաղաքացի։

Անդրանիկը Սասունի կռիւներու մէջ Թիւրք հին րէժիմեան իշխանութեան հանդէպ՝ 1904ի կռուին՝ իր պատերազմական շրջանի մի քիւրդ գիւղի կ՚առաջարկէր իրեն հետ միանալ ու կռուել Թիւրք ժամանակակից րէժիմի անկարգութիւններու դէմ։

Այնուհետեւ Դաշնակցութիւնը իրական քայլեր առաւ, Քիւրդերուն իբր ժողովուրդ կանգնեցնել քաղաքացիական պարտականութեան ազատ եւ ուղիղ գծի վրայ. բանակցութիւններ կատարեց, գործակիցներ ունեցաւ, եւ մինչեւ անգամ Հայ զոհեր տուաւ այդ առթիւ, ինչպէս Ջընտօն եւ ընկերները։

Հայ-Դաշնակցութիւնը առաջանալով իր գործունէութեան մէջ՝ հաւասարապէս սկսեց եւ կազմակերպել Քիւրդ գիւղական աշխատաւորութիւնը, եւ քաղաքներու մէջ՝ Քիւրդ բանւորութիւնը, ուրիշ ազգութեան անդամ բանւորներու հետ։

Այս ապացոյցները բաւական են հաստատել, որ չը նայած ժամանակակից քաղաքական եւ տնտեսական գաղափարներու հոլովման ու փոփոխութեանց՝ Հայ անհատական ու հաւաքական յեղափոխութիւնը աշխատեր է Քիւրդերը դուրս բերել իրենց նախնական վայրենի վիճակէն, եւ անոնց առջեւ հարթել առաջդիմութեան եւ մարդկութեան ասպարէզը. Եթէ նա բոլորովին չէ յաջողեր, դա խնդիր չէ, կարեւորը՝ ձեռնարկն ու անոր յայտարարութիւնն է։

Այսօր ամեն մի քիւրդ, իբրեւ գիրք կը կարդայ ամեն անցորդի՝ Հայ Յեղափոխական գործերը, անոնց նահատակութեանց պարագաները եւայլն։ Եւ ամեն մի քար, ձոր, դաշտ, կենդանի յիշատակարաններ կը կազմեն Քիւրդ ցեղին՝ Հայ Յեղափոխութեան համար. Եւ անոնք շատ լաւ գիտեն այժմ, թէ Հայերը ի՞նչու կռուեցան եւ ի՞նչու մեռան։

Քիւրդերը Հայ Յեղափոխականներու հետ կռուած ժամանակն անգամ՝ երգեր են Հայ ֆէդային։ Առաջ կը բերենք Քիւրդ դիւցազներգութենէն կտոր մը՝ Հայ ֆէդայիի նկատմամբ։

Քրդերէն

Ամէ բը Ըռզա չօնա սարէ Նէմրութէ

Մա տի լըվէ տարէ քաֆըր Սերոբ փաշա՝

Բը ժընախոռա ի բը ջան-ֆիտան ռա

 

Ավանա պաեա քեաթըն լը չօլա.

Նէ հասպէվան հապիւ, նէ թիւ տըշտ էկ.

Ավ չախ քաֆըր Սերոբ փաշա մա տի,

Թֆանկէ մաւզէրէ դէստոխո ստանդ.

Ջան ֆիդան սաղ սօլանա կըրտի,

Մա տի կօ՝ Ալիէ-կասօ, Ալիէ Մահմուտ

Քեաթընա ժը հասպէխո.

 

Սերոբ կազըն կեըր, Ըռզա, Ըռզա.

Մա պէրտէ հառա շըխոլէխո

Աեար տիւ մա նէ պէրտի,

Թավ մարիֆէտէ տըխալակինըն

…………………………………………

Մա տի կօ՝ կօռէ քէօփէկէ

Բը մը ռա շաքի նա քեա.

Նէ հասպէմա մա՝ նէ նէվիմա.

Մա պէրտէ ու չօեա շըխոլէխո.

 

Ավ մարըֆ քաֆըր ա

Կօ տը խոզա Սերոբ փաշա պըկոժա.

Դինէվի ժի հաեա, իմանէվի ժի հաեա.

Լավկէ ոսան՝ բարմա թընիօ.

Հայիֆ կօ «Ֆըլայ»ա։

 

Հայերէն

Մենք Ըռզայի հետ գնացինք Նեբրովթայ սար.

Մենք այնտեղ տեսանք քաֆըր Սերոբ փաշան.

Իր կնոջ ու ջանֆիտաներու հետ։

 

Ասոնք հետի ընկել էին ձոր ու դաշտ.

Ոչ ձիեր ունէին եւ ոչ մի բան.

Երբ Սերոբ փաշան մեզ տեսաւ,

Մաւզէր հրացանը իր ձեռքն առաւ.

Ջանֆիտաներն իր աջ ու ձախը բռնեցին.

Մենք մէկ ալ տեսանք որ Ալիէ-Կասօն, Ալիէ Մահմուտը.

Իրենց ձիերէն վար գլորուեցան։

 

Սերոբ փաշան կանչեց, Ըռզա Ըռզա.

Մեզ թող, գնա՛ քո գործին.

Եթէ դու մեզ չը թո՞ղնես,

Քո բոլոր մարդիկներին կը խեղդեն.

…………………………………………

Մենք տեսանք որ շանորդին

Մեզ հետ կատակ չըներ.

Մեզ ոչ ձի մնաց ու ոչ բան մը.

Մենք թողինք գնացինք մեր գործին։

 

Քաֆըր է այն մարդը

Որ ուզենայ Սերոբ փաշան սպանել.

Կրօն ալ ունի նա, հաւատ ալ.

Այդպիսի տղայ. մեր մէջ իսկի չը կայ.

Ափսոս որ նա «Ֆըլա» է։



[1] Միւնխէնի փիլիսոփայական-լեզուաբանական եւ պատմագիտական Ատենագրութիւնը։