(Ճանբորդը
իր
տունին
փողոցն
ի
վար
Տալ-Խաբու
ըսուած
տեղը
կեցած
իր
հրաժեշտի
արցունքներուն
մէջ
անգամ
մըն
ալ
կը
բարեւէ
իրեն
յատուկ
յուղարկ
գացող
դուռ
դրացի
ծանօթները,
ազգականները
եւն.
։
Ճանբորդը
այդ
տեղին
վրայ
իր
ծերուկ
մօրը
հետ
իր
կինն
ու
նորածինն
ալ
կը
տեսնայ,
անոնց
հետ
ալ
գիրկընդխառն
համբոյրներ
ու
կը
մեկնի
վերջապէս։
Տալ-Խաբու
քաղքի
տուներուն
վերջին
եզերքը՝
քաղքէն
հեռացող
ճանբորդներուն
առաջին
մեկնակէտը
ըսել
է)։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Մնաք
բարի,
աղբրտա՛ք,
մնաք
բարի,
սիրելիներս,
էվէլ
պակաս
հալալ
էրէք,
աղօթք
էրէք,
իրկունն
ալ
թող
ժամը
տէր
ողորմեա
մը
ըսէին։
(Չորս
հինգ
մէկտեղ,
բարի
երթաք,
Պ.
Կարապետ,
բարի
երթաք
Կարապետ
աղա,
բարի
եր…
)։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Ա՛խ,
լեռնե՜ր,
լեռնե՜ր,
ալ
չպիտի
տեսնամ
ձեզ,
ալ
չպիտի
երեւնաք։
Ա՛խ,
ֆէլէկ…
։
Սը
հինգնոցն
ալ
առէք,
հօրս
գերեզմանին
վրայ
հոգոց
մը
ըսել
տուէք։
(Դողդղացող
մատներով
շըլլինքէն
կախ
քսակի
մը
մէջէն
կը
հանէ
դրամը
կուտայ։
Ճանբորդը
մինչեւ
հոս
իրեն
հրամցուած
օղիի
գաւաթները
չի
կրնալով
մերժել,
բաւական
յուզուած
ու
տաքգլուխ
վիճակ
մը
ունի)։
Ա
—
Գլխուս
երեսիս
վրայ,
Կարապե՛տ։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Ողջ
ողջ
մեռնիլ
կ’ըսեն
ասոր,
խարիպութիւնը
դիժար
բան
է,
եաման
տէ՛րտ
է։
Բ
—
Եամա՛ն,
դիժար,
եամա՛ն
տէ՛րտ։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Եկուր,
անգամ
մըլ
ձեռքերդ
պագնիմ,
մայրիկ։
Ես
ըսի
որ
տունը
մնայիր,
ինչո՛ւ
եկար,
ա՛լ
հէրիք…
։
ՄԱՅՐԸ
—
Կարապե՛տ,
եավրում,
(ծերուկի
հեծկլտուքներ)։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Կաթդ
հալալ
էնէս,
մայրիկ,
օրհնէ՛
որ
ճանբան
տինճ
քալեմ,
աղօթք
ըրէ,
փառք
տուր
Աստծու։
ՄԱՅՐԸ
—
(Բարձր
ձայնով
լաց
մղմղուք),
Կարապետ,
եավրում,
մէկ
հատիկս,
մէկիկ
ումէտս,
մէկ
հատիկս,
հոգիս։
(Գիրկընդխառն
համբոյրներ)։
Գ
—
Կուլիկ
խաթո՛ւն,
տէ՛,
Կուլիկ
խաթուն,
ա՛լ
հերիք
է,
ձգէ
որ
ճանբան
երթայ,
մեղք
է,
էնոր
ըլ
մեղք
է։
ՄԱՅՐԸ
—
Առղայ
քաշել
կ’ըսեն
ասոր,
ողջ
առղաս
կը
քաշեն,
մի՛
մեղդրէք,
օտուընիդ,
ձեռուընիդ
պագնիմ,
մի՛
մեղդրէք,
ողջ
ողջ
թաղել
կ’ըսեն
ասոր,
վո՜ւյ,
վա՜յ,
վա՜յ։
Գ
—
Դիժար
է,
իրաւ
ես,
մենք
ըլ
գիտենք,
բայց
ի՛նչ
ընելու
է,
քորս,
աշխըրքին
գլոխն
է։
ՄԱՅՐԸ
—
Թող
ընծիս
ձեռքովը
հողը
էջըցնէ,
վերջը
երթայ.
հո՜ւ,
հո՜ւ,
հո՜ւ,
հո՜ւ,
(երկայն
լաց)։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Աստուած
մենծ
է,
մայրիկ,
աղօթք
ըրէ
որ
տէրը
պէքէտէր
տեղ
հասցնէ։
ՄԱՅՐԸ
—
Աչքերս
արցունքով
քոռցուցի
զաթի,
տէրը
հետդ
ըլլի՜,
եավրուս։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Հարսիդ
մուխէթ
եղիր,
մայրի՛կ,
առաջ
կեսուրն
էիր,
հիմա
մայրը
պիտի
ըլլիս։
Գիրգորն
ալ
գրկէդ
մի՛
ձգեր…
։
ՄԱՅՐԸ
—
Դուն
ա՛լ
մի՛
խորհիր,
մի՛
մտմտար,
մարդ
իրեն
ճանին
ճիկէրին
համար
քուրջ
կ’ուտէ,
թարախ
կը
փսխէ։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Մա՜յրս,
սիրելի՛
մայրս…
ՄԱՅՐԸ
—
Սուրբ
Սէրգիս
առջեւէդ
քալէ,
Սուրբ
Գէորգ
ալ
աջ
ձախ
պահապան
կենայ։
Է՜հ,
Կարապետս,
մինակ
կը
թողուս։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Ի՞նչ
ընեմ,
ի՛նչ
կուգար
ձեռքէս։
ՄԱՅՐԸ
—
Աստուած
զահար
կը
տեսնայ
վիճակս,
Տէրը
հետդ
ըլլի։
(Մայրը
մէկդի
կը
հեռացնեն)
Դ
[1]
—
Մալաթիա
հասնիս
չի
հասնիս
գիր
մը
Կարապե՛տ։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Դեռ
կրնամ
Քէօմիւրխանէն
ալ
գրել։
Դ
—
Իշտէ,
աֆէրիմ,
շնորհակալ
եմ։
Ե
—
Իրկուայ
ըսածս
միտքդ
է
եա,
էկէր
չպիտի
գայ,
չպիտի
հայի
էտին
նը,
թող
տարին
հէմի
գիր
մը
գրէ,
մենք
էտոր
ըլ
ռազի
ինք։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Շա՛տ
աղէկ,
գլխուս
վրայ։
Ե
—
Երնէ՜կ
քեզի,
աղա
Կարապետ
իրաւ,
դիժար
է,
էլէ,
էյլէթէ
բաժնուիլը
ամմա,
չի
չարէ
ա
պապամ,
մուխէննէթ
մ’ըլլիր։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Շնորհակալ
եմ,
սիրելիս,
կ’երթանք
նը,
կը
դառնանք
ըլ
զահար,
բարեկամներս
ողջ
մնան։
Զ
—
(Մօտաւոր
ազգական
քըմտուելով)
Ուղուրներ
ըլլի,
սիրելիս,
հոգի՛ս,
հո՛ւ,
հո՛ւ,
հո՛ւ,
էկօ
հէմ
ըլ
պագնիմ
ճակատդ,
ո՛վ
գիտէ,
ա՛լ
անգամ
մըլ
ե՛րբ
տեսնըմ,
ե՛բ
կրնամ
տեսնար,
իմ
բնաս
բուսեր
է
զաթի։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Աստուած
մեծ
է,
աղա
Գրիգոր,
Աստուած
օր
կամեցեր
է
ինչո՛ւ
չէ,
Մաթոս
աղան
ինը
հարիրը
ապրեցաւ։
Զ
—
Երթըս
բարի,
տէրը
քէտէրսուզ
պէյէ,
(միշտ
ձեռքի
թօթուըռտուք)։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Է՛,
աղաներ,
էֆէնտիներ…
բարեկամներս,
ազգականներս,
հէղ
մըլ
ըսեմ,
էվէլ
պակաս
հալալ
ըրէք։
Է
—
Ձեռքդ
ընծի
օր
ըսիմ,
Պ.
Կարապետ,
իրկունը
շատ
խալապալըխ
էր
տէ,
չըսի,
վաղը
կը
հասկցնեմ
ըսի,
երթաս
բարի,
սիրելի՛ս։
Հէ՛չ
հէ՛չ
քէտէր
միներ,
աշխարք
է
է՛սի,
եղբա՛ր։
Չոլուխ
չօճուխի
վրայ
հէչ
մի՛
մտմտար։
Մեղա՛յ,
մեղա՛յ,
մենծ
խօսքիս,
վերն
Աստուած
կայ
նը,
վարն
ըլ,
է՛հ,
մենք
ըլ
մարդ
իք,
մեք
ըլ
մարդու
կաթ
կերեր
իք։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Շնորհակալ
եմ,
ես
զաթի
բարեկամներուս
ումէտովը
կ’երթամ։
Աստուած
կեանք
տայ
ձեզի,
Մարխաթունին
ըլ
բարեւ
ըրէ։
Կ
—
Ան
ալ
բարեւ
ըրաւ
զաթի։
Ը
—
Հո՛ս
եկօ,
հո՛ս
ձեռքդ
ընծի
օր
ըսիմ,
սանկ
մէյ
մի
երեսս
հայիր,
ես
ալ
քուվունտ
հայիմ։
(Ձեռքը
պինդ
մը
թօթուելով).
ուղուրներ
ըլլի,
սիրելի՛ս,
աղբրորդիս
կը
ճանչնայիր
կարծեմ,
իշալլա,
կ’երթըս
կը
տեսնըս
ըլ։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Անշուշտ
կը
տեսնամ։
Ը
—
Երբ
տեսնաս,
երբ
բարեւս
տաս,
երբ
մեզ
հարցնելու
ըլլի,
ըսէ
որ
էն
ճանբածը,
ըհը՛ն,
(մատին
ձեւ
մը
տալով
բերնին
մէջ,
որ
ըսել
ըլլայ,
բան
մի
չի
մնաց)
էռջի
զատկին
հատաւ,
գնաց,
մանղըր
ըլ
չի
մնաց…
։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Հրամեր
ես։
Ը
—
Եամա՛ն,
եամա՛ն,
խաշլըխ
մը
մեզի,
ես
ալ
գրեր
իմ
զաթի։
Հատէ
խուզում,
տէրը
հետդ
ըլլի
հէմ
թէզ
ըլ
անցիր
սընկայ
օր
տեղ
հասնիս,
ճանբադ
գնա,
մուխէննէթ
մըլլիր։
Թ
—
Մեր
իշու
ձագը
տեսնես
նը,
գիտես
ա,
իրկունը,
շա՛տ
ըսի,
երթըս
բարի,
սիրելիս։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Էվալլա
պապա,
էվալլա։
Թ
—
Շէօլէ,
պէյլէ,
մենք
ըլ,
հա,
հո՛ն
կրնայ
ըլլիլ
օր
իրարու
հանդիպինք։
Ժ
—
Իմ
ըսածներս
անգամ
մըլ
կրկնեմ։
(Աս
մէկը
ճանբորդին
քով
երթալով
առանձին
մէյ
մըն
ըլ
կը
խօսի)։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Շատ
լաւ,
շատ
լաւ։
Ժ
—
Դուն
անգամ
մի
սանկ
զատէն
ըլ
տես
ամօղլիս,
ըսէ,
որ՝
առ
նամուս
չունի՞ս,
պէ
հէրի՛ֆ,
հոգ
չէ
որ
մենք
չի
խառնուինք
իր
տանը
գործերուն,
բայց
ան
խասապ
Դաւիթը
ո՛վ
պիտի
ըլլէր
որ
երկու
տարի
է
անոր
կը
գրէ,
անոր
կ’ապսպրէ,
տանը
առաջաւորը
էն
շունշանորդին
ճանչցեր
է,
ինք
չէ՞ր
գիտեր
թէ՝
ինտոր
մարդ
է
ան,
ի՛նչ
ճանավար
է։
Ես
կը
մեռնիմ
որ
ատ
մարդը
իր
տունը
մտնայ,
ելլայ։
Ա՛յսչափ։
Երթաս
բարի։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Ես
զաթի
տէֆթէրիս
մէջ
ալ
գրեցի
որ
միտքս
մնար։
Շատ
աղէկ,
շա՛տ
բարի։
Ժ
—
Է՛հ,
անգամ
մ’ալ,
երթաս
բարի
սիրելիս,
տէրը
հետդ
ըլլի։
ԺԱ
—
Տե՛ս,
Կարապետ,
(հեռաւոր
դրացի
մը)
էս
օր
ինչ
է
նը,
միտքդ
պահէ,
1905,
ամռան
օռթայի
ամիսին
ըլ
երեքն
է։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Հա՛,
իրա՛ւ,
քեզի
հարիւր
փարայի
տալիք
մը
ունէի,
ներողամիտ
եղիր
աղաս,
(քսակը
քակելով
պարտքը
տալու
կ’ըլլայ)։
ԺԱ
—
Չի
տայիր
ըլ
կ’ըլլար
ամմա,
նէ
իսէ։
Իրէք
էր
տալիքդ,
քսան
փարան
պախշիշ
էրի,
հոգ
չէ։
Աստուած
սէլամէթ
տայ,
հա՛,
միտքս
բան
մը
ընկաւ,
աս
էր
ըսելիքս
օր՝
հասնիս,
չի
հասնիս,
ինծի
մէջքի
ճիպար
մը
խրկես։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Միտքս
մնայ
նը,
թող
ըլլի։
ԺԲ
—
(Կին
մը)
Տղայ,
Կարապետ,
էս
գիշեր
թա
օր
լոս
քզի
համար
տէրօղորմիա
ըսեր
իմ։
Երթըս
հարսս
տեսնաս
նը,
ըսես
քի,
խենթ
Ճուվիկ,
խենթ
Ճուվիկ,
ելար
գացիր,
վազ
չեկար
տհա,
անկէ
թա
հոս
կեսրոջդ
միսը
կ’ուտես։
Ըսէ
իրեն
քի
խուպուրլի
ֆիստանը
ինչի՛ն
կը
վայլէր,
կիտի
մի
շանսուրաթ,
տղաս
ձեռքէս
փախցուց,
ընծիս
էս
չէշիտ
քօշաները
ձգեց,
ա՛լ
մատ
մը
գիր
օլսուն
չեն
գրեր,
անունս
պիլէ
չեն
տար։
Բարէ
թող
աղկէկ
կէօզլիկ
մի
խրկէ
օր
ըրածները
մտքէս
հանիմ։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Թող
ըլլի,
Աննիկ
խաթուն,
աղօթք
ըրէ
որ
մէյ
մը
տեղ
հասնիմ,
թող
ըլլի,
տղադ
գիտես
որ
խօսքէս
չէր
ելլար։
ԺԲ
—
Աստուած
հետդ
ըլլի,
հայտէ
օղուլ։
ԺԳ
—
Բեր
ես
ալ
երկու
երեսներդ
պագնիմ,
ամօղլի՛ս,
ա՛խ,
եավրում,
գէշ
տեղ
իրկուն
եղաւ,
չէ
նը,
իրա՞ւ
է
որ
կը
թողէի,
իրա՞ւ
է
որ
սնկայ
հոն
կրնայիր
երթար,
նէ
իսէ։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Շնորհակալ
եմ,
տուն
տեղ
քեզի,
չօլուխ-չօճուխ
քեզի
ամանաթ,
քեզնէ
զատ
ալ
ո՛վ
ունիմ,
էվէլ
պակաս
հալալ
ըրէ՛ք,
տուր
ձեռքդ
ալ
պագնիմ։
ԺԴ
—
(Ծերուկ
դրացի
մը).
Երթաս
բարի,
Կարապե՛տ,
տեղէս
չեմ
կրնար
թնտալ
այ
օղուլ։
Տղիս
Խաչօին
երկու
երեսները
կը
պագնիմ,
իշտէ
կ’երուայ
հալս,
հասած
տանծ
մի
եմ,
էսօր
կամ,
վաղը
չիկամ։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Բան
մ’ալ
չպիտի
մոռնամ,
աղօթք
ըրէք։
ԺԴ
—
Սի
մատնին
ըլ
մատդ
դիր
օր
երթըս
նը
ձեռքովդ
Խաչօին
մատին
անցնես։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Շատ
աղէկ,
շատ
աղէկ։
ԺԴ
—
Հա,
ուրիշ
բան
մըլ,
քիչ
մը
սանկ
քովս
եկու
օր
բան
մըլ
ըսիմ,
(ճանբորդը
դէպի
իրեն
քաշելով)
եաման,
Կարապետ,
հոգի՛ս,
էն
տղաս
ի՛նչ
կ’ընէր,
կ’ընէր,
կ’ըսես,
կնիկը
քովը
կը
ձգէր,
ալ
ես
էս
հալովս
տէրտը
չեմ
կրնար
քաշեր,
զապթ
չեմ
կրնար
ըներ,
նէ՛
գիշերս
գիշեր
է,
նէ
ցորեկս
ցորեկ,
ալ
հէչ
չեմ
կրնար
խօսար
հետը,
աչքս
ու
երեսս
կը
բզքտէ։
Տան
կնիկ
չըլմանիր,
աչքը
միշտ
դուրսն
է,
միշտ
դուրսը,
միշտ
խելագար,
ոտքը
զընճիլ
ալ
ձգեմ,
տունը
չի
մնար,
ես
էս
չէշիտ
բան
չէի
տեսեր,
Աստծու
սիրուն
ըլլէր,
թող
տըվի
հէմի
էնդին
ձգէր։
Հասկցա՞ր
մի
օղուլ,
ա՛լ
մէկալ
տէրտերս
ալ
հիմա
չըսուիր,
տղիս
անկաճն
ըլ
չի
հասնէր
թող։
Վարդի
պէս
տղայէս
օր
ելայ,
ի՛նչ
տ’էնիմ
էլին
քէծը։
Եաման
տղաս,
քեզ
տեսնամ։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Կը
յուսամ
առջի
տեսութիւնս
տղիդ
հետ,
ան
փորձանքին
համար
պիտի
ընեմ,
անհոգ
եղիր։
Իրաւ
կ’ըսեմ,
մատս
ալ
յատուկ
թել
մը
կապեմ։
ԺԵ
—
(Կին
մը)
Ծոցդ
դիր
որ
հարսիս
տանիս,
խուրպան,
փէտէ
ասղաման
մը
մոռցեր
է
հոս,
տասն
անգամ
եղաւ
որ
կը
գրէ
ու
կը
գրէ,
աման
ասեղս,
եաման
ասղամանս։
Տար
օր
սիրտը
շուլլէ։
Չամչնար
ըլ։
Երթաս
բարի։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Ատիկա
կը
հաճիս
նը,
փօսթայով
խրկէ,
մա՛յրս։
ԺԵ
—
Մեղա՜յ…
՛
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Կրնայ
ըլլիլ
որ
կորսուի,
բայց
մի՛
ցաւիր։
ԺԵ
—
Ի՛նչ
կ’ըլլէր
օր
աս
մէկն
ըլ
իմ
խաթերս
համար
տանէր։
Չէ
նը,
ըսէ
քի
փօսթայով
կը
խրկէ։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Եթէ
մնաց
միտքս…
լեռնե՛ր,
լեռնե՛ր,
ես
զիս
դրի
հազար
տարու,
զաֆիլ
եկաւ
օր
սա
ժամու,
կացէք
բարով
բարեկամներ.
(ձայներ,
երթաս
բարի,
երթաս
բարի)։
ԺԶ
—
(Ազգական
մը)
Կեցիր,
Կարապետ,
տախխայ
մըլ
կեցիր,
խաթերս
համար։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Բայց
ուրիշներն
հիմայ
Չոր
Աղբիր
հասան,
ալ
չեմ
կրնար։
ԺԶ
—
Խաթերս
համար,
սըվ
ըլ
իմ
ձեռքովս
խմէ,
(օղիի
մատուցում)։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
(Գաւաթը
առած)
Տուր
առաջ
ձեռքդ
պագնիմ,
քեռի՛։
ԺԶ
—
Աստուածդ
կը
սիրես
նը,
մի՛
ըներ,
լսէ
ինչ
կ’ըսեմ,
մոռնալ
չէր
ըլլիր.
տէ՛,
սը
մէկն
ըլ,
սը
երկուքն
ըլ,
ճանբորդին
էտէթն
է։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Էս
զոգն
ըլ
Ակոբին
կենացը.
մնաք
բարի.
(խմելէ
յետոյ),
աս
իրկուն
անպատճառ
մեր
տունը
ըլլիս,
քեռի՛։
ԺԶ
—
Դուն
անհոգ
եղիր,
քանի
չեմ
մեռեր։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Է՛հ,
ալ
կենալ
չըլլիր,
սիրելիներս,
շատ
սպասեցի։
ԺԶ
—
Երթաս
բարի
արթըխ։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Ա՛խ,
ա՜խ,
նէլէրտէն
այրըլտըխ։
ԺԶ
—
Բայց՝
չէ,
Կարապետ,
ուզես
չուզես
տախխայ
մը
տ’սպասես,
Մաննիկը
ահա,
Գիրգորն
ըլ
հետը
բերեր
է,
որ
անգամ
մըլ
տեսնուիք։
(Կինը
նորածինը
գիրկը
առած
սգաւորի
քօղքով
ու
քալուածքով
դէպի
էրիկը
կը
յառաջանայ
մէկ-երկու
ազգական
կնիկներու
մէջտեղ)։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Ես
պատուիրեցի
որ
անգամ
մըլ
դուրս
չելլան,
ինչո՞ւ
եկան,
ո՛վ
ըրաւ
այսպէս։
ԺԶ
—
Վնաս
չունի,
եէկէն
աղաս,
ասոր
ըլ
պատճառը
ես
եղայ.
ատէթ
է,
ի՛նչ
ընես,
անգամ
մըլ
տեսնուեցէք։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
(Կինը
քովը
կեցած
հեծկտուքներու
մէջ)
Կտրիճ
եղիր,
Մաննիկս,
անանկ
բաներ
մի՛
ըներ։
ԺԶ
—
Քիչ
մը
անդին
տար,
առանձին,
կրնայ
ըլլիլ
օր
Մաննիկն
ըլ.
(Կարապետ
կնկան
հետ
քիչ
մը
անդին
մեկուսանալու
շարժումի
մէջ)։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Քեզի
ու
Գիրգորիս
համար
կ’երթամ…
տուր
պզտիկս
անգամ
մ’ալ
համբուրեմ.
մուխէթ
եղիր.
հոգ
տար
որ
շուտ
մեծնայ.
ամէն
շաբթու
գրէ
իր
վրայ,
լեզուն
ելլալուն
առաջին
բառը
քու
շատ
կարեւոր
գրելիքդ
պիտի
ըլլի։
ԿԻՆԸ
—
Ա՛խ,
ա՛խ։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Ատոր
ատենը
չէ
հիմա,
հաւատա
որ
անձնուէր
էրիկ
մը
ունիս։
ԿԻՆԸ
—
(Ցած
ձայնով)
Գիտեմ…
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Միշտ
երազներուս
մէջ
պիտի
ապրիս,
ցորեկն
ալ
ես
զիս
քու
յիշատակովդ
տինճ
պիտի
պահեմ։
ԿԻՆԸ
—
Ի՛նչպէս
հաւտամ
թէ՝
քու
շուքէդ
հեռու,
ես
հոս
ողջ
պիտի
մնամ։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Վստահ
եղիր,
Աստծու
ապաւինիր։
ԿԻՆԸ
—
Պզտիկս
եղաւ
չեղաւ,
որբ
մը…
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Անանկ
չէ,
այնպէս
մի՛
խօսիր։
Շատերն
ինչպէս,
դուն
ալ
այնպէս
Մաննիկ։
Գիրգորը
ոտքը
ելլայ
չելլայ,
երկուքդ
ալ
հոն
պիտի
կանչիմ։
ԿԻՆը
—
Թող
հոս
մնայիր,
թող
մենք
ալ
մէկտեղ
հող
ու
քար
ուտէինք.
հոգի՛ս,
դեռ
հարս
մըն
եմ,
դեռ
կարմիր
հինան
ձեռքէս
չէ
գացեր.
չըլլի՞ր
որ
որոշումը
փոխես,
կամ
մեզ
ալ
հետդ
տանիս,
կը
մեռնի՜մ…
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Ճանբորդ
մը
ինտո՜ր,
ա
կնի՛կ,
ճանբայ
ելլողը
ա՛լ
ետ
չի
դառնար,
աղւոր
սիրտ
ունիս,
բայց
աղւոր
չես
խորհիր։
Է՛ն
ճակտին
գիրը,
որ
իմս
է
քուկդ
ալ
է,
կ’երթամ
որ
արժանի
ամուսին
մը
մնամ
քեզի.
կ’երթամ
որ
ձեզ
ապրեցնեմ,
խելքդ
տեղ
չըներ
թէ՝
աշխարհքը
ի՛նչքան
նեղ
է։
ԿԻՆԸ
—
Աւելի
աղէկ
որ
ես
մեռնէի։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Դուն
ապրիր,
որ
աղւոր
աղւոր
գրեր
գրես,
դուն
ասկէ
վերջը
խաթուն
մը
պիտի
ապրիս,
հոգ
տար
որ
ծերուկ
մայրս
քեզի
ալ
մայր
ըլլար,
անոր
մխիթարութիւնը
եղիր։
ԿԻՆԸ
—
Հիմա
ինչո՛ւ
պարծենայի։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Աֆէրիմ,
գիշերն
ալ
ցորեկն
ալ
աչքերդ
պզտիկիս
վրայ
բանաս։
ԿԻՆԸ
—
Աստուած
արդէն
այդչափ
մխիթարութիւն…
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Դուռ
դրացնի
հետ
աղէկ
ապրիր.
աս
ան
տուները
չըլլի
չըլլի
որ
ոտք
դնես։
ԿԻՆԸ
—
Միայն
մարանցս,
միայն
փեսենցս։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Չէ՛
չեմ
ուզեր,
ո՛չ
մարանց,
ո՛չ
փեսենց։
ԿԻՆԸ
—
Աղբրանցդ։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Անոնց
ալ
չէ։
ԿԻՆԸ
—
Երբեմն
կնքահայրենց,
անոնք
մեզ
շատ
կ
’ուզեն։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Հոն
ալ
չէ,
Մաննիկ։
ԿԻՆԸ
—
Տէրտրա՞նց
ալ
չէ։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Հոն
բնաւ
չէ,
երբե՛ք։
ԿԻՆԸ
—
Ըսել
կ’ուզես
մենք
մեր
բոյնին
մէջ,
միայն
բրշակը…
ես
աս
ըսածներուդ
ալ
տակը
չեմ
հասկնար։
ՃԱՆԲՈՐԴ
—
Դուն
շա՛տ
բան
չես
հասկնար
արդէն,
ատոր
ի՛նչ
կասկած,
աշխարհ
ապականութիւն
մըն
էր,
հոգիս,
հէչ
չի
լսեցի՞ր
թէ՝
ինչերու
հանդիպեցան
ուրիշներ,
որ
ազգական
բարեկամ
եւն.
ճանչնալով
անոնց
հետ
մտերիմ
յարաբերութեան
մը
մէջ
եղան։
ԿԻՆԸ
—
Մեղա՜յ,
մեղա՜յ…
(Ձայներ)
—
Շատ
երկնցուցիր
Կարապե՛տ,
վերջ
տուր,
ատոր
ետքը
չի
գար,
ա
պապամ։
Վերջին
գիրկընխառնումէ
մը
յետոյ
կնկանը
հետ,
ճանբորդը
կը
զատուի
բոլորէն
ու
ճանբայ
կ’իյնայ,
դէպի
կինն
ու
միւս
ճանբեցողները
անձուկով
եւ
կարօտով
յետըսկոյս
նայուածքներ,
հառաչանք
ու
հեծկլտուքներ,
հեռուէն
անգամ
մըն
ալ,
մնա՛ք
բարի,
մնա՛ք
բար…
։
(Ձայներ
անոր
հասցէին
ու
հովերուն
յանձնուած)
—
Երթա՛ք
բարի,
երթա՛ք
բարի,
Տէրը
հետերնիդ
ըլլի։
«Արեւելեան
Մամուլ»,
1905