Բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԻՄԱՐԱՑ ՈՒՍՄԱՆ ՎԵՐԱՅ ՈՒՆԵՑԱԾ ԿԱՐԾԻՔԸ

 

Ի՞նչ քո անձնդ մանուկ մատաղ՝ կը չարչարես նաֆիլէ,

Հոգիդ կեանքդ ուսման համար՝ որ շատ յիմար պոչ բանէ,

Վարդապե՞տ մի կուսզես ըլլալ, թէ աստղաբաշխ փիլիսոփայ,

Թէ  կուզես որ՝ իմաստութեանդ վրայ աշխարհ զարմանայ։

Ինչո՞ւդ է պէտք գրել կարդալ՝ որ մէկ փողի չի արժէր,

Գլխիդ հազար գիրք ժւղովել՝ բանդ գործդ ձգել անտէր։

Ի՞նչ հարկաւոր միշտ ամեն օր՝ նոր նոր բաներ մտքէդ հանել,

Կամ առաջվան ընկերներուդ՝ ախմախ, յիմար, պակաս կանչել։

Արի՛ երթանք շուտով խանութ մեր զանազան հնարքով

Ապրանք ծախենք թէկուզ մեր հօրը, սակայն շատ մեծ օգուտով։

Ինձ վրայ դու մէկ լաւ նայէ՝ որ չգիտեմ անունս գրել.

Ընդ հակառակն փողը ճիպումս՝ հազարաւոր ձագ է հանել։

Դու ե՞րբ տեսար խելօք գիտուն՝ որ հորերուս ատեթով,

Աստուած պաշտէր, ժամը երթար, պասը պահէր հաւատքով,

Արի՛ բա՛ց թող այդ ուսումը, դու որ այժմէն՝ չես հաւան

Եկեղեցւոյ կանոնքներուն, վաղն կըլլաս փրօդեստան.

Ո՛չ պաս գիտնաս եւ ո՛չ ուտիք, ո՛չ հաւատքով՝ աղօթել,

Ո՛չ մեղքդ լալ ջերմ արցունքով, ո՛չ Աստուծոյ տուն մտնել։

Ճեպըդ նայէ թէ որ լի՛ք է ոսկի արծաթ փողերով,

Փիլիսոփայ գիտնականէն դու միշտ վե՛ր ես՝ իմ խելքով՝

Զերէ փողով ամեն բանը կը լըմըննայ աշխարհիս,

Բայց ուսումով, գիրք կարդալով չի կըշտանալ փորերնիս։

Ներկայ դարուս ուսումնականք ի՛նչ մեծ գիտեն, ի՛նչ իշխան.

Ազատ Աստուած մեզ ստեղծեց, կասեն կելլան ման կուգան,

Բայց որ երթանք մենք խանութը բարեւ կուտանք ամենուն

Եթէ աղայ՝ իշխան՝ անձինք՝ մեզիմէն պատիւ կառնուն,

Փող շատ ըլլայ՝ ուտենք հագնենք՝ գինին խմենք ու պառկենք.

Եւ աս կերպով մեր օրերնիս՝ ուրախութեամբ անցընենք.

Մեր գիտցածը մեզի կօգտէ, թէ հաւատքի զօրութիւնը,

Եկեղեցի, աւետարան, ամուր պահենք մեր մտքումը։

 

1851 Ապրիլ