Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՑԵՂԱՅԻՆ ԶԱՐԹՆՈՒՄԸ
(Քիւրդ գլիւպները Օսմ. Սահմանադրութեան սկիզբներուն)

Օսմանեան Սահմանադրութիւնը հրատարակուելուն, անմիջապէս շեշտուեցան ազգային եւ ցեղային ինքնուրոյնութիւնը Մահմետական զանազան տարրերու մէջ. որով կազմուեցան զանազան գլիւպներ՝ Ալպանական, Չէրքէսական, Քրդական եւայլն։

Այն բոլոր քիւրդերը որ ժամանակի ընթացքին իրենց թրքացած համարելով թիւրք կը ճանաչուէին, յանկարծ ասպարէզ դրին իրենց առանձին ցեղականութիւնը։

Առաջին անգամ Պոլսի մէջ կազմուեցաւ Քիւրդ գլիւպը, որուն կը նախագահէր Շէյխ Ապտիւլ-Կատիրը. Գլիւպին անդամակցեր էին շատ մը նշանաւոր ցեղերու սերունդներէն մարդիկ՝ որոնք կը գտնուէին կառավարական բարձր պաշտօններու մէջ։ Այս Գլիւպին անդամակցեր էին եւ Պէտիր-խանզատէները։

Քիւրդ Գլիւպը իր ինն ամսուան շարունակութեան ընթացքին՝ հրատարակեց թերթ մը՝ որ կը կոչուէր «Քիւրդ թաավուն վէ թէրագգը ղազէթասը» (Քիւրդ փոխադարձ օգնութեան եւ առաջդիմութեան լրագիր)։

Որոշելու համար Քիւրդ գործունէութեան նոր տեսակէտը, առաջ կը բերենք Քիւրդ Գլիւպի պաշտօնական օրկան այս թերթի երկրորդ համարի առաջնորդող յօդուածէն հետեւեալ կտորը՝ որու վերնագիրն է «Քիւրդը եւ Քիւրդիստանը»։

«Ամեն ցեղ մեծ է. անոր միայն մարդիկն են որ փոքրացնել կ՚աշխատին. Օսմ. Պետութեան ամեն տեսակ կարեւորութեան արժանի կեանքէն զրկուած է Քիւրդը։

Արեւելեան սահմանագլխի վրայ չորս ու կէս դար նա ծառայեր է Օսմ. Պետութեանը, ու անոր ամեն մէկ անդամը անկեղծօրէն պաշտպաներ է Պետութեան իրաւունքն ու ապահովութիւնը։

Քիւրդ քաջ ցեղը Թիւրքիայի մէջ եղած կարեւոր ազգերու շարքը համարուելու թէ իրաւունքն ունի եւ թէ արժանաւորութիւնը։

Միեւնոյն համարի մէջ «Սայիտ Քիւրդի» ստորագրութեամբ յօդուած մը կ՚ըսէ։

«Քիւրդերուն ի՞նչ է անհրաժեշտ. Տասնհինգ տարի է որ այս պէտքին համար կը մտածեմ. եւ հետեւեալ երկու մտքէն զատ ոչ մի միջոց չեմ գտեր որ երաշխաւորէ Քիւրդիստանի բաղդը։

1. Ազգային միութիւն։

2. Կրօնական գիտութեան հետ՝ քաղաքակրթական անհրաժեշտ գիտական արուեստները սովորել ու կատարելագործել։

Հիմքը Աշիրաթական գունդերը լինելու են. Աշիրաթներու մէջ զօրք չեղողներն ալ անոնց պէս դարձնելու է ազգային զօրք »։

Այս թերթի երրորդ համարի մէջ կը խօսուի Քիւրդ լեզուի եւ կրթութեան մասին ։

Յօդուածագիրը քիւրդ նշանաւոր Պապան ցեղէն Իսմայիլ Հագգին է։ Յօդուածը կը կրէ «Քիւրդերէնի վերաբերեալ» խորագիրը։ Նախ կը շեշտէ առանձին լեզու ու կրթութիւն ունենալու կարեւորութիւնը՝ ազգ մը ներկայացնելու եւ առաջդիմելու համար ։

Միջոցներու մասին խօսելով կ՚ըսէ. «Օրինակի համար առնենք քիւրդ երախայ մը, այս մարդու գիւղին մէջ մայրենի լեզուէն զատ՝ ոչ մէկ լեզուով չեն խօսիր, եթէ այդ գիւղի մէջ թիւրք դպրոց բացուի, ու յետոյ երախան ալ աստիճան առ աստիճան՝ բոլորովին թիւրք լեզուով սովորէ, ենթադրենք թէ ապագային այդ երախան մարդ կը դառնայ, եթէ նրբամիտ է, կատարելութիւն կ՚ստանայ. բայց այս դրութեան մէջ՝ իր թանկագին կեանքէն շատ տարիներ պիտի կորսնցնէ, այդ ձեւով ուսանելով։

Եթէ այս Քիւրդը իր լեզուով զանազան գիտութիւններու եւ ուսման գիրքեր գտնէ, դասաւանդութիւնը քիւրդերէն կը լինի. եթէ դպրոց շարունակէ, աւելի շուտ կը վերջացնէ. իր ուսումը կատարեալ կը լինի, եւ Օսմանեան ընտանիքին աւելի թանկագին անդամ մը կը դառնայ։

Ասոր համար կը յանձնարարեմ իմ քիւրդ հայրենակիցներուն՝ որ ամեն բանէ առաջ անհրաժեշտ նկատեն ձեռք բերել կազմակերպուած լաւ լեզու մը, ու անոր տէրը դառնան։

Ասկէ յետոյ ձեռնարկեն Քիւրդ ցեղի պատմութիւնն գրելուն, ու յետոյ որքան գրի չառնուած տեղեկութիւններ ու աւանդութիւններ կան, բոլորը հաւաքեն ու գրի առնեն։

Լեզուի այս կազմակերպութեամբ կը բացուի մեր յառաջդիմութեան ճանապարհը։ Վերջապէս, ազգի փրկութեան առաջին հիմքը ուսումն է. ուսման բանալին լեզուն է, քաղաքակրթութեան դուռը այս բանալիով պիտի բացուի։

Մեր ցեղի կարողներու ուշադրութեանը կը յանձնարարեմ այս անհրաժեշտօրէն կարեւոր կէտը. եւ որոնցմէ կը խնդրեմ անմիջապէս նախաձեռնութեան դիմել»։

Ինչպէս տեսանք, Քիւրդ ցեղը այժմ կը մտածէ այն ամեն միջոցներու մասին, որ անհրաժեշտ են ազգ եւ հայրենիք կազմելու համար ։

Պոլսի Քիւրդ գլիւպը ունեցաւ իր ճիւղերը այն ամեն շրջաններու մէջ՝ ուր հոծ թուով քիւրդեր կը գտնուին։

Ահա իրենց գործունէութեան վերջին ծրագիրը։

Բայց մենք կ՚աւելցնենք՝ որ անհրաժեշտօրէն անոնց նոր կեանքին մէջ մեծ դեր պիտի ունենայ Օսմ. Սահմանադրութիւնը։